Jump to content

Մուհամմատ Քուճճահ

Մուհամմատ Քուճճահ
արաբերէն՝ مُحمَّد قجَّة
Ծնած է 17 Դեկտեմբեր 1939(1939-12-17)
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա[1]
Մահացած է 17 Ապրիլ 2024(2024-04-17)[2] (84 տարեկանին)
Մահուան վայր Հալէպ[1]
Քաղաքացիութիւն  Սուրիոյ Առաջին Հանրապետութիւն,  Արաբական Միացեալ Հանրապետութիւն և  Սուրիա
Ուսումնավայր Դամասկոսի Համալսարան
Մասնագիտութիւն պատմաբան, գրագէտ և ուսումնասիրող

Մուհամմատ Քուճճահ (Խօսակցական լեզուով՝ Մ․ Քըճճէ երբեմն Մ․ Ըճճէ, արաբերէն՝ محمّد قجّة, 17 Դեկտեմբեր 1939(1939-12-17), Հալէպ, Սուրիա[1] - 17 Ապրիլ 2024(2024-04-17)[2], Հալէպ[1]), սուրիացի գրագէտ, պատմաբան, գիտնական, կաճառական (ակադեմիկոս), այս դարու կարեւորագոյն մտաւորականներէն։ Մասնագիտացած է սուրիական ու արաբական գրականութեան, պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան մէջ, որոնց մասին ան հրատարակած է աւելի քան եօթանասուն տարիներու տեւողութեամբ։ Իր աշխատութիւնները կեդրոնացած են Հալէպ քաղաքի եւ «Ալ-Անտալուսի» (Արաբերէն՝ الأندلس) շուրջը։

Անոր կը վերագրուի արաբական մշակոյթի տարբեր կողմերու (գրականութիւն, պատմութիւն, երաժշտութիւն եւն․․․) պահպանումն ու արխիւացումը, մանաւանդ Հալէպ քաղաքի ընկերային ու հասարակական կեանքի մանրամասնութիւնները։

Ան գրական ու գիտական առաքելութիւններով շրջած է աշխարհի չորսդին եւ ղեկավարած է բազում գիտաժողովներ ու սեմինարներ (խտացուած դասախօսութիւն): Ստացած է հարիւրաւոր շքանշաններ, շնորհակալագիրեր եւ պատուոյ գիրեր, որոնցմէ ամէնավերջինը շնորհուած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահութենէն:

Մ․ Քուճճան Հալէպի խորարմատ ու հնամենի ընտանիքի մը զաւակն է. իր ընտանիքը Հալէպի «Քարլըք» (Արաբերէն՝ قارلق, թրքերէն բառ մըն է կը նշանակէ «ձիւն կրող, ձիւնաթոյր») թաղամասին մէջ ապրած է վեց հարիւր տարիէ աւելի։ Անոր հայրը «Խանտակ» պողոտայի մեծագոյն վաճառականներէն մին էր, շինանիւթ կը ծախէր։ Բայց միեւնոյն ժամանակ բանիմաց, ուսումնասէր ու մշակութասէր մարդ մըն էր եւ անյողդողդ կամքով իր որդիին՝ Մուհամմատ Քուճճային Քուրաանը ուսուցանեց ու գոց (անգիր) սորվեցուց, միաժամանակ քաջալերելով զինք «Հիլալիիահ» սուֆիական անկիւնի ծէսերուն մասնակցելու։ Իր հինգերորդ մեծ հայրը «Մուհամմատ Իպն Հասան Քուճճա»-ն որուն անունը կը կրէ, 1820 թուականին կը ղեկավարէ օսմանեան գրաւման ատենակալ (Ուալի, Արբ․՝والي) Խորշիտ փաշայի (Արաբերէն՝ خورشيد باشا) դէմ ելած ապստամբութիւնը, որ կը ճնշուի թուրքերուն կողմէ եւ կը նահատակուի օսմանցիներու եաթաղանով։

Մուհամմատ Քուճճան 1963 թուականին աւարտած է Դամասկոսի համալսարանի արուեստի եւ մարդկային գիտութիւններու կաճառը, իր դասարանի առաջինը ըլլալով։ Անոր ուսուցիչներն էին՝ Սաիտ Ալ-Աֆաղանին, Ամճատ Ալ-Թարապուլսին, Ապտ Ուլ-Քարիմ Ալ Աշթարը, Շաքէր Ալ-Ֆահհամը եւ այլք․․․ Ինչպէս ան կ'ըսէ.- «Անոնք բոլորը մեր ճարտարներն էին, անոնցմէ սորվեցանք ու իւրացուցինք բազում գիտութիւններ ու հմտութիւններ»։

Յանձնառութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մ․ Քուճճան համալսարանը աւարտելէն ետք դասաւանդեց արաբերէն լեզուն «Ալ-Պապ» եւ «Ալ Մաարի» դպրոցներուն մէջ եւ իր մանկութեան «Ալ-Մա՛մուն» դպրոցին տնօրէն նշանակուեցաւ, դպրոցին հիմնադրումին 75 ամեակին հրատարակեց վաւերագրական գիրք մը։ Այս դպրոցը կը համեմատուի Սորպոնի համալսարանին հետ, պայմանաւորուած իր բարձր կրթական մակարդակով եւ ականաւոր ու փայլուն ուսանողներ մշակելով։

«Ալ-Ա՜տիաթ Ընկերակցութիւն»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մուհամմատ Քուճճան յիսուն տարիէ աւելի անդամ է պատմական եւ հնագիտական ​​հետազօտութիւններով մասնագիտացած այս ընկերակցութեան։ 1994 թուականէն ի վեր կը նախագահէ զանիկա (առանց վարձատրութեան)։ Ան լծուած է այս միութեան գործունէութեան տարբեր առումներով աջակցելով ու իր աշխատանքը աշխուժացնելով։ Իր ջանքերով միութիւնը 16 նոր գրասենեակներ բացաւ Սուրիոյ բոլոր մարզերուն մէջ (2011ի պատերազմէն ի վեր Տէր Զօրի, Հասաքէի եւ Ռաքքայի գրասենեակները առժամաբար դադրեցուցին իրենց աշխատանքը), բացի մարզկեդրոններէն անկախ գրասենեակներէն (Սաֆիթա, Սալամիահ, Միսիաֆ, Ճապլահ, Ալմայատին)։ Ան Ալ-Ատիաթ միութեան գրադարանը հարստացուց 15000-է աւելի նոր գիրքերով, փոքր գրասենեակի մը մէջ տեղաւորուած միութիւնը իր անձնական ջանքերով կը տեղափոխէ երեք յարկանի շէնք մը, միութեան ընթարձակած գործունէութեան յարմար (առաջին յարկը դասախօսութիւններու սրահ, երկրորդը գրասենեակները, երրորդը իր կազմած նոր գրադարանը)։ Իր նախագահութենէն ետք միութիւնը կը հրատարակէ տարեգիրք ու եռամսեայ պարբերականներ՝ ընկերակցութեան գործունէութեան մասին, կը կազմակերպուին բանախօսութիւններ ու երաժշտական ձեռնարկներ։«Ալ Ա՜տիաթ Ընկերակցութիւն»-ը հոգ կը տանի մշակութային ժառանգութեան նիւթական (օր․՝ շինութիւն) եւ ոչ-նիւթական (սովորութիւններ, երաժշտութիւն, խոհանոց, բարբառ)։

2019 թուականին, միութեան մէջ իր գործունէութիւնը դադրեցնելէն ետք, զինք կը նշանակեն ցկեանս պատուոյ նախագահ։

«Իսլամական Մշակոթի Մայրաքաղաք»-ի Գլխաւոր Քարտուղար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ Հալէպ քաղաքը կ'ընտրուի 2006 թուականին Իսլամական մշակոյթի մայրաքաղաք, Մ․ Քուճճան կը նշանակուի այդ ձեռնարկի ընդհանուր քարտուղար, ան յանձնարարեց հարիւր եօթանասուն չորս գիրքի հրատակութիւնը, քաղաքին մշակոյթին, պատմութեան, աւանդութեան եւ իսլամական (մահմետականութեան) ժառանգութեան մասին։ Իր կարգադրութեամբ տեղի ունեցան եօթանասուն երկու համաշխարհային գիտաժողովներ, մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր ծագերէն եկած հազար գիտնականներու, բացի տասնեակ տեղական խորհրդաժողովներու, հարիւրաւոր ցուցահանդէսներու, միջոցառումներու եւ հանդիսութիւններու։ Ինչպէս նաեւ ան լուսահոգի «ՈՒալիտ Իխլասի»-ի, «Մուհամմատ Ապու-Մաաթուք»-ի հետ համագործակցելով կազմակերպեց «Հալէպի Թագուհի՝ Խաթունի Հիւրը» թատերգութիւնը։

