Մտորումներ Ժողովուրդի Մը, Հողի Մը Եւ Դատի Մը Մասին (գիրք)

Մտորումներ Ժողովուրդի Մը, Հողի Մը Եւ Դատի Մը Մասին, 1991-2007 ժամանակաշրջանի՝ Դոկտ. Երուանդ Քասունիին, թուղթին յանձնած եւ «Ջանասէր»-ի մէջ հրատարակուած խոհերու հաւաքածոյ մըն է «Մտորումներ ժողովուրդի մը, հողի մը եւ դատի մը մասին» խորագրեալ հատորը, որ լոյս տեսած է, 2016-ի Մայիսի սկիզբը, «Քէստէնեան» տպարանէն, Պէյրութ, 400 էջերով: Հեղինակը գիրքը ձօնած է տարագիր հայութեան սփիւռքի նոր սերունդներուն` յիշեցնելով.

Տարագիր հայութեան սփիւռքի մարտունակ եւ սթափ նոր ու նորագոյն սերունդներուն, որոնց սրբազան պարտքն ու առաքելութիւնն է Մեծ Երազի Ճամբուն վրայ յաղթարշաւի առաջնորդութիւնը[1]:
- Երուանդ Քասունի


Բովանդակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հեղինակը, որպէս մուտք, խորագիրով կը բացատրէ գիրքին հրատարակութեան դրդապատճառները: Նախ ներկայացնելով Ցեղասպանութիւնը, սփիւռքն ու 100-ամեայ գոյատեւման պայքարը, անդրադարձած է հարցականներու, ապա տուած՝ իրադրութիւն-հարցին իբրեւ լուծում` «ժամանակին հետ քայլ պահել» եւ «նորը անընդհատ նորոգել գալիքին նախազգացումով ու զայն դիմագրաւելու վճռականութեամբ»:

Հատորը բաժնուած է քանի մը բաժիններու, որոնցմէ ամենածաւալունն ու հիմնականը «Յիշելու եւ պահանջելու համար» բաժինն է, ուր հեղինակը խորապէս կը քննարկէ Հայ Դատին բնոյթն ու էութիւնը: Քասունի այնտեղ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի գործընթացքներուն, յատկապէս` Ֆրանսայի մէջ: Այս գործողութեան զուգահեռ կ՛ընթանայ հայոց պահանջատիրութիւնը, եւ շեշտը կը դրուի հայկական սփիւռքի դերին վրայ: Հեղինակը մէջբերած է սփիւռքահայ տարագիր խմբագիրի մը խօսքը.

Բայց պիտի ընդգծել, որ Հայ դատի իրաւական տէրը կը մնայ տարագիր հայութիւնը:


Հեղինակը Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը բնաւ զերծ չէ կացուցանած պահանջատիրութեան պարտականութենէն[2]:

Գիրքին յաջորդ գլուխները կը կազմեն «Եկեղեցի»ն՝ աղանդաւորներու իրավիճակը, եկեղեցին ազգային ծառայութեան մէջ եւ էքիւմենիզմի մասին. «Դպրոց»ը՝ դերը հայապահպանման աշխատանքին մէջ, եւ «Մշակոյթ»ը[3], ուր կան խոհեր` բարոյական արժէքներու:

Գիրքին մէջ կան երգիծանկարներ, զորս կը պատկանին Վրէժ Վ. Քասունիին:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]