Jump to content

Մարտիրոս Պոյաճեան

Մարտիրոս Պոյաճեան
Ծննդեան անուն Հարութիւն-Մարտիրոս Պոյաճեան
Ծնած է 1856[1]
Ծննդավայր Հաճըն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 24 Մարտ 1894(1894-03-24)
Մահուան վայր Եոզղատ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն ֆետայի, քաղաքական գործիչ, ուսուցիչ
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն[1]

Մարտիրոս Պոյաճեան (Ժիրայր, 1856[1], Հաճըն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 24 Մարտ 1894(1894-03-24), Եոզղատ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]), հայ ազգային-ազատագրական շարժման մասնակից։ Հնչակեան կուսակցութեան անդամ։

Ծնած է Հաճըն: Կրտսեր եղբայրն էր Համբարձում, պատմութեան մէջ Մեծն Մուրատ անունով ծանօթ, որ դարձաւ հայ ազատագրական պայքարի եւ քաղաքական կեանքի փայլուն դէմքերէն:

Ծննդավայրի Վարդանեան դպրոցը աւարտելէ ետք երկու տարի սորված է Կ․ Պոլսոյ մէջ, ապա վերադարձած է Հաճըն եւ նոյն դպրոցին մէջ աշխատեած իբրեւ ուսուցիչ։

Ժիրայր, Հաճընէն դուրս գալէն ետք, նուիրուած է հայ ժողովուրդի ազատագրութեան գաղափարին:

Երզնկայի մէջ կազմած է ֆետայական երկու խումբեր, որոնք անոր կազմած խումբերու շարքին առաջիններն էին:

1877-1878 թուականներուն կը ծագի ռուս-թրքական պատերազմը, որ կը դառնայ հայ ազգային քաղաքական միտքին կիզակէտը:

Կիլիկիոյ վրայով Ժիրայր երկրորդ անգամ կը մեկնի Երզնկա: Ուսուցչութիւն ըրած է Միացեալ ընկերութեան վարժարանին մէջ:

Երզնկայէն ետք, մուրացկանի ցնցոտիի տակ թափուած, ճամբորդներու խումբի մը խառնուելով, Ժիրայր մեկնած է Սեբաստիոյ Բինկեան գիւղը: Բինկեանի մէջ ան ուսուցչութիւն ըրած է, դասաւանդելով թուահաշիւ, տոմարակալութիւն, աշխարհագրութիւն եւ մարմնամարզ:

Ժիրայրի դաստիարակած սերունդէն դուրս կու գան հայ ազգային ազատագրական պայքարի եւ հասարակական կեանքի ակնառու դէմքեր:

Բինկեանէն Ժիրայր մեկնած է Տիւրիկ, ուր իբրեւ ուսուցիչ գործած է մէկ տարի: Կազմած է աշակերտական խումբեր, որոնցմէ ապագային դուրս կու գան ազգային ազատագրական պայքարի շատ մը անձնազոհ գործիչներ:

Տիւրիկէն մեկնած է Պոլիս եւ յետոյ անցած է Կիլիկիա, կեդրոնանալով Չորք Մարզպանի մէջ:

Ժիրայր 1890-ին վերադարձած է Հաճըն եւ եղած Կեդրոնական վարժարանին տնօրէնը: Աշակերտները զէնքի վարժեցուցած է եւ անոնցմէ խումբեր կազմած:

Հաճընէն փախստական դուրս գալով Ժիրայր մեկնած է Փոքր Հայք, իբրեւ գործունէութեան կեդրոն ընտրելով Էվէրէկը, այնուհետեւ` Կէմէրէկը: Շարունակած է կազմակերպչական թափառումները Եոզկատի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ:

Ժիրայր ձերբակալուած է 8 Մարտ 1894-ին եւ արագ դատավարութենէ մը ետք, 24-25 Մարտ 1894-ի գիշերը կախաղան բարձրացուած է Եոզկատի մէջ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 1,8 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 9 — հատոր 9.
  2. «Ստացուած Գիրքեր. Ժիրայր (Հեղինակ` Եղիկ Ճէրէճեան) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-21 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։