Jump to content

Ձորաեզրի վանք

Հոռոմայրի վանք (վերին հուշարձանածումբ)
Ձորաեզրի վանք

Հիմնական տեղեկութիւններ
Տեղագրութիւն Լոռիի մարզ, Օձուն
Թեմ ՀԱԵ
Տարածաշրջան Հայաստան
Հոգեւոր կարգավիճակ Գործող
Ներկայ վիճակ կանգուն
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Ճարտարապետ(ներ) Գրիգոր քարգործ
Ճարտարապ. ոճ Հայկական
Կառուցման սկիզբ 13-րդ դար
Կառուցման աւարտ 13-րդ դար
Առանձնայատկութիւններ
Շինանիւթ Պազալտէ սրբատաշ քար եւ դեղնաշագանակագոյն ժայռի տեսակ

Ձորաեզրի վանք, հայ առաքելական միջնադարեան վանական համալիր Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռի մարզի Օձուն գիւղի մէջ[1]՝ բնակավայրէն 1.5 քմ հարաւ-արեւելք, Օձուն - Այգեհատ ճանապարհէն ձախ՝ ձորաեզրին[2][3]։ Ընդգրկուած է Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Համաձայն վիմագրական աղբիւրներու՝ շինութիւններու վերին յուշարձանախումբը կառուցուեր է Հոռոմայրի միաբաններու նախաձեռնութեամբ եւ թէեւ կանգնած է մասնակիօրէն մեկուսի, այնուհանդերձ համարուեր է Հոռոմայրի վանքի բաղկացուցիչ մասը:

2017 թուականին վանքը ամբողջութեամբ վերականգնուեր է։ Վերականգնող ճարտարապետ` Սուրեն Աբովեան:

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձորաեզրի վանքը կազմուած է եկեղեցիներէն եւ գաւիթէն: Շէնքերու համաչա' դասաւորութիւնը նախագիծային որոշակի մտայղացման արդիւնք է:[4] Կեդրոնին մէջ կը գտնուի հաւասարակողմ փոքրիկ գաւիթը, որ հարաւային եւ հիւսիսային կողմերէն հաղորդակից է երկու նոյնածավալ միանաւ թաղածածկ եկեղեցիներուն: Վանքի արեւմտեան մասին մէջ կը գտնուի միջնադարեան գերեզմանոցը, ուր կան նաեւ ուշ ժամանակաշրջանի տապանաքարեր:

Գլխաւոր մուտքը բացուած է գաւիթի արեւմտեան պատին եւ միայն գաւիթի ներսէն կարելի է մտնել եկեղեցիներ, ընդ որում հարաւային եկեղեցւոյ մուտքը կողմնորոշուած է դէպի գաւիթ, իսկ հիւսիսայինինը՝ գաւիթէն դէպի եկեղեցի: Այդ հանգամանքը, ինչպէս նաեւ հարաւային եկեղեցւոյ հետ գաւիթը:[5]

Հիւսիսային եկեղեցի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

3.1 մ x 2.45 մ չափերով, կիսագլանաձեւ թաղով ծածկուած ուղղանկիւն դահլիճ է՝ առնուած երկլանջ կտուրի տակ: Ծածկը չէ պահպանուեր: Արեւմտեան ճակատը ամբողջութեամբ ծածկուած է խաչի պատկերներով: Այդ խաչքարի մէջ պատուհանի բացուածքը ուղղանկիւն կտրտուածքներով իրարու վրայ նստած կրկնակի քարերէն է: Եկեղեցին կառուցուած է դեղնաշագանակագոյն ֆելզիթ ժայռի տեսակով:[6]

Հարաւային եկեղեցի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

3.2 մ x 2.15 մ չափերով, կիսագլանաձեւ թաղով ծածկուած ուղղանկիւն դահլիճ է՝ առնուած երկլանջ կտուրի տակ: Կիսաշրջանաձեւ խորանը գմբէթարդի սահմանագիծով եզերուած է պարզ տրամագիծի գօտիով, որը կը շարունակուի նաեւ երկարատարած պատերուն մէջ։ Պատերը իրականացուած են սրբատաշ (պազալտէ) սեւակուճ քարերով: Մուտքի որմնակամարի արձանագրութեան համաձայն եկեղեցին կառուցուեր է 1206 թուականին՝ վանքի առաջնորդ Սամուէլի կողմէն: Արեւելեան պատուհանի տրամագիծի վրայ կը յիշատակուի կառուցող վարպետի անունը՝ Գրիգոր քարգործ:

աջէն

Կառուցուեր է 13-րդ դարուն՝ դեղնաշագանակագոյն (ֆելզիթէ) ժայռի տեսակ սրբատաշ քարերով:

