Jump to content

Հերհեր (Մարտունի)

Գիւղ
Հերհեր
Երկիր Արցախ
Շրջան Մարտունի
ԲԾՄ 851 մեթր
Ազգային կազմ Հայեր
Կրօնական կազմ Հայ Առաքելական եկեղեցի
Ժամային գօտի UTC+4։00

Հերհեր, գիւղ ԼՂՀ Մարտունի շրջանին մէջ։ Պատմական վկայութիւններուն մէջ առաջին անգամ կը յիշատակուի ԺԴ. դարու արձանագրութիւններուն մէջ։ Եղած է Վարանդա շրջանի հոգեւոր կեդրոններէն մէկը, հոս գտնուած է Ամարասի Ս. Գրիգորիս վանքին ամառանոցը։ Գիւղը տարիներու ընթացքին բաժնուած է երկու մասի՝ Վերին եւ Ներքին Շէն։ Գիւղը ունի 12 փողոց եւ ճամբով մը կապուած է Քարահունջին, ինչպէս նաեւ Սօս եւ Կարմիր Շուկայ գիւղերուն հետ։ Գիւղին մէջ կը գործեն դպրոց մը եւ մարզադահլիճ մը, կառուցուած ֆրանսացի բարերարներու օգնութեամբ՝ 2000 եւ 2011 թուականներուն։

1950-ական թուականներուն, Հերհեր գիւղին մօտ, ճամբայ մը կառուցելու ատեն, գտնուած է հին գերեզման մը, որ կը վկայէ Հերհեր գիւղին տեղը հնադարեան բնակավայրի մը առկայութեան մասին։ Հերհեր գիւղին մասին առաջին ձեռագիր տեղեկութիւնը մեզի հասած է Հերհեր եւ Քարահունջ գիւղին միջեւ կնքուած ԺԴ. դարու կալուածագիրէն։ 1666-ին հոս կառուցուած է Ամարասի Ս. Գրիգորիս վանքին ամառանոցը։

Ամարասի Ս. Գրիգորիս վանքին ամառանոցը

Հերհերի ու Ծովատեղի թիկունքին ԺԸ. դարուն գտնուած է Քոչիզ սղնախը, որ դարձած էր 1720-ականներուն օսմանեան ուժերու դէմ հայերուն պայքարի կեդրոններէն մէկը։

Սովետական իշխանութիւնը շատ մեծ վնաս հասցուցած է գիւղին քրիստոնէական յուշարձաններուն։

Ղարաբաղեան հակամարտութեան տարիներուն (1991-1994) գիւղին տղոց մեծամասնութիւնը մասնակցած է Մարտունի շրջանին պաշտպանութեան մարտերուն (165 հոգի), եւ միւս տարածքներուն ազատագրման։

Գիւղը յայտնի է իր բազմաթիւ աղբիւրներով, որոնք կը կազմեն անոր պատմութեան մէկ մասը՝ «Պրպտան», «Երէ ճիւր», «Հոռուն քոլ» կամ «Ուռենու աղբիւր», «Չալունց աղբիւր», «Ծլոկի» աղբիւր, «Ճրմաճիւր» (Ջերմաջուր) (ունի բուժիչ յատկութիւններ) եւ բազմաթիւ այլ աղբիւրներ։

Յուշարձաններ եւ այլ շինութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղին մէջ կայ ազատամարտիկներուն նուիրուած յուշարձան մը, ինչպէս նաեւ Բ.համաշխարհային պատերազմի զոհերուն նուիրուած յուշարձան մը։ Ունի հանդիսասրահ մը, դպրոց մը եւ մարզադահլիճ մը (2011)։

  • Ս. Երեմեան, Հայաստանը ըստ Աշխարհացոյցի
  • Բ. Ուլուբաբեան, Արցախը պատմական աղբիւրներուն եւ պատմագիտական գրականութեան մէջ, Երեւան, 1969
  • Բ. Ուլուբաբեան, Զրուցարան, Երեւան, 1991