Հենրիկ Անասեան

Հենրիկ Անասեան
Ծնած է 10 Ապրիլ 1937
Ծննդավայր Երեւան
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց
Տեսակ դասական երաժշտութիւն եւ Երգ
Մասնագիտութիւն խմբավար, հասարակական գործիչ, գրագէտ
Աշխատավայր Երաժիշտ եւ խմբավար
Ամուսին Մարիեթա Անասեան
Ծնողներ հայր՝ Ցակոբ Անասեան

Հենրիկ Անասեան (10 Ապրիլ, 1937) Երեւան: Հայ երաժշտահան, գրող, հասարակական գործիչ, պատմաբան, բանասէր, աղբիւրագէտ, մատենագէտ, ձեռագրագէտ, Յակոբ Անասեանի որդին։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Շիրվանզադէի անուան դպրոցին մէջ։

20 տարեկանին ինքնաշխատութեամբ նորագրութիւն սորված է եւ իբրեւ բացառութիւն 1957-ին իրաւունք ստացած է մասնակցելու Երեւանի Ռոմանոս Մելիքիանի անուան Երաժշտական վարժարանի մուտքի քննութիւններուն եւ հետեւած խմբավարական մասնագիտութեան։

Ուսանողութեան տարիներուն Յ. Անասեան կը ղեկավարէ երգչախումբեր Երեւանի մէջ։ Միեւնոյն ատեն կը սկսի երգեր յօրինել։

Առաջին ստեղծագործութիւնները երեւան կու գան 1959-60 թուականներուն: 1960-ին իր «Գովք Հայրենիքիս» խմբեգրին շնորհիւ կը դառնայ Հայաստանի Ռատիոյի դափնեկիր։

1961-ին կ'աւարտէ վարժարանը, նոյն տարին կը դառնայ Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցի ուսանող եւ կ'աշակերտէ նշանաւոր խմբավար Միքայէլ Մալունցեանի։

1966-ին կը վկայուի Պետական Երաժշտանոցէն եւ կը նշանակուի իր փրոֆեսորին օգնական խմբավարը։ Հայաստանի Պետական սեմֆոնիք նուագախումբին։

1962-էն սկսեալ Հայաստանի Ռատիոյի եւ Հեռատեսիլի Պետական կոմիտէին մէջ վարած է զանազան պատանասխատու պաշտօններ: Նոյն Հաստատութեան մէջ եղած է նաեւ սեմֆոնիք նուագախումբի եւ ժողովրդական գործիքներու անսամպլի ղեկավար։

1974-1977 ստանձած է Թ. Ալթունեանի անուան Հայկական ժողովրդական երգի եւ պարի անսամպլի ղեկավարի կարեւոր պաշտօնը։ Իր գործունէութեան առաջին քսան տարին անցած է Մայր Հայրենիքի մէջ տուած է Համերգներ տարբեր Երաժշտախումբերով, Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան տարածքին։

Երաժշտական գործունէութեան առընթեր յաջողութիւններ արձանագրած է գրական-լրագրական ասպարէզին մէջ։ Սկսած է գրել աշակերտական նստարաններէն։ Աշխատակցած է Հայաստանի թերթերուն եւ ամսագրերուն։

Իր գրական գործերը Հրատարակուիլ սկսած են 1955-ին

1978-ին Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք կը հիմնէ «Սիփան» երգչախումբը։

1982-ին Լոս Անճելըս ի մէջ կը ղեկավարէ Հ.Բ.Ը.Մ. «Արտարապա» երգի եւ պարի անսամպլի Համերգը։ 1985-էն սկսեալ խումբեր ղեկավարելով Համերգներ կու տայ գլխաւոր քաղաքներու մէջ։

1987-ին Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին Համազգային Մշակութային Ընկերակցութեան հրաւէրով տեղւոյն խումբերը մարզելով աննախընթաց Համերգ մը կը սարքէ։

1990-1991 տարիներուն Հայաստան կը հրաւիրուի իր «Սիփան» երգչախումբին հետ համերգներ տալու, ընկերակցութեամբ Հայաստանի Ռատիոյի եւ Պետական Երաժշտանոցի սեմֆոնիք նուագախումբերուն։

Հ. Անասեան իր իսկ յօրինած եւ մշակած խմբերգներն է, որ կը հրամցնէ հանրութեան։

Իր երգչուհի տիկինը՝ Մարիեթա Անասեան նոյնպէս եղած է ուսանող Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցի։ Անոնք բախտաւորուած են երկու որդիներով՝ Արմէն եւ Արամ։

Անասեան ստեղծած է «Սրբազան համերգ» շարքը՝ նուիրուած Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին, գրած «Հայրենիք եւ սէր», «Սայեաթ-Նովա», «Ճանապարհ» սեմֆոնիք պոեմը, տուտուկի եւ նուագախումբի համար, խմբերգներ, երգեր («Սիրում եմ», «Երազ աղջիկ» եւ այլն)։

Հեղինակ է երաժշտական գործերու («Իմ հայրենիք», «Կռունկ, բարով դառնաս», 1997), գրական, երաժշտագիտական, հրապարակախօսական յօդուածներու ժողովածուներու՝ «Լուռ ցաւեր» (1990), «Այս եմ ես...» (հ. 1-4, 1993-2004), եւ այլ գիրքերու։

Ստեղծագործութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Երկիր Նայիրի, կաստատ (երաժշտական) (Նիւ Եորք 1988)
  • Լուռ Ցաւեր, գրական քանդակներ, պատմուածքներ, հրապարակախօսութիւններ (Երեւան 1990)
  • Այս Ես Եմ, երեք հատոր (Լոս Անճելըս 1992): Ա. հատոր Գրական գործեր, դիմանկարներ. Բ. հատոր Երաժշտական, Քննադատական, Հրապարակախօսական յօդուածներ. Գ. հատոր.

Հենրիկ Անասեանի 35-ամեայ գործունէութեան գնահատականը՝ բազմաթիւ մտաւորականներու, արուեստագէտներու գնահատմամբ։

Հենրիկ Անասեան կը մշակէ մարդկայնական գրականութիւն մը։ Գիտէ իր պատմուածքները շահեկան դարձնել նորանոր յղացումներով նուրբ հեգնանքով եւ զգացումով վերակենդացնելով դէպքերը[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ էջ 697-698։