Jump to content

Հռովմէական թուանշաններ

Հռովմէական թուանշաններ՝ նշաններու համակարգ մըն է, որ կը գործածուէր Հին Հռովմի ատենը: Ներկայիս ունի խիստ սահմանափակ գործածութիւն:

Թիւերը գրառելու համար կը կիրառուեն լատինական այբուբենի որոշ տառերու տեսքով նշաններ, որոնք ունեն իրենց արժէքները՝

Ժամացոյցներու թիւերը գրելու աւանդոյթ մըն է 4 թուանշանը IIII ձեւով գրելու
Պորիս Ելցինի ինքնագիրին տակ 10 Նոյեմբեր 1988: Ամիսը նշուած է հռովմէական նշաններով
Նշան I V X L C D M
Արժէքը 1 5 10 50 100 500 1000
Եունիքոտային կարգը U+2160 U+2164 U+2169 U+216C U+216D U+216E U+216F

Թիւերու Համակարգը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռովմէական թիւերուն համակարգը ոչ դիրքային հաշուարկման համակարգ մըն է։ Թիւերը կը գրառուեն նշաններու կրկնութեան միջոցաւ՝ III=3, XX=20 եւ այլն։ Եթէ փոքր արժէքով նշանը մեծէն յետոյ է, ապա անոր կը գումարուէ, իսկ եթէ առաջ է, ապա՝ կը հանուէ՝ VII=5+2=7, CM=-100+1000=900 եւ այլն։

Տասնային հաշուարկման համակարգէն հռովմէականի տարբերութիւններէն մեկն այն է, որ տասնային համակարգի մէջ թիւերու մեծացմանը զուգահեռ աճում է ատոնք արտայայտող թուանշաններու քանակը՝ միանիշէն դառնալով երկնիշ, եռանիշ եւ այլն, իսկ հռովմէական համակարգին մէջ ատանկ չէ։ Զորօրինակ՝ քառանիշ 2015 թիւը հռովմեական թուանշաններով գրելիս անիկա կը ստանայ նույնպէս քառանիշ MMXV տեսքը, իսկ ահա անկէ զգալիորէն փոքր եռանիշ 847-ի հռովմէական DCCCXLVII գրառումը բաղկացած է ինը նիշերէն։
Եթե տասնային համակարգին մէջ թիւի գրառման ատենը կը գրուէ տասնային կարգերն արտայայտող թիւերու (տասնաւորներ, հարիւրաւորներ, հազարաւորներ եւ այլն) միայն առաջին թուանշանները, ապա հռովմէականի պարագային ատոնք կը գրուեն ամբողջութեամբ, զորօրինակ՝

  • 3694=3000+600+90+4=MMMDCXCIV, MMM=3000, DC=600, XC=90, IV=4

Լատինագիր գրուածքներուն մէջ թիւերը տարբերակելու համար երբեմն անոնք վարէն եւ վերէն կը գծանշուեն Կաղապար:Overline

Կիրառութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]