Մարտիրոս Մնակեան
Մարտիրոս Մնակեան | |
---|---|
![]() | |
Ծնած է | 9 Սեպտեմբեր 1837 |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 22 Փետրուար 1920[2] (82 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Մասնագիտութիւն | դերասան, բեմադրիչ, թատերական գործիչ |
Աշխատավայր |
Արեւելեան Թատրոն[1] Օսմանյան դրամատիկ թատերախումբ?[1] |
Մարտիրոս Մնակեան (9 Սեպտեմբեր 1837, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 22 Փետրուար 1920[2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]), պոլսահայ թատերական գործիչ, բեմադրիչ, դերասան։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Պոլիս, 1837-ին։ Հասգիւղի (Խասգէոյ) «Ներսէսեան» վարժարանի շրջանաւարտներէն էր, որ հազիւ ուսումը աւարտած՝ օգնական ուսուցիչի պաշտօնին կոչուած էր միեւնոյն դպրոցին մէջ[3]։
Քսան տարեկանէն նուիրուած է հայ թատրոնին։
Թատերական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներ մուտքը եւ Ազգային Զարթօնքի շարժումը թափ առին յատկապէս հայ թատրոնի ծաղկումով, որ հաւասարապէս թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ Թիֆլիսի մէջ ի մի բերաւ հայ գրականութեան, բեմարուեստի, կերպարուեստի եւ գեղանկարչութեան երիտասարդ նուիրեալները։
Ընդհանուր այդ հոսանքին սիրողաբար միացաւ Մնակեան 1857-ին։ Հայ ուսուցիչի նիւթական անձուկ պայմաններուն մէջ ապրող երիտասարդ Մնակեանին առջեւ թատրոնը բացաւ ինքնադրսեւորման ու կեանքի մեծապէս խոստմնալից ասպարէզ մը եւ ան շուտով հեռացաւ ուսուցչութենէն ու ամբողջապէս նուիրուեցաւ բեմական գործունէութեան։
Հայ թատրոնի պատմութեան նուիրուած իր յուշերուն մէջ, Հրանտ Ասատուր հետեւեալ հետաքրքրական տեղեկութիւնները կը փոխանցէ Մարտիրոս Մնակեանի բեմական աշխարհ մուտքին մասին.
![]() |
Մնակեանի անունը առաջի օրէն խառնուած է Արեւելեան Թատրոնի պատմութեան։ | ![]() |
Հասգիւղի ներկայացումներէն ետք մասնակցած էր Բերայի առաջին ներկայացման՝ Արիստոտէմի, որմէ Մնակեանի բաժնին 500 ղրուշ գոյացած էր։ Մնակեան այնչափ երջանիկ էր, որ այդ օրը ա՛լ կ’որոշէր թողուլ ուսուցչութիւնը եւ ինքզինքը տալ դերասանութեան։
«Իր յաջողութիւնը քաջալերիչ եղած էր եւ փայլուն ապագայ մը կը պսպղացնէր իր հմայուած աչքերուն առջեւ։ Ուստի իսկոյն գացեր էր միանայ առաջին օրէն Արեւելեան Թատրոնի խումբին եւ «Մեղու» կը յիշէ զայն առանց մականունի՝ «Պ. Մարտիրոս»ի վրայ խօսելով առաջին ներկայացման առթիւ իսկ։ Ետքէն թերթերը կը խօսին «Մնակեան»ի վրայ, մանաւանդ երբ Վարդովեանի հետ Իզմիր կ’երթայ, ուր մեծ յաջողութիւն կը գտնէ 1862-ին։ Այսպէս, Արեւելեան Թատրոնի երկրորդ տարեշրջանին Մնակեանն ալ, Վարդովեանի պէս, կը հեռանայ Արեւելեան Թատրոնի խումբէն, հաւանաբար չկրնալով հանդուրժել այն առաջնակարգ դիրքին, զոր ձեռք բերած էր Էքշեան, նիւթապէս վայելելով առիւծի բաժինը թատերական հայսոյթներէն եւ առաջին դերերուն մէջ, գրաւելով միշտ թատերաբեմը, ուր կ՛արժանանար ժողովուրդին ջերմ ծափերուն»[3]։
