Խոխանաբերդ
Բնակավայր | |
---|---|
Խոխանաբերդ | |
Երկիր | Արցախ |
Շրջան | Մարտակերտ |
Հիմնադրուած է՝ | 13-րդ դար |
Հիմնադիր | Ջալալ Ա․ |
Խոխանաբերդ, Խաւախան, Խոյախան, բերդ Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Ներքին Խաչէն գաւառին մէջ, Խաչէնագետի աջ ափին, ժայռաբլուրին վրայ, ներկայիս Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի Վանք գիւղէն 4 քմ հարաւ-արեւմուտք։
Յիշատակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հ. Ջալալեանց[1][2] ամրոցը կ'անուանէ Թարխանաբերդ:
Կիրակոս Գանձակեցի «Պատմութիւն Հայոցի»ն մէջ, ամրոցին մասին կ'անդրադառնայ մոնկոլներու արշաւանքներուն մասին խօսելով, ինչպէս նաեւ Գանձասարի վանքին կառուցման անդրադառնալով[3]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրիգոր Տէր Յովհաննիսեանց Խոխանաբերդին կառուցումը կը վերագրէ Սահլ իշխանին[4], ամրոցէն հիւսիս, Խաչէնագետի ափին գտնուող հարթ եւ բաւական ընդարձակ տարածութիւնը կը կրէ անոր անունը՝ Սահլատափ (Սահլի հող)։ Հոս գործած է Սահլ Սմբատեան Առանշահիկ իշխանը, որ Շիկաքարի տէրն էր, որու մատոյցներուն մէջ 837-ին կը բռնէ «մարդախողխող, աշխարհաւեր, արիւնարբու գազան[5]) Բաբեկը եւ կը յանձնէ արաբներուն։
Ամրոցին մասին Ժ. դարէն յիշատակութիւններ յայտնի չեն։ ԺԱ. դարու երկրորդ կիսուն Խաչէնի մէջ իրենց տիրապետութիւնը կը հաստատեն սելճուք-թուրքերը, այնուհետեւ սելճուք-թուրքերէն իրենց անկախ հռչակած ամիրաները (ԺԲ. դարու երկրորդ կէս)։ Խոխանաբերդը Ներքին Խաչէնի վարչական կեդրոնն էր։ Ամրոցին մէջ նախ կ'իշխէին՝ Գրիգոր[6], ապա՝ Վախթանգ[7] իշխանները։
1220-ական թուականներուն կը սկսին Ջալալ-էլ-Տինի ասպատակութիւնները։ Արաբական աղբիւրները (Իպն Խալթուն) կը հաղորդեն, որ 1227-ին Ջալալ-էլ-Տինի վեզիր Շարաֆ ալ-Մուլքը, հարկահաւաք կատարելով, կը մօտենայ Խաչէն-Կաչաղակաբերդին[8]։ Հոս գտնուող Զալալ իշխանը ստիպուած էր 20.000 տինար փրկագին վճարել եւ ազատել շուրջ 700 գերի:
Խոխանաբերդը Ներքին Խաչէնի տէր Հասան Ջալալեաններու գլխաւոր ամրոցն էր։ Ներքին Խաչէնի իշխանութիւնը յաճախ անոր անունով կոչուած է «Խոխանաբերդի Վախթանգեաններու» իշխանութիւն, ի տարբերութիւն Հաթերքի վախթանգեաններու իշխանութեան։ Գոյութիւն ունեցած է վաղ միջնադարէն։ Սելճուք թուրքերու արշաւանքներու ատեն (ԺԱ. դար) Խաչէնի իշխանները հոս կ'ամրանային եւ կը դիմադրէին օտար նուաճողներուն։ ԺԲ. դարու առաջին կիսուն երկու անգամ աւերուած է։ Հասան-Ջալալ Ա. ԺԳ. դարու առաջին կիսուն նորոգած է եւ կառուցած նոր պարիսպներ, կացարաններ ու մթերանոցներ։ Մոնկոլներու արշաւանքներուն եւ ասպատակութիւններուն ատեն գաւառին բնակչութեան մեծ մասը հոն ապաստանած եւ պաշտպանուած է։ Վերջնականապէս աւերուած է ԺԵ. - ԺԶ. դարերուն ակ-կոյունլու եւ կարա-կոյունլու թուրքերու արշաւանքներուն ատեն։ Կը պահպանուին պարիսպներու եւ շինութիւններու մնացորդները։
