Մովսէս Ա. Քհնյ. Շիրիգեան
Մովսէս Ա. Քհնյ. Շիրիգեան | |
---|---|
Ծնած է | 1903 |
Ծննդավայր | Մուսա Լեռ, Հաթայ, Թուրքիա |
Մահացած է | 1988 |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Տ. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շիրիգեան (ծնած է 1903 - 1988) Աւազանի անունով՝ Եսայի, որդի Գէորգի եւ Հերմինէի, ծնած է մուսալեռցի ծնողքէ, Եողուն-Օլուգ, Մուսա Լեռ, 1903-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական վարժարանէն, զոր աւարտելէ ետք, ուսումը շարունակած է վրանաքաղաք Փոր-Սայիտի Սիսուան հայկական դպրոցը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1918-ին։
Եսայի ընտրած է իր կեանքի ընկերը՝ օրդ. Նեկտար Պուրսալեանը, որուն հետ պսակուած է 8 Սեպտեմրեր 1923-ին, Եողուն–Օլուգի մէջ եւ բախտաւորուած հինգ զաւակներով՝ Սօսէ, Գէորգ, Փայլակ, Հերմինէ եւ Գուրգէն, որոնցմէ Փայլակն ու Գէորգը ձեոնադրուած են քահանայ։
1929-ին, աւելի փայլուն ապագայի մը հեոանկարով, ան աշխատանքի նոր հորիզոններ կը փնտռէ։ Մեկնած է Եթովպիա եւ ձեռնարկած է առեւտրական աշխատանքի։ Քանի մր տարի ետք, ընտանիքը եւս հաստատուած է Եթովպիա, ուր գործած է մինչեւ 1936 թուական, ապա տեղափոխուած է Թրիփոլի (Լիբանան), կրկին ձեռնարկելով առեւտրական աշխատանքի։
1938-ին, Եողուն-Օլուգի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը զինք հրաւիրած է քահանայութեան՝ ծառայելու համար իր հայրենակիցներուն։ Յարգելով ժողովուրդին որոշումը, ձեոնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են ձեռամբ Տ. Խադ Արք. Աջապահեանի, Այլակերպութեան տօնին, Եողուն-Օլուգի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 24 Յուլիս 1938-ին, վերակոչուելով Տ. Մովսէս:
Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք, նորընծայ Տ. Մովսէս հոգեւոր հովիւ նշանակուած է ծննդավայրի Ա.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
1943-ին, Բերիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդին ու Կրօնական Ժողովին հաւանութեամբ՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը Տ. Մովսէսը հրաւիրած է Քեսապի մէջ քահանայագործելու։
Իր նոր հօտով խանդավառ, ան տեղափոխուած է Քեսապ, ուր պաշտօնավարած է մինչեւ 1955 թուական։ Քահանայագործութեան առընթեր, ուսուցչական պաշտօն վարած է Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին մէջ։
1955-ին, ան խնդրած է Բերիոյ Թեմի Հայոց Աոաջնորդէն Լիբանան հաստատուելու արտօնութիւն։ Իր փափաքին ընթացք տրուած է ու անցած է Լիբանան։
Քանի մը ամիս պաշտօնավարած է Պէյրութի մէջ եւ կարճ ժամանակամիջոցին հրաւէր ստացած է Մ. Նահանգներու մէջ ծառայելու։ 1955-ին անցած է Հիւսիսային Ամերիկա եւ հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ Ուստր քաղաքի հայոց եկեղեցւոյ։ Հոն քահանայագործած է մինչեւ 1964 թուական։ Իսկ 1964-1967 տարիներուն, Տէր Մովսէս ստանձնած է Թրոյ, Նիւ Եորքի, Սիրաքիուսի ու Նիակարա–Ֆոլսի հայոց հոգեւոր հովիւի պաշտօնր։
1967-1969 պաշտօնավարած է Կրանիթ Սիթիի Իլինիոն նահանգին մէջ։ 1969-ին հանգստեան կոչուած է ու հաստատուած Սան Ֆրանսիսքօ:
Մինչեւ իր վախճանումը, կամաւոր ծառայած է Սան Ֆրանսիսքոյի Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, ամէն օր մինչեւ կէսօր կատարելով հաշուապահութիւնն ու գրասենեկային այլ աշխատանքներ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 408-409-410-411։