Գրական Առաքելութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բազում են Մուհամմատ Քուճճահի յանձն առած պաշտօնները, անոնցմէ յիշարժաններն են՝ «Սուրիոյ մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի խորհրդատու»-ի աշխատանքը, «մշակութային ժառանգութեան Ազգային Դիւանի հանդէսի խմբագրապետ»-ի պաշտօնը, Հալէպի «Պանի Ումայյահ» մզկիթի նորոգման յանձնախումբի անդամ (մինչեւ 2011 Սուրիոյ պատերազմը), պատերազմէն ետք ալ, այս անգամ քանդուած մզկիթի եւ Հալէպի հին-պատմական թաղամասերու վերակառուցման յանձնախումբի անդամ։ Ան նաեւ անդամ է՝ «Արաբ գրողներու Միութեան», «Հետազօտութիւններու եւ Ուսումնասիրութիւններու Յանձնաժողովի», «Սուրիոյ Պատմութեան եւ Գիտութեան Ընկերակցութեան», «Արաբ Հնագէտներու Ընկերակցութեան», «Հին Հալէպի Պահպանութեան Յանձնախումբին» եւ եղած է Հալէպի Քաղաքապետարանի մշակութային խորհրդատու։ Մ․ Քուճճան ունեցած է ու կը պահէ իր ընդարձակ յարաբերութիւնները Արաբ ու այլ ազգերու գրագետերու, մտաւորականներու, արուեստագետներու եւն․․․ հետ, որոնցմէ կը յիշենք (Եգիպտոսէն)` «Նաճիպ Մահֆուզ»-ը, «Հասանէն Հեյքալ»-ը, «Ճամալ Ալ-Ղիթանի»-ն, «Եուսէֆ Զիտան»-ը եւ (Մարոքէն)` «Շօուքի Պէն-Պին»-ը:

Քուճճան այցելած է բազում երկիրներ եւ մասնակցած է 124 գիտաժողովներու, արժանացած է հարիւրաւոր վկայագիրերու ու շքանշաններու՝ տեղական (սուրիական), արաբական ու համաշխարհային համալսարաններէ: 2016 թուականին ստացաւ «Պետական ​​Գնահատանքի Պարգեւ»ը[3]։

Միայն «Իպն-Արապի»ի մասին տասը գիտաժողովի մասնակցած ու բանախօսած է, որոնցմէ կը յիշուի՝ «Իպն-Արապին Եգիպտոսի մէջ» 2002թ․/Գահիրէ, «Տանթէն, Սպանիան եւ Իսլամը» 1999թ․ Դամասկոս, «Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու ֆրանսական հաստատութեան» հետ համագործակցելով, ուր ան կը բացատրէ թէ ինչպէս իտալացի գրող Տանթէն (իտլ․՝ Dante Alighieri) Աստուածային կատակերգութւնը (իտլ՝ Divina Commedia) գրելու համար մեծ չափով օգտուած է իսլամական տարբեր գրութիւններէ, որոնցմէ էր Իպն-Արապիի հարուստ եւ վիթխարի գրադարանը եւ այս նիւթին մասին տարբեր գիտաժողովներ՝ Լիբանան (Պէյրութի), Յորդանան (Ամման), Միացեալ Էմիրութիւններ (Շարժա), Ալճերիա (Ալճերիայի մայրաքաղաք) եւն․․․

Գրական Աշխատանքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մուհամմատ Քուճճան հեղինակած է մօտ 325 գիրք, որոնցմէ են՝ «Սուֆիականութիւնն ու Երաժշտական Ժառանգութիւնը», «Հալէպը Քսաներորդ Դարու Սկիզբը», «Դամասկոսը Բանաստեղծներու Աչքերով», «Իպն-Արապի», «Անտալուսական իջեւաններ» (Արբ․՝ Մահաթթաթ Անտալուսիյյա محطّات أندلسيّة), «Ալ-Անտալուսի Պատմութեան եւ գրականութեան ուսումնասիրութիւններ» եւն․․․, բացի 14 հրատարակութիւններէ, որոնց հեղինակութեան մասնակցած է այլ գրագէտներու հետ։ Գրած է 11 թատերգութիւն եւ իր գրական, գրաքննադատական յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները (800-է աւելի) հրատարակուած են ու կը շարունակեն հրատարակուիլ տեղական ու արաբական թերթերէն մեծ մասին մէջ։ Ան աւանդած է 300-է աւելի բանախօսութիւններ զանազան հարթակներէ ու զանազան նիւթերու մասին (գրական, պատմական, մշակութային նիւթեր եւն․․․)։

