Մարգարիտ Ալեքսանեանց

Մարգարիտ Ալեքսանեանց
Ծնած է 12 Դեկտեմբեր 1838(1838-12-12)
Ծննդավայր Շուշի, Շուշիի գաւառ
Մահացած է 27 Մարտ 1902(1902-03-27) (63 տարեկանին)
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, գեղագիր

Մարգարիտ Ալեքսանեանց (12 Դեկտեմբեր 1838(1838-12-12), Շուշի, Շուշիի գաւառ - 27 Մարտ 1902(1902-03-27)), գեղագրող հայ կին։ Երիտասարդ հասակէն զբաղած է նախ ձեռագործով, ապա՝ ձեռագրերու ընդօրինակութեամբ։ 1862 թուականին գրչուհին իր ընդօրինակած գեղագիր Աւետարանը ղրկած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հայրերուն[2]։

Կեանք եւ գործինէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ղարաբաղցի կալուածատէր Ումբրի բէկ Օհանեանցի աղջիկը։ Ծնած է Շուշի, 1838-ին։ Ուսանած՝ տեղւոյն Կուսանաց անապատի «Աքեր» կոչուած կոյս Եղիսաբէթ Սարգսեանի մօտ։ Փոքր հասակէն ձեռագործի եւ գեղագրութեան սիրահարուած է։

Առիթով մը, ազգականներուն հետ, Տաթեւայ վանքը ուխտի երթալավ կը տեսնէ եկեղեցական նրբագործ-ասղնագործ զգեստներն ու Գրիգոր Տաթեւացիի ձեռագիր գեղեցիկ Աւետարանը, որ ըստ աւանդութեան գրած է Տաթեւացիի քոյրը, կը խնդրէ տեսնել, սակայն կը մերժեն ըսելով՝ որ կինը իրաւունք չունի եկեղեցական սրբութեան դպչելու։ Այդ օրուընէ ան կը մտադրէ գրել միեւնոյն ոճով Աւետարան մը։ Ան կը սկսի հաւաքել ձեռագիրներ։ Կ՛ուսումնասիրէ հայկական ծաղկագրութիւնն ու գեղագրութիւնը[3]։ 1851-ին ամուսնանալով Պետրոս Ալեքսանեան վաճառականի հետ ու դարձեալ կը շարունակէ իր սիրած գործը։ Գեղագրութեան տետրակ մը կազմելով՝ 1862-ին կը ղրկէ Վենետիկ տպելու, սակայն Մխիթարեաններ ու 6000 ֆրանք բահանջքի եւ ամուսնոյն դրամական ձախորդութեան պատճառաւ, կը մնայ անտիպ։

1868-ին «Հայկական Գեղագրութիւն» վերնագրով տետրակ մըն ալ կը կազմէ, որուն առաջին էջին վրայ Շուշիի նոր թաղը նկարած էր, իսկ մէջը՝ Ս. Գիրքէն զանազան պատկերներ, հայկական ծաղկագիրներու ու հասարակ գիրերու բազմաթիւ օրինակներ։ Այս տետրակը կը տպուի Տփխիսի (Թիֆլիս) մէջ 1891-ին։ Ան կը գրէ Աւետարան մը, որուն վրայ կ՛աշխատի 5 տարի. այդ աւետարանը գրուած է հայկական ոճով ու զարդարուած գեղեցիկ նկարներով ու զարդանկարներով՝ կատարեալ գեղարուեստական գործ մը, որ նուիրած է Էջմիածնայ թանգարանին (1886-ի մեռոնօրհէնքին)։ Կաթողիկոսը մեծ համակրանքով կ՛ընդունի այդ անգնահատելի նուէրը եւ օրհնութեան ու գոհունակութեան կոնդակով կը պատուէ տիկ. Մարգարիտ Ալեքսանեանցին։ Նման Աւետարան մը ալ գրելով կը նուիրէ «Շուշիի Ղազանչեցւոց» եկեղեցւոյ։ 1898-ին աչքացաւէ կը տառապի, ապա կը բժշկուի։

27 Մարտ 1902-ին կը մեռնի եւ նոյն ամսուան 30-ին՝ Վեհափառ կաթողիկոսի հրամանով, կը թաղուի Ղազանչեցւոց եկեղեցւոյ բակը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Ստեփանյան Գ. Կենսագրական բառարան — 1973. — ISBN 978-5-550-00265-0
  2. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-10 
  3. Շուշին 1902թ. մարտին