Jump to content

Մուսա Լերան 100 տարիները (գիրք)

«Մուսա Լերան 100 տարիները» (անգլերէն՝ The Hundred Years of Musa Dagh), հայոց եւ հրեաներու ցեղասպանութեանց զոհերուն նուիրուած գիրք, հեղինակ՝ Եայիր Օրոն։

Անգլերէնով գիրքը հրատարակուած է Մոնրէալի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի Միացեալ մարմինին նախաձեռնութեամբ[1]: 106 էջ հաշուող գիրքի խմբագիրն է քանատահայ գրող Անուշ Ակներեանը[2]:

Բովանդակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքը կը բաղկանայ 11 ենթագլուխներէ։ Առաջինը կը կրէ «Իսկական պատմութեան իսկական հերոսը» խորագիրը։ Այստեղ հեղինակը լուսարձակի տակ առած է Մուսա Լերան հերոսամարտի զինուորական հրամանատար Մովսէս Տէր Գալուստեանի կեանքն ու քաղաքական գործունէութիւնը: Այս հատուածով Օրոն վկայութիւններ կը բերէ պատմաբան Աշոտ Ներսիսեանի` Կարօ Սասունիի մասին գրած աշխատութենէն:

Գիրքին յաջորդ ենթաբաժինով, սեղմ գիծերու մէջ կը ներկայացուի ֆրանսական նաւերուն միջոցով իրագործուած փրկութեան գործողութիւնը:

Յաջորդող ենթաբաժիններուն մէջ Օրոն խորքային մօտեցումով անդրադարձած է «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպի հեղինակ Ֆրանց Վերֆելի անձին ու գործունէութեան` շեշտելով, որ վէպը գրելու իր տարերքին մէջ Վերֆել տարիներով ուսումնասիրած է` պատմական արխիւներ, ականատեսներու վկայութիւններ, փաստաթուղթեր եւ լրագրական աղբիւրներ:

Գիրքին չորրորդ ենթաբաժինով Օրոն կը ներկայացնէ «Մուսա Լերան 40 օրեր»-ու առթած ազդեցութեան հոլովոյթը Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին հրէական սփիւռքին մէջ, յատկապէս` եւրոպական սփիւռքի գերմանական, աւստրիական եւ լեհական հրեայ գաղութներուն մէջ[3]: Միաժամանակ, 1934-ին, Թել Աւիւի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հրատարակուի վէպին եբրայերէն տարբերակը` Ժոզեֆ Լիխթենպոմի թարգմանութեամբ:

Օրոն կը գրէ, որ մահուան դէմ պայքարող մուսալեռցիներու ծառացումը լերան մը վրայ, Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն, հրեաներուն կողմէ կը վերածուի Մասսատայի բարձունքին վրայ ՔԱ. 70 թուականին Հռոմէական կայսրութեան դէմ իրենց ըմբոստութեան համարժէք պատմական եղելոյթի:

Հինգերորդ եւ վեցերորդ ենթաբաժիններով պատմաբան Օրոն արխիւային հարուստ շտեմարան մը բանալով` կը գրէ, թէ ինչպէ՛ս Վարշաւիոյ եւ Եւրոպայի տարածքին գտնուող հրէական թաղամասերու եւ կեթոներու դիմադրական շարժումներուն մէջ Վերֆելի վէպը խթան եւ ներշնչումի աղբիւր հանդիսացած է հրեայ ժողովուրդին Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, իսկ հրէական կեդրոնացման ճամբարներու մէջ յոյս ներշնչած` դէպի ստոյգ մահ գացող բազմահազար տառապեալներու:

Իր այս աշխատութեան մէջ Օրոն կը շեշտէ պատմական յիշողութեան կենսական գործը` հրեայ սերունդներու ազգային ժառանգութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ: Գիրքին եզրափակիչ բաժինով Օրոն կը մէջբերէ «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպի առաջին եբրայերէն հրատարակութեան առիթով գրուած Մոշէ Պէյլինսոնի գրախօսականին մէկ նախադասութիւնը` «Այս գիրքը սերունդներու համար գրուած գիրք է»:

Օրոն կը շարունակէ` գրելով, որ դժբախտաբար հրեայ ժամանակակից սերունդը անտեղեակ է մուսալեռցիներու մղած հերոսամարտէն: Ան անհրաժեշտ կը նկատէ Ֆրանց Վերֆելի վէպին ներառումը Իսրայէլի պետական կրթական ծրագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ` ուսումնական բարձրագոյն կրթարաններու պատմութեան բաժանմունքներու ծրագիրներուն մէջ, որովհետեւ Վերֆելի վէպը`

«Այնպիսի գրական երկ մըն է, որ կարողութիւնը ունի արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց արժէքները ուսուցանելու համայն մարդկութեան»:

Հայոց ցեղասպանութեան մասին աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքերը եւ պատմագիտական աշխատութիւնները՝

  • «Հայոց ցեղասպանութիւնն ու սիոնիզմը. անընդունելի անտարբերութիւն»,
  • «Կատարեալ անարդարութիւն. ցեղասպանութիւնը եւ հայութեան ունեցուածքի կողոպուտը»,
  • «Փրկիչներ եւ մարտիկներ»[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «The 40 Days of Musa Dagh: in Montreal» (անգլերէն)։ 2015-12-16։ արտագրուած է՝ 2022-02-03 [permanent dead link]
  2. 2,0 2,1 «Հրեայ Պատմաբան Եայիր Օրոնի «Մուսա Լերան 100 Տարիները» Գիրքը` Նոր Վկայութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-11-07։ արտագրուած է՝ 2022-02-03 
  3. Lebovic Matt։ «How Armenia’s 1915 ‘Musa Dagh’ fighters inspired Jews to resist Nazi genocide»։ www.timesofisrael.com (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-03