Յակոբ Սիմոնեան

Յակոբ Սիմոնեան
Ծնած է 9 Յունիս 1949(1949-06-09) (74 տարեկան)
Ծննդավայր Ախալցխա, Վրացական Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն հնաբան, պատմաբան, հայագէտ

Յակոբ Սիմոնեան (9 Յունիս 1949(1949-06-09), Ախալցխա, Վրացական Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ հնագէտ, պատմաբան, հայագէտ։ Եղած է Հայաստանի Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէնը:

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Վրաստանի Ախալցխա քաղաքը՝ մանկավարժներու ընտանիքի մէջ։ Իր ծնելէն ետք Սիմոնեաններու ընտանիքը տեղափոխուած է Հայաստանի Վանաձոր քաղաքը։ 1973 թուականին Յակոբ Սիմոնեան ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան կաճառի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժին:

Համալսարանի մէջ ուսումնառութիւնը աւարտելէ ետք աշխատած է Յուշարձաններու վերականգնման յատուկ գիտա-արտադրական արուեստանոցին մէջ, որպէս կրտսեր գիտաշխատող:

1974-1988 թուականներուն Երեւանի Պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ նախ որպէս կրտսեր, ապա աւագ գիտաշխատող եղած է:

1984 թուականին Սեն Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու ակադեմիայի Հնագիտութեան կաճառին մէջ ուսուցում եւ գիտական պատրաստութիւն անցնելէ յետոյ պաշտպանած է թեկնածուական թեզը, գիտական մեծ ճանապարհ անցած է նաեւ արուեստագիտութեան բնագաւառէն ներս:

Հնագէտի կեանքի կարեւոր մասն են պեղումները: Յակոբ Սիմոնեան, արշաւախումբերու հետ, Վերին ու Ներքին Նաւեր տարածքներէն զատ պեղումներ կատարած է Աղցքի հայոց արքաներու դամբարանին, Շէնգաւիթի քաղաքատեղիին, Աշտարակի բերդշէնի, Ծիծեռնավանքի, Ամուլ սարի հնավայրերու, Լոռէ բերդաքաղաքի, Կարմիր բլուրի դամբարանադաշտին, Չիչխանավանքի, Աղթամիրի քաղաքատեղիի, Ներքին Սասնաշէն բնակատեղիի ու բազում այլ հնավայրերու մէջ:

Գիտնականը հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր, աշխատութիւններ, յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին թէ՛ պեղումներու արդիւնքներուն, թէ՛ Հայաստանի զանազան եկեղեցիներու, պատմական յուշարձաններու[1][2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]