Մարթին Նուրտընսթրըմ

Մարթին Նուրտընսթրըմ
Ծնած է 9 Դեկտեմբեր 1888
Ծննդավայր Սթոքհոլմ, Շուետ
Մահացած է 2 Մայիս 1945
Քաղաքացիութիւն  Շուէտ[1]
Ազգութիւն շուետացի
Մասնագիտութիւն սուսերամարտիկ

Մարթին Նուրտընսթրըմ (շուետ․՝ Martin Nordenström, լրիւ անունը՝ Sven Alvar Martin Nordenström), 9 Դեկտեմբեր 1888, Սթոքհոլմ, Շուէտ - Յունաստան, 2 Մայիս 1945․ ազգութեամբ շուետացի սուսերամարտիկ։ Մասնակցած է 1912-ի Սթոքհոլմի մէջ կայացած Ողիմպիական Խաղերուն որպէս թրահարութեան մարզիկ։

Հակիրճ կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեանքը Շուետ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարթին Նուրտընսթրըմ, ծնած է Սթոքհոլմ, Շուէտ 1888-ին։ Ան միաժամանակ իր զինուորական ծառայութեան ընթացքին եղած է նաեւ Շուետիոյ Ազգային խումբին սուսերամարտիկ։ Մասնակցած է Սթոքհոլմի Ողիմպիական Խաղերուն եւ յաղթած է յաջորդաբար բրիտանացի Տակլաս Կոտֆրի եւ ռուս Ալեքսանտր Մորտովին սուսերամարտիկներուն եւ հասած է թրահարութեան եզրափակիչ փուլին։

Փարիզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1916-ին ընտանիքին հետ Փարիզ կը տեղափոխուի, ուր որպէս բնաբոյժ կ՛աշխատի մինչեւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ծագումը։ Շուետ կը վերադառնայ իբր առագաստանաւերու նաւավար։ Բանակ կը կանչուի եւ 1942-ին որպէս անդամ Միջազգային Կարմիր Խաչին Յունաստան կը գտնուի։

Քիքլատես, Յունաստան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատերազմին ընթացքին, երեք տարի, կեանքը վտանգելով անխափան կ՛օգնէ Քիքլատեսին բնակիչներուն։ Առագաստանաւերով Էգէական ծովը կը ճեղքէ եւ յաճախ կ՛այցելէ իր նախասիրած երկու կղզիները Սիրոս եւ Թինոս։ Կը գործակցի դաշնակից ուժերուն հետ օգնելով Սիրոսի բնակիչներուն։ Կը շարունակէ բարեսէր գործունէութիւնը պատերազմին աւարտէն ետքն ալ (1944

Վերջին ճամբորդութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որոշած էր քանի մը ճամբորդութիւններէ ետք վերադառնալ Շուետ ընտանիք կազմելու համար։ Իր վերջին ճամբորդութեան ընթացքին որպէս ճամբորդ «Սբերհիոս» նաւուն (Նորվեկիական կիտորսութեան հին նաւ որ պատերազմին ռազմանաւի վերակառուցուած էր եւ ապա բեռնատար նաւի) կեանքը վերջ կը գտնէ նաւուն խորտակման պատճառով՝ 2 Մայիս 1945, Իդրա կղզիին հարաւը (նաւը Բիրէայէն դէպի Սիրոս կը ճամբորդէր եւ չափէն աւելի ճամբորդներ ունէր՝ 100-է աւելի)։ Ըստ փրկուած ճամբորդներու վկայութեան, ան եւ Սիրոսցի լաւ լողորդ մը ալիքներուն դէմ պայքարելով կը կարողանան եւ կը փրկեն բազմաթիւ հոգիներուն կեանքը, սակայն Մարթին իր գերջանադրութենէն հոգնած, կը կորսուի էգէականի ջուրերուն մէջ։

Մարթին Սիրոս կը վերադառնար նշանուելու իր սիրած տեղացի աղջկան մը հետ։

[2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]