Յակոբավանք
Յակոբավանք հայկական վանական համալիր, որ կը գտնուի Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Մեծ Առանք (հետագային կոչուած է նաեւ Ներքին Խաչէն) գաւառին մէջ: Ներկայիս՝ Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի, Քոլատակ գիւղէն 1,5 Քմ հիւսիս ինկած անտառախիտ լեռնաբազուկին վրայ: Պատմական գրականութեան մէջ յայտնի է նաեւ Մեծառանից վանք անունով:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանքին հիմանդրման եւ առաջին շէնքերու կառուցման թուականները յայտնի չեն: Արձանագրութիւններէն ամենահինը փորագրուած է խաչքարի մը պատուանդանին վրայ, որ հետագային տեղադրուած է եկեղեցւոյ պատին մէջ իբրեւ շինաքար եւ կը վերաբերի 853-ին[1]: Միւս գրաւոր տեղեկութիւնը կը գտնուի Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանի յիշատակարաններէն մէկուն մէջ: Հոս, մագաղաթին մէջ գրուած է, թէ Ս. Յակոբայ վանքին եկեղեցւոյ կառուցողները եղած են Հասան-Ջալալի ծնողները՝ Վախթանգն ու Խորիշահը:
Խորիշահն իր արձանագրութեամբ կը պատմէ[2][3]. .
«…Վերստին շինեցի զեկեղեցին Մեծառանից ի փրկութիւն հոգոյ իմոյ, ի բարեխաւս յիշեցէք»: |
Յակոբավանքը Խոխանաբերդի ճիւղի հոգեւոր կեդրոններէն եղած է: «Վերստին շինեցի» արտայայտութիւնը օգտագործուած է վերակառուցման եւ նորոգման իմաստով: Նորոգողները նախկին շինութիւններու քարերը ցաքուցրիւ տեղադրած են. գերեզմանաքարերը՝ պատերու մէջ, խաչքարերը առաստաղին: Արձանագրութիւն պարունակող, յղկուած քարերը՝ անկիւնները: Շինութիւնները կարկտանի տպաւորութիւն կը ձգեն: Յակոբավանքը, բացի 1212-ի վերակառուցումէն, հետագային, մօտաւորապէս ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն, նոյնպէս նորոգուած է: Այդ մէկը կը հաստատէ արձանագրութիւններէն մէկը.
«Նորոգեցաւ ի թուին հայոց: ՌՃԽ (1691 թուական), ձեռամբ Գրիգոր եպիսկոպոսին» - Դիւան հայ վիմագրութեան, էջ 11
|
Վանքին հարաւային եկեղեցւոյ արեւելքին կից բնակելի շինութիւնը ըստ արձանագրութեան կառուցուած է 1725-ին (ՌՃՀԴ): Յակոբավանքին կառուցման հիմնական ժամանակագրական փուլերը իրարու կը յաջորդեն Թ.(թերեւս եւ Է.) դարու սկիզբներէն մինչեւ ԺԸ. դարու վերջը: Վանական համալիրին կառոյցներուն մեծ մասը ստեղծուած է ԺԲ.- ԺԳ. դարերուն:
Ճարտարապետութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբավանքի համալիրին առաջին եկեղեցին երկարաւուն (7,80 մ X 3,20 մ չափերով) ուղղանկիւն միանաւ դահլիճի ձեւով շինութիւն մըն է: Իր տեսքով անիկա շատ կը նմանի Ղեւոնդաց անապատին: Եկեղեցւոյ բեմը սովորականէն շատ բարձր է եւ հոն կարելի է բարձրանալ միայն հարաւային կողմի աստիճանով: Եկեղեցւոյ հիւսիսային կողապատին ետեւ գտնուող չորս փոքրիկ (1,30 մ X 1,30 մ) քառակուսի խուցերու՝ ճգնարաններու եւ անոնց դէպի աղօթասրահ բացուող մուտքերուն առկայութեամբ կարելի է բարձրանալ կիսաշրջանաձեւ մասը: Ճգնարաններէն արեւելեանը մտնելու համար պէտք է անցնիլ աւագ խորանին տակէն: Այդ պատճառով ալ բեմը բարձր է: Ճգնարաններուն (եւ գաղտնարաններու) գոյութիւնը բաւարար հիմք կու տայ ըսելու, որ հոս եղած է հին կառոյց մը, որ «վերստին շինուեցաւ» ԺԳ. դարուն: Եկեղեցւոյ մուտքին արձանագրութիւնը ամէնէն արժէքաւորն է վանքին արձանագրութիւններուն մէջ.