Գաւիթը առաւելապէս ուշագրաւ է իր կառուցուածքային առանձնայատկութիւններով: Գրեթէ քառակուսի (4.35 մ x 4.1 մ) յատակագիծով սրահ է՝ ծածկուած անկիւնագծային դասաւորութեամբ, փոխհատուող կամարներով ուժեղացուած թաղով: Ներսէն չորս անկիւնները բաժնուած են որմնամոյթերով, որու շնորհիւ ներքին տարածութիւնը յատակագիծին մէջ դարձեր է ութանկիւնի: Որմնամոյթերէն դէպի վեր անկիւնագիծով կ'երկարին երկու կամարներ եւ կը խաչուին առաստաղի ուղիղ կենդրոնին մէջ:

Վանքի գաւիթը աւելի պարզ շինութիւն է, քան 13-րդ դարու խաչուող կամարներ ունեցող այլ ճարտարապետական յուշարձաններ (Դեղձնուտի վանք, Մշկավանք, Նոր Վարագավանք, Խորակերտի վանք, Հաղպատի վանական համալիր|Հաղպատի վանք]] եւ այլն): Երկու զոյգ կամարներու փոխարէն, շէնքի փոքրութեան պատճառով ունի միայն մէկը, որը ինքնատիպ լուծում է՝ կամարներու անկիւնագծային տեղագրութեամբ:

Գաւիթի արեւմտեան մուտքը բաւական մեծ է: Պատուհաններու բացակայութեան հանգամանքը կատարեր է նաեւ ներսի լուսաւորումը: Եկեղեցիները գաւիթէն աւելի բարձր եղեր են:

Վանքի գերեզմանոցը կը գտնուի համալիրի արեւմտեան հատուածին մէջ։ Պահպանուեր են մօտ տասնեակին հասնող խաչքարեր:

Զարդարիչ յարդարանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճարտարապետական ձեւերու պարզութեանը համապատասխան շինութիւններու Զարդարիչ յարդարանքը նաեւ բաւական զուսպ է: Յարդարման ձեւերը աւանդականօրէն երեք տիպի են՝ զարդաքանդակներ, ճարտարապետական Զարդարիչ տարբեր եւ պատկերաքանդակներ:

Միակ պատկերաքանդակը կը գտնուի հարաւային եկեղեցւոյ արեւելեան պատուհանի վրայ, արտաքուստ: Պսակի երկշարք կամարի երկու կողմերուն տեղադրուած են դէմ-յանդիման կանգնած երկու աղաւնիներու հարթաքանդակներ:

Գաւիթի տանիքը պահպանուած կամարները մասնակիօրէն յարդարուած են զարդաքանդակի տարրերով: Երկու զարդեր քանդակուած են կամարներու ներսի կողմի վերնամասին: Ոճական ընդհանրութիւնէն պարզ կը դառնայ, որ այս զարդաքանդակները կատարուեր է միեւնոյն քանդակագործի կողմէն:

  1. Մէկը պատկերն է յաւերժութեան նշանի, կազմուած գնդաձեւ ուռուցիկ մակերեսին սփռուած ելունդաւոր (դուրս ցցուած) գիծերով:[7] Ոլորաձեւ տարածուող այդ գիծերու ուղղութիւնը շեշտուած է կլոր շրջանակէն թեքուած դէպի դուրս շեղուող խաղողի եւ ոճաւորուած տերեւներու քանդակներով, որոնք կլորաձեւ զարդապատկերին շարժում կը հաղորդեն:
  2. Միւսը պարզ վարդեակ է, կեդրոնէն տարածուող միատեսակ ծաղկատերեւներով: Փոքրիկ կլորաձեւ կեդրոնի վրայ կրկնուած է յաւերժութեան նշանի գծապատկերը:

Ճարտարապետական տարրերով յարդարուեր է նաեւ գաւիթի արեւմտեան եւ հարաւային եկեղեցւոյ մուտքերը, երկուքն ալ շրջանակուեր են Զարդարիչ որմնասիւներով եւ կամարներով:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Brothers Baghdasaryan։ «Հոռոմայր վանքային համալիր»։ www.findarmenia.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-13 
  2. Ի. Հարութիունեան, Աշակերտի յուշատետր, Լումա հրատարակչութիւն, գիրք Ա, Թփղիս, 1897 թուական, էջ 275
  3. Հ. Եղիազարեան, Ալավերտու շրջանի մշակութային յուշարձանները, Երեւան, 1952 թուական, էջ 35-36։
  4. Հ. Եղիազարեան, Ալավերտու շրջանի մշակութային յուշարձանները, Երեւան, 1952 թուական, էջ 36։
  5. Ա. Ա. Մանուչարեան, Հոռոմայրի վերին յուշարձանախումբը, «ՊԲՀ», 1979 թուական, թիւ 4, էջ 267։
  6. Ա. Ա. Մանուչարեան, Հոռոմայրի վերին յուշարձանախումբը, «ՊԲՀ», 1979 թուական, թիւ 4, էջ 270
  7. Ա. Ա. Մանուչարեան, Հոռոմայրի վերին յուշարձանախումբը, «ՊԲՀ», 1979 թուական, թիւ 4, էջ 268