Jump to content

Մանիշակագոյն Շամրոք (Եռանկիւնաձեւ թթուառւոյտ)

Եռանկիւնաձեւ թթուառւոյտ՝ Աշնան

Մանիշակագոյն Շամրոք (Եռանկիւնաձեւ թթուառւոյտ), (լատ.՝ Oxalis triangularis), սովորաբար կը կոչուի նաեւ կեղծ երեքնուկ[1], թթուաշուկազգիներու ընտանիքին պատկանող բազմամեայ բոյս։

Տարածուած է Հարաւային Ամերիկայի քանի մը երկիրներու մէջ։ Երեքնուկը կը դասուի սենեկային բոյսերու շարքին, անիկա մեծ խնամքի չի կարօտիր, զայն կարելի է աճեցնել թէ՛ տան մէջ եւ թէ՛ դուրսը: Պէտք է տեղադրել արեւոտ անկիւն մը, բայց` ոչ արեւին ուղիղ ճառագայթներուն: Բոյսը պէտք է ջրել չափաւոր, երբ հողին մակերեսը չոր է: Սակայն կրնայ աճիլ նաեւ դուրսը՝ ԱՄՆ գիւղական կլիմայական գօտիներուն մէջ։ Լուսաւորութիւնը նուազելու պարագային՝ տերեւները կը ծալուին։

Մութ մանիշակագոյն կախարդական այս բոյսը ունի սրտաձեւ տերեւներ, իւրաքանչիւր երեքին միացումը կը նմանի թիթեռներու եռեակին, որոնք միացած են իրենց քիթերով: Այդ պատճառով բոյսին կու տան թիթեռ անունը:

Մանիշակագոյն շամրոքի տերեւները կը բացուին ցերեկը` լոյսը կլանելու համար, իսկ գիշերը կը փակուին:

Բոյսը ունի օդին մէջի թունաւոր նիւթերը կլանելու յատկութիւն` բնակելի տարածքը դարձնելով աւելի թարմ եւ առողջ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Коллекции растений ЦСБС СО РАН - Oxalis triangularis A. St. Hil. – Кислица треугольная»։ www.csbg.nsc.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022 թ․ հոկտեմբերի 19-ին։ արտագրուած է՝ 2023 թ․ հունիսի 23 
  2. Մանիշակագոյն շամրոք