Եկեղեցւոյ արեւմտեան ճակատը եռակամար սրահ-գաւիթին յարդարանքին կեդրոնն է: Դադիվանքին եւ Տաթեւի համանման սրահներուն պէս առջեւի պատին փոխարէն ունի եռակամար բացուածք մը, ընդ որում երկու սիւները եւ անոնք զիրար ու պատերուն հետ կապող կամարները սրբատաշ են, հետաքրքրական, եւ ընդհանուրին մէջ հաճելի տպաւորութիւն մը կը ձգեն:
Գաւիթին սրահը աչքի կը զարնէ բազմաթիւ խաչքարերու, աւելի քան երկու մեթր մեծութեամբ գերեզմանաքարերու եւ վիմագիր սալաքարերու օգտագործումով: Հոս խաչքարերը վարդագոյն են, տապանաքարերը՝ մոխրագոյն պատերը՝ կապտաւուն, վիմագիր սալերը՝ կաթնագոյն, իսկ արեւու ժամացոյցը քանդակուած է բաց նարնջագոյն քարին վրայ:
Եռակամար սրահին հիւսիսային ամբողջ երկարութեամբ կ'երկարի երկրորդ եկեղեցին: Անիկա նոյնպէս պարզ, միանաւ, ուղղանկիւն (8,00 մ X 3,4 մ) դահլիճ մըն է:
Եկեղեցին հարաւային մուտքով կապուած է եռակամար սրահին, իսկ արեւմտեան բացուածքով միացած է գաւիթ-ժամատան: Եռակամար սրահը ընդհանուր է երկու եկեղեցիներուն համար եւ իր բարձրութեամբ հաւասար է անոնց: Գաւիթ-սրահը եկեղեցիներու ծաւալային յօրինուածքին բնութեան էութիւնը կազմող մասն է, իսկ սրահին եռակամար ճակատը՝ եկեղեցիներուն գլխաւոր ճակատը: Այդ տեսակէտէն Ս. Յակոբայ վանքը ճարտարապետական որոշ հետաքրքրութիւն ներկայացնող յուշարձան մըն է:
Համալիրին մէջ, յատուկ տեղ կը գրաւէ գաւիթ-ժամատունը: Յայտնի է, որ հայկական ճարտարապետութեան մէջ գաւիթները սկսած են հանդէս գալ Ժ. դարէն: Կարելի է վստահ ըսել, որ Յակոբավանքին գաւիթ-ժամատունը հնագոյններէն մէկն է: Սովորաբար գաւիթները, որոնք գոյութիւն ունին բոլոր վանքերուն մէջ, գլխաւոր եկեղեցւոյ արեւմտեան ճակատին կից կը գտնուին: Սակայն այս գաւիթը կից է փոքր եկեղեցւոյ եւ անոր միացած է երկուքուկէս մեթր երկարութեամբ միջանցքով մը: Եկեղեցւոյ եւ գաւիթին միջեւ գտնուող միջանցքը եզակի կառոյց մըն է: Ինչպէս գաւիթը, նոյնպէս ալ միջանցքը եկեղեցւոյ հետ կ'օգտագործուէր ծիսակատարութիւններու համար, քանի որ աղօթասրահը փոքր էր: Ուստի միջանցքն ու գաւիթը կը դառնային այդ տարածութեան շարունակութիւնը: Գաւիթը ծառայած է իբրեւ ժողովատեղի, դամբարան: Ատիկա կը վկայեն գաւիթին տապանաքարերը: Գերեզմանաքարեր կան նաեւ եռակամար սրահ-գաւիթին մէջ: Մեծ, կանոնաւոր յարդարուած մահարձաններու տապանագիրերէն կ'երեւի, որ հոն թաղուած են «Ոհանէս… Առըստակէս… Սիմէոն» կաթողիկոսները եւ «Սիմէոն, Վարդան » եպիսկոպոսները:
Պատմական գրականութենէն, ձեռագիր աղբիւրներէն յայտնի է, որ Յակոբավանքը Հայոց հեղինակաւոր ուխտատեղիներէն էր, եղած է եպիսկոպոսանիստ եւ երբեմն ալ կաթողիկոսանիստ (որու փաստը գերեզմանաքարերն են): Անիկա եղած է նաեւ Խաչէնի ուսումնական ու գրչական կարեւոր կեդրոններէն մէկը:
Գաւիթին երկու կողմերը դրուած են մէկական շքեղ խաչքարեր: Հիւսիսային պատին կից խաչքարը, արձանագրութեան համաձայն, կանգնած է 1223-ին, իսկ հարաւայինը մէկ տարի ետք՝ 1224-ին: Չորս խաչքար ալ օգտագործուած է միջանցքին արեւմտեան լուսամուտին կողապատերուն իբրեւ շինաքար: Անոնք նոյնպէս զարդաքանդակուած եւ վիմագրուած են: Ու թէեւ չեն պահպանուած խաչքարերու թուագրութիւնները, այդուհանդերձ քանդակազարդերը, խաչթեւերու յարդարումը եւ փորագրութիւնները աղերս ունին ԺԲ.-ԺԳ. դարերու համանման յուշարձաններուն հետ:
Գաւիթը անսիւն, խաչուող կամարներով կառոյց մըն է՝ գրեթէ քառակուսի (7,00 մ X 7,6 մ) սրահով: Բացի արեւելեան լայն բացուածքէն գաւիթը հարաւարեւմտեան մասին մէջ ալ մուտք մը ունի: Լուսամուտերը թիւով երեք են, երկուքը՝ հարաւային, մէկը՝ արեւմտեան կողապատերուն մէջ: Հիւսիսային պատը խուլ է, անիկա միաժամանակ պարսպապատին յաւելուածը կը հանդիսանայ: Գաւիթին պատին մէջ ագուցուած մէկ խաչքարին արձանագրութիւնը կը կրէ 1212 թուականը, իսկ երկրորդ եկեղեցւոյ հարաւային մուտքի ճակատին վիմագիրը՝ 1293 թուականը:
Սակայն վանքը միայն եկեղեցիներէ ու գաւիթներէ չէ բաղկացած: Պարսպապատերուն պարագիծին մէջ ներառուած վանական տարածքին մէջ գտնուած են զգեստներ, մագաղաթեայ ձեռագիրներ պահող մատենադարան, բուխերիկներով տաքցող բնակարաններ եւ ինչպէս Տաթեւի վանքին մէջ՝ դէպի անդունդ կախուած պատշգամներով մեկուսարաններ: Գոյութիւն ունեցած է սեղանատուն, խոհանոցով հանդերձ, ձիթհանք՝ քնջութի իւղ ստանալու համար, բազմաթիւ մթերանոցներ, ախոռներ, ջրաւազաններ եւ թոնիրներ: Այսօր այդ շինութիւնները կարելի է կանգուն տեսնել, խաթարուած եւ աւերուած վիճակի մէջ: Տնտեսական եւ բնակելի կառոյցները կը վկայեն Ս. Յակոբայ վանքին մեծաթիւ միաբանութեան մասին:
Վանականներու կացարանները ըստ արձանագրութիւններու եւ ոճական առանձնայատկութիւններու կառուցուած են ԺԷ.-Ժը. դարերուն: Բնակելի մասը բաղկացած է շարք մը սենեակներէ, որոնք համախմբուած են մէկ ընդհանուր միջանցքի մը շուրջը: Վերջինիս դիմաց, պարսպապատին հարաւարեւելեան անկիւնը կը գտնուի սեղանատունը: Անիկա արդէն փլած է, բայց կողապատերը դեռ կը պահպանուին: Սեղանատան հարաւային մուտքը միաժամանակ ծառայած է իբրեւ պարիսպի երկրորդ՝ օժանդակ դարպաս: Երկյարկ սենեակներու յաջորդ խումբը, որոնց մէկ մասը ամբողջական տեսքով կը պահպանուի, կառուցուած է գլխաւոր դարպասին աջ եւ ձախ կողմերուն մէջ:
Վանքին հիւսիսարեւմտեան կողմը, թաւուտ անտառին մէջ կը գտնուի վանքին աղբիւրը: Միւս՝ «Թթու ջուր» հանքային աղբիւրը վանքին բլուրին ստորոտը կը գտնուի՝ Թբլղու գիւղին քով: Հոն կը գտնուի նաեւ Նատարին բերդը: