Jump to content

Ղուկաս Կարնեցի

Ղուկաս Կարնեցի
Ծնած է 1722[1]
Մահացած է 1799[1]
Մասնագիտութիւն հոգեւորական
Վարած պաշտօններ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս[1]

Ղուկաս Ա․ Կարնեցի (1722[1] - 1799[1]), Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, յաջորդած՝ Սիմէոն Ա. Երեւանցիի[2]։

Ծնած է Վաղարշապատ։ Կրթութիւնն ստացած՝ Էջմիածինի Հոգեւոր դպրոցին մէջ, ուր այն տարիներուն կը դասաւանդէր ապագայ կաթողիկոս Սիմէոն Ա. Երեւանցին։ Կը նկատուի Սիմէոնի «շնորհածին եւ անդրանիկ որդի»։ 1751-ին Էջմիածինի վանքին մէջ կը ձեռնադրուի քահանայ[2]։ Սիմէոն Երեւանցին իր մահէն երկու օր առաջ կը կանչէ բոլոր եպիսկոպոսները ու կը յայտնէ, որ ինք կը նախատեսէ Ղուկասը, որպէս իրեն յաջորդող։ Սիմէոն Երեւանցիի թաղումէն 7 օր անց՝ Օգոստոս 2-ին, Կիրակի օր, տեղի կ'ունենայ Ղուկաս Ա. Կարնեցիի կաթողիկոսական օծումը։

1786-ին Յովնաթան Յովնաթանեանին նկարազարդել կու տայ՝ Էջմիածինի Մայր տաճարը, անոր յորդորով է որ Յարութիւն Շմաւոնեանը 1784-ին Մատրասի մէջ կը հրապարակէ հայկական առաջին պարբերական «Ազդարար»ը։

Կաթողիկոսական գահին Ղուկաս Ա. Կարնեցիին կը յաջորդէ Դաւիթ Ե. Էնեգեթցին։

Այն միջոցին Կարնոյ առաջնորդն էր Քիւթիւր մականուանեալ Պետրոս եպիսկոպոսը, որ յետոյ 1748-ին կաթողիկոս ընտրուելով մէկ տարի պաշտօնավարեց, բանտարկուեցաւ ու աքսորուեցաւ։ Բոլորովին անծանօթ մնացած է իր պատանեկան ու վարդապետական կեանքը։ 1763 Յունիս 17-ին Սիմէոն կաթողիկոսէն եպիսկոպոս ձեռնադրուած ու անուանուած է «Անդրանիկ եւ շնորհածին զաւակ Սիմէոն կաթոցիկոսի»։ 14 տարի իբր եպիսկոպոս վարած է Զմիւռնիոյ առաջնորդութիւնը, այնուհետեւ Էջմիածին կանչուելով՝ Սիմէոն կաթողիկոսի խորհրդականը եղած է մօտ 3 տարի։

Սիմէոն կաթողիկոս իր մահուան անկողնոյն մէջ իր մօտ կանչելով Ս.Էջմիածնի աւագ լուսարար ծերունազարդ Մարկոս Արքեպիսկոպոսը յայտնեց, թէ իր վերջին կամքը ու կտակն է որ շուտով եւ առանց յետաձգելու իրեն յաջորդ ընտրեն Կարնեցի Ղուկաս եպիսկոպոսը, որ Զմիւռնիոյ առաջնորդութենէն կանչելով իր մօտ կը պահէր, ըսելով միշտ թէ իրեն պէտք է ան ու թէ «Եթէ մահ պատահի իր աթոռը անայցելու չմնայ այս վնասաշատ ժամանակին մէջ»։

20 Յուլիս 1780 -ին, երբ Սիմէոն կաթողիկոս վախճանեցաւ, Մարկոս Ա. եպս. Միաբանութեան արտասուագին յայտնեց հանգուցեալ հայրապետին կտակը։ 1780 Յուլիս 22-ին ժողով կազմեցին «Աթոռի Միաբանութիւն»ն ու Երեւանի հայ երեւելիները, կաթողիկոս ընտրելու համար. ժողովականներու մեծ մասը նկատի ունենալով Սիմէոնի կտակը եւ մօտակայ վտանգները, որ կրնար յառաջ գալ, ան անգլուխ միաբաններուն ծանօթ էր որպէս խոհական, հանճարեղ եւ վարչական ընդունակութեամբ օժտուած անձ, բայց անձնական խնդիրներ եւ քաղաքական կնճռոտութիւններ պահ մը խանգարեցին զիրենք։ Վերջապէս հաշտութիւն գոյանալով միաբանական ժողովին մէջ համբուրեցին Տ. Ղուկասի աջը եւ «Կեցցէ Տէր մեր Ղուկաս Սրբազան» գոչելով իրենց հաւանութիւնը տուին, այդպիսով Ղուկաս համարուեցաւ ընտրուած կաթողիկոս ամենայն հայոց եւ Օգոստոս 2-ին մեծ հանդէսով օծեցին զինքը։

Ընտրական մահսարը ստորագրուելէ յետոյ մերձակայ հայ բնակիչներն ալ կնքեցին ու օծումէն քսան օր ետք ղրկեցին Պոլիս` մահսարտար Սէթ Պետրոս եպս. Խոզարածեանցի ձեռքով, որպէսզի Պոլսոյ հայերու հաճութիւնն ալ ստանայ ու հաստատութեան ֆէրմանը հանել տայ Սուլթանէն։ Բայց լուրը արդէն Պոլիս հասած էր մահսարտարէն առաջ։ Զաքարիա Պատրիարք եւ հայ մեծամեծները չափազանց զայրացած էին Էջմիածինցիներէն առանց իրենց խորհուրդին ընտրութիւն կատարած ըլլալնուն համար, ի հարկէ առանց ծանօթ ըլլալու այն քաղաքական մեծ պայքարի պատճառներուն, որոնցմով ստիպուած էին կատարել այդ բացառութիւնը։ «Զաքարիա Պատրիարք» մանաւանդ գրգռուած էր, որովհետեւ ինքն ալ կը փափաքէր կաթողիկոս ըլլալ։

Հակառակ մահսարտարին համոզիչ փաստերուն «Զաքարիա Պատրիարք», որոշեց չճանչնալ Ղուկասի ընտրութիւնը, տպել տալով հին տօնացոյցը ժողվել եւ այրել տուաւ Սիմէոն Կաթողիկոսի կազմածները, հրամայեց չյիշատակել Ղուկասի անունը եկեղեցիներու մէջ, ինչ որ երկու տարիի չափ տեւեց։ Պոլիս երկու կուսակցութիւններու բաժնուած էր այս պատճառով, մէկ մասը կ'ուզէր ճանչնալ զինքը եւ իրաւունք կու տար Էջմիածնի միաբանութեան ընթացքին, մինչդեռ միւս մասը Զաքարիայի առաջնորդութեամբ կը մերժէր ճանչնալ։

Այս պարագաներուն մէջ Ղուկաս կաթողիկոս շատ խոհեմ եղաւ, երկար ատեն եպիսկոպոսական օծում չկատարեց ու լուր ղրկեց Զաքարիայի, թէ եթէ կ'ուզէ կաթողիկոս ըլլալ ինք պատրաստ է քաշուելու վանքին մէկ սենեակը։ Խոհեմութիւն համարեց նաեւ Մայր Տաճարին մէջ տեղապահներու յատկացուած տեղը կենալ։ Այդպիսով ուզեց, որ ազգին երկպառակութիւնը վերնայ. Ղուկասի կուսակիցները տեսնելով կաթողիկոսին խոհեմ ընթացքը հետզհետէ կ'աւելնային, որով «Զաքարիայ Պարիարք»ի կուսակիցները ստիպուեցան տեղի տալ ու որոշեցին ընդունիլ Ղուկասի կաթողիկոսութիւնը[3], բանակցութեան սկսան ու Տիգրանակերտի առաջնորդ Կարապետ Ա. եպս.ը ուղարկելով Էջմիածին, անոր պայմաններ ու միջոցներ առաջարկեցին։

Այդ պայմաններն էին․

  1. Սիմէոն կաթողիկոսին փոքրաւորները հեռացնել վեհարանէն, ինչ որ գործադրուեցաւ։
  2. Կաթողիկոսին ընտրութեան համար կանոններ սահմանուին։
  3. Կաթողիկոսին խորհրդականներ տրուին։
  4. Կ. Պոլսոյ պատրիարքը տեղեակ ըլլայ Էջմիածինի հաշիւներէն եւ իրաւունք ունենայ պատուէրներ տալ Էջմիածինի նուիրականերուն։ Այս միջոցին Զաքարիա ստիպուեցաւ քաշուիլ Պատրիարքական աթոռէն ու աքսորուեցաւ 1781 Մայիս 2-ին Պրուսա եւ անոր յաջորդեց Պրուսայի առաջնորդ Յովհաննէս Համատանցի Արքեպիսկոպոսը։ Այս դէպքէն ետք հայ մեծամեծներ սիրտ առած` «Բ. Դռնէն» հանել տուին Ղուկասի հաստատութեան Ֆէրմանը եւ ուղարկեցին Էջմիածին, որով ճանչցուեցաւ օրինական կաթողիկոս ամենայն հայոց։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 5 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2000.
  2. 1 2 «ՂՈՒԿԱՍ Ա․ ԿԱՐՆԵՑԻ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-03-18-ին։ արտագրուած է՝ 2019-05-20
  3. «ՂՈՒԿԱՍ Ա․ ԿԱՐՆԵՑԻ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-05-14-ին։ արտագրուած է՝ 2019-05-20