Ճորճ Պուչիքեան

Ճորճ Պուչիքեան
Ծնած է 10 Մայիս 1965(1965-05-10)[1] (58 տարեկան)
Ծննդավայր Զահլէ, Լիբանան[1]
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան[1]
 Քանատա[1]
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, նախարար
Վարած պաշտօններ Minister of Industry of Lebanon?

Ճորճ Պուչիքեան (10 Մայիս 1965(1965-05-10)[1], Զահլէ, Լիբանան[1]), Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար (2021)։

Կենսագրական գիծեր եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պուչիքեան վկայուած է որակի եւ նորոգութեան մարտահրաւէրներու տնօրինման մարզին մէջ՝ Ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան տնօրինման Քանատայի հիմնարկէն:

Ան մասնագիտացած է պաշտօններու արժեւորման, ծրագրաւորումի եւ արտադրութեան մարզի տնօրինման, ծախսերու նուազեցման եւ որակի պահպանման ընդմէջէն՝ արտադրողականութեան բարելաւումը ապահովելու, պիւտճէներու պատրաստութեան եւ գործարկումի ծախսերու քննութեան մարզերուն մէջ:

Ճ. Պուչիքեան Այնճարի բարեկարգումի խորհուրդի նախագահն է: Ան անդամ է բժշկական սարքեր ներածող սենտիքայի տնօրէն խորհուրդին, Լիբանանեան- զուիցերիական առեւտուրի պալատին:

Ան հիմնած է լիբանանեան բազմաթիւ յաջող ընկերութիւններ, որոնք նպաստած են Լիբանանի եւ միջինարեւելեան շուկաներուն մէջ միջազգային վաճառանիշերու մուտքը ապահովելու:

Իր ղեկավարած հաստատութիւններն են՝ «Թեքնոլայն», «Թեքնոլայն օֆշոր», «Պայոտայամընտ Միտըլ Իսթ», «Մետթրէյտ Ֆարմասոթիքըլ», «Սփէյս Միթըր», «Աժտատ» եւ «Անշարժ գոյքերու Պուչիքեան» ընկերութիւնները:

Պուչիքեան կը տիրապետէ հինգ լեզուներու՝ հայերէնին, արաբերէնին, անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ գերմաներէնին:

Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակներ[2][3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 السيرة الذاتية لوزير الصناعة جورج بوشيكيان
  2. «Նոր Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչ, Ճարտարարուեստի Նախարար Ճորճ Պուչիքեանի Կենսագրութիւն»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2021-09-11։ արտագրուած է՝ 2021-09-14 
  3. «Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչ, Ճարտարարուեստի Նախարար Ճորճ Պուչիքեանի Կենսագրութիւնը»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2021-09-13։ արտագրուած է՝ 2021-09-14