Յարութիւն Չաքմաքճեան
Յարութիւն Չաքմաքճեան | |
---|---|
Ծնած է | 20 Հոկտեմբեր 1878 կամ 1879 |
Ծննդավայր | Ատանա, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 22 Մայիս 1973 կամ 21 Մայիս 1973 |
Մահուան վայր | Jamaica Plain, Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ուսումնավայր |
Հարուըրտ Համալսարան Հարուըրտ Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան, գրագէտ, Խմբագիր, քիմիկոս |
Աշխատավայր |
Թաֆթս Համալսարան Հայրենիք |
Վարած պաշտօններ | գլխաւոր խմբագիր |
Երեխաներ | Ալան Յովհաննէս |
Յարութիւն Չաքմաքճեան (20 Հոկտեմբեր 1878 կամ 1879, Ատանա, Օսմանեան Կայսրութիւն - 22 Մայիս 1973 կամ 21 Մայիս 1973, Jamaica Plain, Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ գրող եւ խմբագիր։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած Ատանա, ուրկէ գացած է Կիպրոս 1901-ին, ու Միացեալ Նահանգներ գաղթած 1904-ին։
Սիամանթոյի խմբագրական պարտականութիւնները իր վրայ առնելով՝ 1908-1912 թուականներուն Չաքմաքճեան «Հայրենիք»ի խմբագրութիւնը կատարած է[1]։
Համալսարանական ուսման մէջ հետեւած է տարրաբանութեան ճիւղին, զոր քանի մը տասնամեակ դասաւանդած է Թաֆց Քոլէճին մէջ, մինչեւ 65 տարիքը։
Չաքմաքճեան հեղինակն է հայոց պատմութեան ստուարածաւալ հատորի մը եւ նոյնքան բարձրորակ անգլերէն-հայերէն բառարանի մը։ Վերջին տարիներու Չաքմաքճեան գրեթէ կորսնցուցած էր տեսողութիւնը եւ բարեկամներն ու ընկերները ընթերցումներ կը կատարէին իրեն։
Երաժշտագէտ-երգահան Ալան Յովհաննէս Յարութիւն Չաքմաքճեանի միակ զաւակն է[2]։
Յարութիւն Չաքմաքճեան կը մահանայ 1973 Մայիս 21-ին։
Աշխատասիրութիւններ եւ հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1917-ին, Պոսթընի մէջ կը հրատարակէ «Ընդարձակ Պատմութիւն Հայոց» ծաւալուն աշխատասիրութիւնը (692) էջ, որ կ՛արժանանայ մէկէ աւելի հրատարակութեանց:
Իր գրչին կը պատկանի նաեւ «Ընդարձակ Բառարան Հայերէնէ Անգլերէն» երկասիրութիւնը (1424) էջ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ընդարձակ Բառարան Անգլիերէնէ-Հայերէն, Փրոֆեսօր Յարութիւն Յովհաննէս Չաքմագճեան։ Երան Գրատուն, Պոսթըն, 1922։