Jump to content

Միքայէլ Ժան

(Վերայղուած է Միքայէլ Ժէյն-էն)
Միքայէլ Ժան
ֆրանսերէն՝ Michaëlle Jean
Ծնած է Lua error in Մոդուլ:Sources at line 232: bad argument #1 to 'format' (string expected, got nil).
Ծննդավայր Պորտ-օ-Պրենս, Հայիթի
Քաղաքացիութիւն  Քանատա
 Ֆրանսա
 Հայիթի
Կրօնք Կաթոլիկութիւն
Ուսումնավայր Մոնրեալի համալսարան?
Ֆլորենցիայի համալսարան?
Պերուջայի համալսարան?
Մասնագիտութիւն լրագրող, հաղորդավար, քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր Société Radio-Canada?
Վարած պաշտօններ Governor General of Canada?
Ամուսին Ժան-Դանիել Լաֆոն?
Կայքէջ michaellejean.ca/…(ֆր.)
michaellejean.ca/…(անգլերէն)
Ստորագրութիւն

Միքայէլ Ժան (Lua error in Մոդուլ:Sources at line 232: bad argument #1 to 'format' (string expected, got nil)., Պորտ-օ-Պրենս, Հայիթի), քանատացի պետական գործիչ եւ նախկին լրագրող, Ֆրանքոֆոնիայի Միջազգային Կազմակերպութեան (ֆրանսերէն՝ Organisation Internationale de la Francophonie) երրորդ եւ ներկայի գլխաւոր քարտուղարը: Այս պաշտօնին անցած է Յունուար 2015-ին՝ յաջորդելով Ապտու Տիուֆին: Առաջին կինն է, որ կը զբաղեցնէ այս պաշտօնը:

2005-2010 թուականներուն Ժէյնը եղած է Քանատայի նախանգապետ, 27-րդը այս պաշտօնին մէջ Քանատայի Համադաշնութեան հռչակումէն ետք: Ժէյնը Հայիթիէն փախստական է[1]: Քանատա տեղափոխուած է 1968-ին եւ մեծցած է Թեթֆորտ Մայնեսի մէջ (Քէպէք): Քանի մը համալսարաններէ վկայականներ ստանալէ ետք, Ժէյն իբրեւ լրագրող եւ հեռարձակող աշխատած է Ռատիօ Քանատայի եւ Քանատայի Հեռարձակող Ընկերութեան համար, ինչպէս նաեւ ներգրաւուած է բարեգործական աշխատանքներու մէջ` օժանադակելով ընտանեկան բռնութեան զոհերուն: 2005-ին Քանատայի վարչապետ Փոլ Մարտինի խորհուրդով թագուհի Էլիզապէթ Բ.-ի կողմէն նշանակուած է ընդհանուր նահանգապետ: Այս պաշտօնը ստանձնած է մինչեւ 2010-ը, երբ փոխարինուած է Տէյվիտ Ճոնսթոնի կողմէ: Պաշտօնավարման սկզբնական շրջանին իր ամուսինին` Ժան-Դանիէլ Լաֆոնտի նկարահանած ֆիլմերուն մէջ հնչած անոր քանի մը ակնարկները մեկնաբանուած են իբրեւ պաշտպանութիւն Քէպէքի ինքնիշխանութեան, եւ անոր երկքաղաքացիութիւնը կասկածի տակ դրած է Քանատայի անոր հաւատարմութիւնը: Սակայն, Ժէյն ժխտած է անջատողական հակումներու մասին զրոյցները, հրաժարած է Ֆրանսայի քաղաքացիութենէն եւ դարձած է յարգուած փոխարքայ, որ յայտնի էր Քանատայի Զինուած ուժերու, բնիկ քանատացիներու, ինչպէս նաեւ արուեստի, յատկապէս, երիտասարդական խնդիրներու հանդէպ իր ուշադիր վերաբերումով: Ժէյն այժմ նաեւ Հայիթիի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-յի յատուկ ներկայացուցիչն է: 26 Սեպտեմբեր 2012-էն սկսեալ ան նաեւ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին անձնական ներկայացուցիչն է Քանատայի մէջ[2]:

Վաղ Կեանք Եւ Կրթութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժէյնի ընտանիքը Հայիթիէն է։ Ան ծնած է Պորտ-օ-Պրենսի մէջ, մկրտուած էքաղաքին Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ[3][4] եւ ձմեռները անցուցած է այս քաղաքին մէջ, իսկ ամառներն ու շաբաթ-կիրակիները` իր մօր ծննդավայր Ժակմելի մէջ[5]: Թէեւ հայրը ուսուցիչ էր աւետարնական ոչ պետական դպրոցի մէջ, Ժէյն իր կրթութիւնը ստացած է իրենց տան մէջ, քանի որ անոր ծնողները չէին ցանկանար, որ աղջիկը երդում տար Հայիթիի այդ ժամանակուան նախագահ Ֆրանսուա Տուվալիէրին, ինչպէս որ կը պահանջուէր հայիթիցի դպրոցականներէն[6]: Ժէյն իր ընտանիքի հետ կը լքէ Հայիթին` խուսափելու Տուվալիէրի ռեժիմէն, որուն ղեկավարման ժամանակ Ժէյնի հայրը բանտարկուած ու խոշտանգուած էր[6]: Ժէյնի հայրը Քանատա տեղափոխուած է 1967-ին, իսկ ինքը, մայրն ու քոյրերը՝ յաջորդ տարի[6]։ Ընտանիքը միասին կը հաստատուիէ Թեթֆորտ Մայնս, Քէպէք[4][7] Հայրը կը հեռանայ ընտանիքէն, անոր ծնողները կը բաժնուին, որմէ ետք ինքը, մայրն ու քոյրը կը տեղափոխուին Մոնրէալի մօտակայքը գտնուող Փոքր Պուրգունտիա[6][8]:

Միլանի կաթողիկէ համալսարանը, ուր Ժէյն սորված է լեզուներ եւ գրականութիւն

Ժէյն Պսակաւոր Արուեստից վկայական ստացած է Մոնրէալի համալսարանէն, սպաներէն ու իտալերէն լեզուներու ու գրականութեան ոլորտին մէջ եւ 1984-1986 տարիներուն այստեղ իտալերէն դասաւանդած է` միաժամանակ մագիստրոսի աստիճան ստանալով համեմատական գրականութեան մէջ։ Ապա ան շարունակած է լեզուներու եւ գրականութեան ուսուցումը Ֆլորենսի, Փերուճայի եւ Միլանի կաթողիկէ համալսարաններուն մէջ։ ֆրանսերէնէ ու անգլերէնէ զատ, Ժէյն կը տիրապետէ նաեւ սպաներէն, իտալերէն եւ Հայիթիի կրէոլ լեզուներուն, ինչպէս նաեւ` կը կարդայ փորթուկալերէն[7][9]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]