Ջերմաջուր
Բնակավայր | |
---|---|
Ջերմաջուր | |
ազրպ.՝ İstisu | |
Երկիր | Արցախ |
Ժամային գօտի | UTC+4։00 |
Ջերմաջուրը առողջարանային աւան է Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանին մէջ։
Ջերմաջուր կը գտնուի 2200-2400 մ բարձրութեան վրայ, Թարթառ գետի ափին, Քարվաճառէն դէպի հարաւ 20 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Ջերմաջուրէն 75 քմ դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուի Սոթքի գնացքին կայարանը։
Ուշագրաւ է նաեւ Ջերմաջուր տանող ճամբան, որն կ'անցնի Թարթառ գետի ափով` ժայռերու եւ անտառներու մէջէն: Թարթառ գետի ափին կը գտնուին գետնին խորքէն բխող բնական բուժիչ տաք ջուրերը, որոնց ջերմաստիճանը շուրջ 60º C-ի կը հասնի անկախ տարուան եղանակէն[1]:
Ջերմաջուր հարուստ է բնական տաք աղբիւրներով։ Հանքային ջուրը ունի բուժիչ յատկութիւններ եւ բաղադրութեամբ կը նմանի Ջերմուկի հանքային ջուրերուն։ Անցեալին Ջերմաջուրի մէջ գործած են բազմաթիւ առողջարաններ։ Արցախեան ազատամարտի ատեն Ջերմաջուրը մեծապէս վնասուած է ռազմական գործողութիւններէն։ Գետնին որքէն բխող տաք, թթու եւ հանքային բնական բուժիչ ջուրերը իրենց բաղադրութեամբ կը բուժեն այնպիսի հիւանդութիւններ, ինչպիսիք են՝ թոքաբորբը, մկանային, ինչպէս նաեւ մաշկային շարք մը հիւանդութիւններ[2]:
«Տաք աղբիւրը» բնական «ժաքուզի» է շուրջ 2,5 մեթր տրամագիծով եւ 1 մեթր խորութեամբ, ձեւաւորուած է կրաքարային տարածքէ: Տաք հանքային ջուրը կը ժայթքի կեդրոնէն: Ջուրին ջերմաստիճանը այնքան տաք է, որ նոյնիսկ ցուրտ եղանակին կարելի է հոն լոգանք ընդունիլ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Ջերմաջուր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-07-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-02
- ↑ «Հանքային ջուրին բուժիչ յատկութիւնները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-08-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-02