Վկայութիւններ Անոր Մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տոքթոր (ուսուցչապետ) Սալահ Քիրազան կ'ըսէ՝ «Սիրելի ընկեր Մուհամմատ Քուճճան, Հալէպցի արաբ գրագէտը, որ սիրեց իր քաղաքը ու բազում գիրքեր գրեց անոր մասին, բանաստեղծութիւններ շարադրեց ու դասախօսեց անոր մասին եւ Ալ-Ատիաթ ընկերակցութիւնը ղեկավարեց երկար տարիներ։ Ոմանք զինք կ'անուանեն "Հալէպի Երկրորդ Բերդը", իսկ ես այս անուանումը թերի կը համարեմ եւ բաւ չէ անոր հսկայ նուիրումին եւ չխնայած ջանքին «Հալէպ՝ Իսլամական Մշակոթի Մայրաքաղաք»-ի միջոցառումներուն, բացի արաբական հին ու նոր մշակութային ժառանգութեան մասին իր մեծաթիւ հրատարակութիւններէն, ինչպիսիքն են՝ «Սուֆիականութիւնն ու Երաժշտական Ժառանգութիւնը», «Հալէպը Քսաներորդ Դարու Սկիզբը», «Իպն-Արապի», «Անտալուսական իջեւաններ» եւ այլ գործեր, որոնք զինք կը բարձրացնեն արաբական ու իսլամական աշխարհի անուանի անձաւորութեան մակարդակին ու կը դարձնեն իրենց մեծագոյն խորհրդանիշերէն մէկը»։

Իր հերթին Տոքթoր (ուսուցչապետ) Ֆայէզ Ալ-Տայէն կ'ըսէ՝ « մշակութային եւ գրական մեծ անձնաւորութիւն մըն է եւ անոր գործընթացը լի է ձեռքբերումներով: Ան հեղինակած է տարբեր գիրքեր, որոնք ընտիր աղբիւր դարձած են, ինչպէս նաեւ իր ներդրումը ունեցած է Հալէպ քաղաքի մշակութային ասպարէզէն ներս։ Ասիկա արտացոլուած է Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի մեծ տարածքներէն ներս։ Երբ ան ղեկավարեց «Հալէպ՝ Իսլամական Մշակոյթի Մայրաքաղաք»-ի միջոցառումները, որոնք ներգրաւած էին գիտութեան ու արուեստի պայծառագոյն դասախօսութիւնները, գիտաժողովներն ու հանդէսները եւ կեանքը լուսաւորող մշակութա-ժառանգական գիրքերը։ Ալ-Ատիաթ միութեան մէջ անոր ժիր գործունէութեան շնորհիւ տարբեր հաստատութիւններ աշխուժացան եւ նպաստեց անոնց համագործակցութեան, ու չմոռնանք Հալէպի մէջ Ալ-Մութանապպի-ի (Արաբերէն՝ المتنبّي) տուն-թանգարանի վերաբացումը»։

Հալէպ քաղաքի մշակոյթի տնօրէն Ճապէր Ալ-Սաճուրը կ'ըսէ «Ուսթազ (վարպետ) Քուճճայի նախագահի կողմէն պարգեւատրումը, քաղաքիս բոլոր զաւակներուն պարգեւատրումն է։ Ի դէմս այնպիսի անձնաւորութեան մը, որ արաբական գրադարանները հարստացուց տասնեակ գիրքերով եւ հրատարակութիւններով եւ խորհրդաժողովներուն ու հանդէսներուն իր փայլուն ներկայութեամբ ան ունէր ու կը շարունակէ ունենալ երեւելի ներկայութիւն մը Ալ-Ատիաթ միութեան եւ «Հալէպ՝ Իսլամական Մշակոթի Մայրաքաղաք»-ի միջոցառումներուն մէջ իր գործունէութեամբ, երբ ան հրատարակեց բազմաթիւ գիրքեր ու հրատակութիւններ, որոնք վաւերագրեցին Հալէպ քաղաքի մշակութային, ընկերական ու արուեստական պատմութիւնը, ան կը համարուի գալիք սերունդներուն մշակող իսկական դպրոց մը»։

Իր հերթին եգիպտացի մեծն գրագետ ու փիլիսոփայ Եուէֆ Զէյտանը կ'ըսէ՝ «Մուհամմատ Քուճճան մշակութային մեծ արժէք կը ներկայացնէ, որ իր սիրելի քաղաք՝ Հալեպին տուած է մշակութային, գեղարուեստական ​​եւ քաղաքակրթական իւրօրինակ իմաստաւորում եւ նշանակութիւն, ամբողջ աշխարհին մէջ՝ բոլոր հարթակներուն եւ գիտաժողովներուն մէջ»։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 محمد قجة.. رحيل مؤرّخ مدينة حلبThe New Arab, 2024.
  2. 1 2 وزارة الثقافة تنعى الباحث والمؤرخ محمد قجة عن عمر ناهز 85 عاماً — 2024.
  3. «الرئيس الأسد والسيدة الأولى يطمئنان على صحة المؤرخ محمد قجة || كليك نيوز»։ web.archive.org (արաբերէն)։ 2022-08-19։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-08-19-ին։ արտագրուած է՝ 2024-04-18