Հրաչ Փափազեան
Հրաչ Փափազեան | |
---|---|
Ծնած է | 19 Յունիս 1892 |
Մահացած է | 16 Օգոստոս 1960 (68 տարեկանին) |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Հրաչ Փափազեան (աւազանի անունով՝ Կարապետ-Կարպիս[1], 19 Յունիս 1892 - 16 Օգոստոս 1960), հայ իրաւաբան, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եօթը տարեկանին փոխադրուած է Սեբաստիա, ուր հինգ տարի մնալէ ետք, 1904-ին ղրկուած է Պոլիս իր ազգականներուն մօտ։ Հոն ստացած է իր կրթութիւնը, աւարտելով համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը։ 1910-ին մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը։
1914-ին անցած է Հալէպ, Եղեռնէն փրկուելով, իսկ 1919-ին վերստին վերադարձած Կ.Պոլիս։ Ան մեծապէս նպաստած է «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպման ու գործադրութեան աշխատանքներուն, յատկապէս Պերլինի մէջ։
Վերադառնալով Պոլիս, այնուհետեւ անցած է Յունաստան 1922-ին, զբաղելով ազգային, քաղաքական եւ կուսակցական աշխատանքներով։
Ընդմիջումներով Աթէնք եւ Սելանիկ մնացած է մինչեւ 1926-ի վերջերը եւ ապա կուսակցական գործով հաստատուած է Հալէպ, ուր վարած է կուսակցական (ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ), հանրային եւ պետական (Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ) երկարամեայ գործունէութիւն։ 1957 թուականին փոխադրուած է Լիբանան։
Ծանրօրէն հիւանդ, Փափազեանի կեանքի վերջին ամիսները տառապալից եղած են։ Աչքերը փակած է16 Օգոստոս 1960-ին, Շթորայի մէջ, եւ ազգային յուղարկաւորութեամբ թաղուած Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատան մէջ, Պէյրութ[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յարգանք Անկախութիւն Կերտողներուն Յիշատակին
- ↑ «Ֆրըն Շըպպեքի Եւ Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուներուն Մէջ . Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Եւ Յարգանքի Տուրք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կերտիչներու Յիշատակին»։ Hayern Aysor։ 2014-06-02։ արտագրուած է՝ 2021-11-09