Տեղին նկարագրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամրոցին կեդրոնական մասը կ'ընդգրկէ Խոխանա ժայռագագաթը՝ իր շրջակայքով: Հոս, ժայռազանգուածին հարաւային կողմը (անոր թիկունքին), կիսահարթ լանջ-սարավանդակին վրայ, որու հարաւային հատուածները կը կազմեն լեռնազանգուածին շարունակութիւնը, տեղադրուած է Խոխանաբերդ պատմական ամրոց-բնակավայրը՝ շրջապատուած լեռնագագաթներով ու ժայռապատնէշներով, ինչպէս նաեւ՝ դարաւոր անտառով։ Սարավանդակը հարաւէն եւ մասամբ արեւելքէն կ'աւարտի անդնդախոր ձորերով, որոնք ալ աւելի անառիկ կը դարձնեն ամրոցամերձ տարածքը։ Տեղին ընտրութիւնը պատահական չէր. հայ իշխանները, աւելորդ արիւնահեղութիւններէն խուսափելու նպատակով, ստիպուած էին ժողովուրդը պատսպարել անմատչելի, դժուարագնաց լեռներուն մէջ, որպէսզի կարենային յաջողութեամբ պայքարիլ թշնամիներուն դէմ եւ անով իսկ ազատ պահել երկրամասը։
Ամրոցին նկարագրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այժմ բնակատեղէն կը պահպանուին տուներու մնացորդները՝ ծածկուած հողի շերտերով։ Կացարաններու թիւը կ'անցնի յիսունը: Առանձին սենեակները յառաջապահ եւ պաշտպանական նշանակութիւն ունէին։ Բնակատեղիին արեւելեան կողմը տեղադրուած բնակարանը, որ ունի քառակուսի յատակագիծ մը (չափերը՝ 6 մեթր x 6 մեթր), նպատակ ունէր պաշտպանել ամրոցամերձ արեւելեան դժուարամատչելի մուտքը: Տուն-կացարանները ներսի բնակարաններու համեմատութեամբ կառուցուած են բաւական մեծ քարերով եւ ունին 1.20 մեթր հաստութիւն:
Բնակատեղին, որ կ'ընդգրկէ շուրջ 0.5 հեկտար եւ կը տարածուի ամրոցին երկու ժայռագագաթներուն ստորոտը, հարաւ-արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ դիրք մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ պահպանելու դէպի գլխաւոր ամրոց՝ Խոխանա քար տանող մուտքը։
Խոխանաբերդին արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան հատուածներուն մէջ կը տարածուին վարուցանքի համար յատկացուած ոչ մեծ տափարակները (ժայռազանգուածին ստորոտը մնացած են ընդեղէնի եւ ցորենի քանի մը հորեր), դէպի արեւմուտք՝ գերեզմանոցը եւ աղբիւրը, որ կը կրէ Ռուզանի (Հասան Ջալալի աղջկան) անունը։
Խոխանաբերդ ամրոցին գլխաւոր ժայռագագաթը Խոխանա քարն է՝ միջնաբերդը, որ տեղադրուած է լերան արեւմտեան եզրին։ Ամրոցակալ ժայռին բարձրութիւնը շուրջ 100 մեթր է։ Միակ մուտքը արեւելեան կողմէն է:
Կածանը, որ վիմափոր է եւ 2-էն 3 մեթր լայնք ունի, կը տանի ամրոցին վերնամասը, որու մակերեւոյթը բաւական հարթ է եւ կ'ընդգրկէ ոչ մեծ տարածութիւն մը՝ շուրջ 250 մ2:
Ջուրը Խոխանաբերդին եւ ընդհանրապէս ամրոցներուն համար ունեցած է առաջնահերթ նշանակութիւն մը։ Պաշարման ատեն, որպէսզի թշնամին չկարենայ խափանել ջրամատակարարման գործը ամրոցին վրայ, ժայռագագաթին արեւմտեան կողմը, իրարու կից փորուած են երկու վիմափոր ջրամբարներ։ Աոաջինին երկայնքը 3.85 մեթր է, լայնքը՝ 2.95 մեթր, խորքը 2.5 մեթր (հողածածկ է)։ Երկրորդին չափերն են՝ 3 մեթր երկայնք, 3.3 մեթր լայնք եւ 2 մեթր խորք:
