Հիփոքամփուս Նալու
| Հիփոքամփուս Նալու |
|---|
| Գիտական դասակարգութիւն |
|
|
| Լատիներէն անուանում |
| Hippocampus nalu
|
Հիփոքամփուս Նալու, Հարաւային Ափրիկէի արեւելեան ծովափին դիմաց, Հնդկաց ովկիանոսին մէջ ապրող իւրայատուկ անասուն մը: Ան ափրիկեան առաջին փիկմին, մանր ձիաձուկն է:
Յայտնաբերում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սաւանա Նալու Օլիվիէ սուզումի մարզիչը 2017-ին կը հետախուզէ Հարաւային Ափրիկէի Սոտուանա ծովախորշին խորութիւնները, ան կը նկարէ շատ փոքրիկ ձիաձուկ մը, հազիւ բրինձի հատիկի մը մեծութեամբ: Մէկ տարի ետք ան նկարը ցոյց կու տայ գիտնականներու: Ասիկա կը դառնայ առաջին փիկմի մանր ձիաձուկը, որուն գոյութիւնը կ'արձանագրուի Հնդկաց ովկիանոսին մէջ: Զայն կ'անուանեն Հիփոքամփուս Նալու` ի պատիւ զայն գտնող հետախոյզին[1]:
Մինչեւ այդ թուականը ծանօթ էին փիկմի մանր ձիաձուկի միայն 7 տեսակներ. անոնք կ'ապրէին Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, Ինտոնեզիոյ, Մալեզիոյ եւ Ֆիլիփինեաններու եռանկիւնին մէջ, հարաւարեւելեան Ասիոյ, Ճափոնի ջուրերուն մէջ: Այդ ընտանիքէն նոր տեսակ մը 8000 քմ հեռու գտնելը շատ զարմանալի է, կը նմանի «ագեվազ մը գտնելու Նորվեկիոյ մէջ» ինչպէս կ'արտայայտուի գիտնականներէն մէկը:
Բնութագրում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միւս փիկմի մանր ձիաձուկերու նման, այս ձիաձուկին հասակն ալ չ'անցնիր 2 սմ-ը: Սակայն այս ծովային անասունը խորհրդաւոր կը թուի գիտնականներուն: Ան առաջին ձիաձուկն է, որ կ'ապրի ջրախոտերուն եւ աւազին մէջ եւ ոչ` հանդարտ ջուրերուն մէջ: Ան ունի նաեւ ուրիշ իւրայատկութիւն մը, անոր կռնակի փուշերուն ծայրերը սուր են, մինչեւ անոր զարմիկներուն փուշերուն ծայրերը տափակ են[2]: