Jump to content

Եայիր Օրոն

Եայիր Օրոն
Ծնած է 30 Ապրիլ 1945(1945-04-30) (79 տարեկան)
Ծննդավայր Մանդատային Պաղեստին, Միացեալ Թագաւորութիւն
Քաղաքացիութիւն  Իսրայէլ
Ուսումնավայր Երուսաղեմի հրեական համալսարան?[1]
Թել Ավիվի համալսարան?[1]
Նոր Սորբոն համալսարան - Փարիզ III?[1]
Մասնագիտութիւն պատմաբան
Աշխատավայր Իսրայէլի Բաց Համալսարան
Կայքէջ openu.ac.il/Perso…(անգլերէն)

Եայիր Օրոն (30 Ապրիլ 1945(1945-04-30), Մանդատային Պաղեստին, Միացեալ Թագաւորութիւն), հրեայ պատմաբան եւ ցեղասպանագէտ։ Իսրայէլի Բաց համալսարանի փրոֆէսօր, ականաւոր մտաւորական։

Օրոն կը բնակի հրէական գիւղի մը մէջ, ուր կը գոյակցին հրեաներ եւ արաբներ․ «Naveh Shalom»-ը Իսրայէլի միա՛կ համայնքն է, ուր այս երկու ժողովուրդները քով-քովի համերաշխ կ'ապրին։

Փրոֆ. Օրոն Թել-Ավիվի համալսարանի դասախօս է, միաժամանակ հեղինակ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու: Ըստ անոր՝ հայերու ջարդը որքան կը հետաքրքրէ հայերը, նո՛յնքան ալ՝ հրեաները[2]:

Օրոն եղած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագով եւ այդ առնչութեամբ՝ քանի մը գիրքերու հեղինակ:

2015-ին դասաւանդած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ[3]:

Եայիր Օրոն Երեւանի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2013-ին, Օրոնի «Անընդունելի անտարբերութիւն» գիրքին շնորահանդէսը կատարուած է Երեւանի մէջ: Գիրքը 2000-ին տպագրուած է եբրայերէնով ու ապա թարգմանուած է անգլերէնի ու ռուսերէնի:

Հայերէն թարգմանութիւնը կատարած է Աննա Սաֆարեան, իսկ գիրքի տպագրութեան ազնիւ մեկենասութոիւնը ստաննձնած է Մոսկուաբնակ հայ գործարար Կարէն Պաղտասարեան[4]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 պաշտոնական կայք
  2. «Փարիզի Մէջ Եայիր Օրոն Ներկայացուց Իր «Israel et le Genocide des Armeniens» Հատորը»։ Hayern Aysor։ 2017-12-07։ արտագրուած է՝ 2022-02-02 
  3. «Փրոֆ. Օրոն խստօրէն քննադատեց Իսրայէլի նախագահը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ջարդ անուանելուն համար»։ archive.azator.gr։ արտագրուած է՝ 2022-02-02 
  4. «Եայիր Աուրոն. Հոլոգոստ եւ Մեծ Եղեռն»։ Hetq.am։ արտագրուած է՝ 2022-02-02