Ջրամբարէն արեւելք հաւանաբար իշխանական տան մնացորդներն են։ Նշուած բոլոր ջրամբարները կառուցուած են անձրեւաջուրերու հաւաքման համար եւ կարեւոր նշանակութիւն ունէին յատկապէս պատերազմներու ատեն, երկարատեւ պաշարման պայմաններու պարագային։
Խոխանաբերդ ամրոցին գլխաւոր ժայռագագաթը երկրամասին ռազմապաշտպանական կարեւոր դեր ունեցող ազդանշանային կեդրոնական դիտակէտն է։ Ամրոցին հարաւ-արեւմտեան կողմը, շուրջ 10 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Կաչաղակաբերդը, անկէ անդին՝ Քիրսի լեռնաշղթան՝ Շուշին իր շրջակայքով, Թարթառ գետի հովիտը, արեւելքէն՝ Խաչենագետի ստորին հովիտին մէջ՝ Ուրախաչի Ս. Գէորգի սարը, իսկ անկէ արեւելք՝ Շիկաքար ամրոցին արեւմտեան եւ հիւսիսային հատուածները, ընդհուպ մինչեւ Տիգրանակերտ։ Հիւսիսային կողմը Մռաւի Լեռնաշղթային լեռնազանգուածն է, որմէ հարաւ եւ հարաւ-արեւմուտք՝ Հաթերք, Ականայ, Հաւքախաղաց եւ այլ ամրոցները կան։ Արեւմտեան կողմը, Խաչէնագետի վերին հոսանքին ուղղութեամբ պատմական Ծոր սահմանամերձ գաւառին արեւելեան տարածքներն են, ինչպէս նաեւ՝ Բերդաձոր գաւառի հիւսիսային հատուածները։ Ամրոցին արեւելեան եւ հիւսիսային կողմերը, շուրջ 400-500 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին ազդանշանային համակարգի միւս կարեւոր կէտերը, որոնք պէտք է հսկողութեան տակ պահէին Խաչէնագետի ձորահովիտը՝ արեւելք արեւմուտք ուղղութեամբ։
Աւանդութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ աւանդութեան՝ Ջալալ Տոլուին լուր կը բերեն, թէ «կնեկդ խոխան բերալ ա»։ Իշխանը ի պատիւ երեխային՝ բերդը կ'անուանէ Խոխանաբերդ[9]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հ. Ջալալեանց, Ճանապարհորդութիւն ի Մեծն Հայաստան, մասն Ա, Տփխիս, 1842 թուական, էջ 192
- ↑ Մ. Բարխուտարեանց, Արցախ, Պաքու, 1893 թուական, էջ 198-199
- ↑ Կիրակոս Գանձակեցի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1961, 269, 270, 313
- ↑ Գրիգոր Տէր Յովհաննիսեանց, Պաղտասար Մետրոպոլիտ Հասան Ջալալեանցի համառօտ կենսագրութիւնը (Փորձ, 1880, թիւ 5, էջ 133
- ↑ Մ. Կաղանկատուացի, Պատմութիւն Աղուանից, Երեւան, 1909, էջ 259
- ↑ Ղեւոնդ Ալիշան, Հայապատում, Վենետիկ, 1901 , էջ 387
- ↑ Բ. Ուլուբաբեան , Խաչէնի իշխանութիւնը Ժ.-ԺԱ. դարերուն., Երեւան, 1975, էջ 168
- ↑ Ղեւոնդ Ալիշան, Արցախ, Բազմավէպ, 1988, Ժ. 1-4, Էջ 268
- ↑ Թ.Խ. Յակոբեան, Ստ.Տ. Մելիք-Բախշեան, Հ.Խ. Բարսեղեան։ Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն, Երեւան, 1988։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կիրակոս Գանձակեցի, Պատմութիւն Հայոց, Ե., 1961