Զմիւռնիոյ մէջ իր գտած ջերմ ընդունելութենէն խանդավառ, Մնակեան քանի մը հայ, յոյն եւ թուրք դերասան ընկերներով կը հիմնէ «Վասպուրական» թատերախումբը, որ յատկապէս ֆրանսական երաժշտախառն կատակերգութիւններով լայն հասարակութիւն կը գրաւէ։ Այս շրջանին կ՛ամուսնանայ եւ բեմական իր գործունէութեան կողքին կը վերադառնայ ուսուցչութեան՝ նախ Ադրիանապոլսոյ (Էտիրնէ) մէջ, ապա՝ վերստին Պոլիս։ Ուսուցչութիւնը բնաւ արգելք մը չեղաւ, որպէսզի Մնակեան՝ արդէն իբրեւ հանրածանօթ դերասան եւ թատրոնի ղեկավար, նոր թափով լծուի բեմական գործունէութեան։ Կը գործակցի «Մաղաքեան Թատրոն»ին, Կէտիկ Փաշայի Թատրոնին եւ, թուրք դերասան իր ընկերներու հրաւէրով, Օսմանեան Թատերական Ընկերակցութեան հետ։
Պոլիսով չսահմանափակուեցաւ Մնակեանի հետագայ գործունէութիւնը։ Պ. Ադամեանի, Արուսեակի եւ Սիրանոյշի արժէքով մեծատաղանդ դերասաններու հետ, Մնակեան շարունակ թատերական ելոյթներով շրջագայեցաւ ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին (հայկական նահանգներէն մինչեւ Թեսաղոնիկէ ու Եգիպտոս, պարբերաբար վերադառնալով Զմիւռնիա եւ Էտիրնէ), այլեւ՝ հասաւ մինչեւ Թիֆլիս, ուր ռուսական թատերախաղներու մէջ իր ստանձնած կատակերգական փայլուն դերերով՝ ուղղակի հմայեց հայ, վրացի եւ ռուս հանդիսատեսը։
Մարտիրոս Մնակեան անուրանալիօրէն մեծ ներդրում ունեցաւ նաեւ թրքական թատրոնի ծաղկումին մէջ։ Նոյնինքն թրքական աղբիւրները յատուկ կարեւորութեամբ ու գնահատանքով կ՛անդրադառնան հայ բեմի վարպետին աւանդին՝ իբրեւ օսմանեան թատրոնի զարգացման նախակարապետներէն մէկը։
1900ականներուն Մնակեան ղեկավար գործունէութիւն ունեցաւ թրքական մեծագոյն թատրոններուն մէջ, յատկապէս Օսմանլը Տռամ Քոմփանիասիի (Օսմանեան Թատերական Ընկերակցութիւն) հետ, որ Մնակեանի եւ ընկերներու իբեմադրած աւելի քան 250 գործերու բեմականացումով՝ կը նկատուի 20-րդ դարասկիզբի թրքական թատրոնի մեծագոյն ներկայացուցիչը։ Իր այդ վաստակին համար Մնակեան թատերական դասաւանդութեան հրաւիրուեցաւ Օսմանեան Պետական Երաժշտանոցին մէջ։
1912-ին, պետական շուքով տօնուեցաւ Մնակեանի թատերական գործունէութեան յիսնամեակը եւ հայ թատրոնի վարպետը արժանացաւ Սուլթանի յատուկ շքանշանին։
Մարտիրոս Մնակեան կը մահանայ 1916-ին, երբ առողջական վիճակն ու սեփական ժողովուրդին ազգային մեծ ողբերգութիւնը՝ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ոճիրը ամբողջապէս ինքնամփոփ դարձուցին կենսուրախ եւ կենսայորդ հայ դերասանապետը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Թատերական Դէմքեր», Նշան Պէշիկթաշլեան, Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ, էջ 139-193։