Jump to content

Ճորճօ Վասարի

(Վերայղուած է Ճորճիօ Վազարի-էն)
Ճորճօ Վասարի
իտալ.՝ Giorgio Vasari
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Giorgio II Vasari
Ծնած է 30 Յուլիս 1511[1][2][3][…]
Ծննդավայր Արեցցօ, Ֆլորանսի Հանրապետութիւն[4][5]
Մահացած է 27 Յունիս 1574[2][3][5] (62 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆլորանս, Թոսքանայի Մեծ Դքսութիւն[4][5]
Քաղաքացիութիւն  Ֆլորանսի Հանրապետութիւն[6]
 Թոսքանայի Մեծ Դքսութիւն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Ուֆիցի եւ Նշանաւոր գեղանկարիչներու, քանդակագործներու եւ ճարտարապետներու «կեանքի նկարագրութիւններ»
Տեսակ պատմական գեղանկարչութիւն[5], Կրօնական նկարչութիւն[5] եւ դիմապատկեր[5]
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ, ճարտարապետ, արուեստագէտ, գրագէտ, կենսագիր, արվեստի տեսաբան, գեղագետ, գծագրող, տեսողական արուեստագէտ
Վարած պաշտօններ Պալատական նկարիչ
Անդամութիւն Գեղարուեստի Կաճառ
Ամուսին Niccolosa Bacci?
Ծնողներ հայր՝ Անթոնիօ Վասարի, մայր՝ Maddalena Tacci?

Ճորճօ Վասարի (իտալ.՝ Giorgio Vasari, 30 Յուլիս 1511[1][2][3][…], Արեցցօ, Ֆլորանսի Հանրապետութիւն[4][5] - 27 Յունիս 1574[2][3][5], Ֆլորանս, Թոսքանայի Մեծ Դքսութիւն[4][5]), իտալացի գեղանկարիչ, ճարտարապետ եւ գրող, «Կեանքի նկարագրութիւններ»ու հեղինակը։ Ժամանակակից արուեստաբանութեան հիմնադիրը։

Վասարիի տունը Արեցցոյի մէջ

Վասարիի հայրը` Անթոնիօ, բրուտ էր։ Ամբողջ կեանքին ընթացքին գեղանկարիչը ճանչցուած է «Ճորճօ Վասարի Արեցցոյէն» անունով: Երբ Վասարի 12 տարեկան էր, իր առաջին ուսուցիչը եղած է ֆրանսացի նկարիչ Կիյոմ տը Մարսէյ (Guillaume de Marseille), որ կը նկարէր Արեցցոյի տաճարին ապակենախշերը։ 1524-ին Վասարի կը տեղափոխուի Ֆլորանս, կ'ուսանի Անտրէա տել Սարթոյի (Andrea tel Sarto), Մայքըլ Անճելոյի եւՊաչիօ Պանտինելիի (baccio bandinelli) քով։ Երիտասարդ Վասարին կը հովանաւորէին Ալեքսանտր եւ Իպոլիտօ Մետիչիները, որոնք շուտ կը հեռանան Ֆլորանսէն։ Վասարի կը վերադառնայ Արեցցօ, ուր կը ստանայ քանի մը պատերու զարդանախշեր ստեղծելու պատուէրներ: Այդ օրերուն նշանաւոր քանդակագործ, նկարիչ եւ ճարտարապետ Ֆիորենթինօ Ռոսսօ (Fiorentino Rosso), որ Արեցցօ կը գտնուէր. քանի մը խորհուրդ կու տայ երիտասարդ Վասարիի։ Իբրեւ երախտագիտութեան նշան` Վասարի հետագային մանրամասն կը նկարագրէ անոր կեանքն ու ստեղծագործութիւնը։ Վասարի կը նկարէ Ռոսսօն։ Վասարի այդ տարիներուն կը գտնուէր նիւթական վատ պայմաններու մէջ. հայրը մահացած էր` վերջինիս ձգելով երեք քոյրերու եւ երկու եղբայրներու հոգատարութիւնը։ Որոշ շրջան մը Վասարի ոսկերչութիւն եւ արծաթագործութիւն կ'ուսանի, որ այդ օրերուն արուեստ կը համարուէր։

Ուֆիցիի համալիր, Ֆլորանս

1529-ին կը տեղափոխուի Պիզա, ուր դարձեալ գեղանկարչութեամբ կը զբաղի։ Ան կը սկսի ճամբորդել Իտալիոյ զանազան շրջանները՝ գործ փնտռելու համար: Կը հանդիպի Իփոլիթօ Մետիչիին (Ippolito de' Medici)։ Վերջինս Վասարին իրեն հետ Հռոմ կը տանի, ուր կը ստանայ «Վեներա եւ Քարիտներ» նկարին պատուէրը։

1531-ին Վասարի կը վերադառնայ Ֆլորանս` հերցոկ Ալեքսանդրի քով, որ գեղանկարչութեան մեծ սիրահար էր։ Հերցոկի պալատին մէջ Վասարի քանի մը նկար կը ստեղծէ, որոնցմէ` Ալեքսանտրի դիմանկարը, ինչպէս նաեւ ճարտարապետութիւն կը դասաւանդէ ։

1536-ին, Վասարի Արեցցոյի Ս. Քլարա եկեղեցւոյ համար կը նկարէ «Աւետում» կտաւը, որ ներկայիս Լուվրի մէջ կը պահուի։

1537-ին Ալեքսանտր Մետիչի կը սպաննուի, եւ Վասարի կրկին կը մնայ առանց հովանաւորի։

Երիտասարդ տարիքին` Վասարի արդէն մեծ հռչակ կը վայելէր։ 1540-ին ան Պոլոնիայի մէջ կը ստեղծէ «Ս. Գրիգորի ընթրիքը» կտաւը, որ կը դառնայ նկարիչին լաւագոյն գործերէն մէկը։ Կտաւը ներկայիս կը գտնուի Պոլոնիայի մէջ։ Նկարին բոլոր կերպարները Վասարիի ժամանակակիցներն են, որոնց անունները ան ներկայացուցած է իր գիրքին մէջ։

Վասարի-գեղանկարիչ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վասարիի միջանցքը՝ Ուֆիցիի թանգարանէն դիտուած

Վասարիէն մեզի հասած առաջին կտաւը «Յիսուսի թաղումն» է (1532, Վասարիի տուն-թանգարան, Արեցցօ)։ Վասարի շատ արագ աշխատած է երիտասարդ շատ նկարիչներու օգնութեամբ, որոնց անունները պահպանուած են։ Իր կենսագրութեան մէջ ան մանրամասն նկարագրած է իր ստեղծագործութիւնները։ Անոր կտաւները ստեղծուած են մեղմ գոյներով։

Վասարիի` ճարտարապետութեան մէջ ունեցած յաջողութիւնները փոփոխական եղած են։ Ան տաղանդաւոր էր զարդանախշեր գծելու մէջ, բայց ոչ այնքան ճարտարապետութեան մէջ։ Ան անյաջող կերպով վերակառուցած է քանի մը շէնքեր՝ չպահպանելով ճարտարապետական միասնութիւնը։ Անոր կառուցած նոր շէնքերը աչքի կը զարնեն առանձնայատուկ գեղեցկութեամբ եւ իւրօրինակութեամբ։ Ուֆիցի շէնքը Ֆլորանսի մէջ եւ Յուլիոս Գ. պապին համար նախատեսուած շէնքը Հռոմի մէջ կը վկայեն Վասարիի ճարտարապետական տաղանդին մասին։ Իր նախագիծով կառուցուած են կարգ մը շինութիւններ Պիզայի մէջ։

«Կեանքի նկարագրութիւններ»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ճորճօ Վասարի, Քեթսեմանիի պարտէզը

Վասարիի ամէնէն արժէքաւոր ժառանգութիւնը «Նշանաւոր նկարիչներու եւ քանդակագործներու կեանքի նկարագրութիւնները» գործն է, որ աւարտած է 1550-ին։ Երկրորդ վերամշակուած հրատարակութիւնը` նկարիչներու դիմանկարներով, լոյս տեսած է 1568-ին։ «Կեանքի նկարագրութիւններ»ը հարուստ փաստական նիւթ է` Վերածնունդի դարաշրջանի արուեստի յառաջադիմական դերին գնահատանքով։

Վասարի բծախնդրութեամբ աշխատած է։ Երբ ձեռագիրին մէկ մասը պատրաստած է, յանձնած է իտալացի գրող Հանիպալ Քարոյին (Hannibal Karo), որ օգնած է իր դիտողութիւններով` խորհուրդ տալով աւարտել աշխատանքը։ Աւելի ուշ՝ Մատթէօ Ֆաեթանի (Matteo Faetani), որ գրական զարգացում ունէր, Վասարիի յանձնարարութեամբ սրբագրութիւններ կատարած է գիրքին մէջ։ Այդ պատճառով գիրքը պատրաստ եղած է 1550-ին։ Բայց Վասարի, կրկին չբաւարարուելով, առաջարկած է լրացուցիչ տեղեկութիւններ հաւաքել ժամանակակից նկարիչներու մասին։ Այդ պատճառով առաջին հրատարակութենէն 18 տարի ետք գիրքը ամբողջական տեսք ստացած է։ Երկրորդ հրատարակութիւնը նկարիչներու դիմանկարներով զարդարուած է։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • The Lives of the Artists Oxford University Press, 1998. 0-19-283410-X
  • Lives of the Painters, Sculptors and Architects, Volumes I and II. Everyman's Library, 1996. 0-679-45101-3
  • Vasari on Technique. Dover Publications, 1980. 0-486-20717-X
  • Life of Michelangelo. Alba House, 2003. 0-8189-0935-8