Jump to content

Հարոլտ Ուիլիամս

Հարոլտ Ուիլիամս
անգլերէն՝ Harold Williams
Ծնած է 6 Ապրիլ 1876(1876-04-06)[1][2]
Ծննդավայր Օքլենտ, Նոր Զելանտա
Մահացած է 18 Նոյեմբեր 1928(1928-11-18)[1][2] (52 տարեկանին)
Մահուան վայր Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն
Քաղաքացիութիւն  Նոր Զելանտա
Ուսումնավայր Timaru Boys' High School?Կատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Լուտվիկ-Մաքսիմիլիան Համալսարան, ՄիւնիխԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Ազդուած է Լեւ Թոլսթոյ
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, լրագրող, հրապարակախօս
Ամուսին Արիադնա Տիրկովա-Ուիլյամս?

Հարոլտ Ուիթմոր Ուիլիամս ծնած է Նոր Զելանտայի Օքլենտ քաղաքը: Ան  «Թայմզ» թերթի արտասահմանեան խմբագիրն էր եւ բազմալեզու: Հարոլտ կը նկատուէր պատմութեան ամէնէն յաջող բազմալեզուեաններէն մէկը, որ կը խօսէր 58 լեզու:

Ան կրնար խօսիլ Աւստրիական կայսրութեան բոլոր լեզուները եւ որոշ հին լեզուներ, ինչպիսիք են` հին յունարէնը, եգիպտերէնը, ղպտերէնը եւ խեթերէնը:

Հարոլտին հայրը քահանայ էր. անոր սորվեցուցած է կարդալ դասական գրողները:

Եօթը տարեկանին հասկցած է, որ լատիներէն սորվելու հսկայական կարողութիւն ունի: Գործածելով Աստուածաշունչը` ան կառուցած է տոպու բառապաշարն ու քերականութիւնը, լեզու մը, որ կը խօսէին Նոր Կինէայի մէջ տակաւին դպրոցական տարիքին: Հետագային ան հաւաքած Նիուէ կղզիի բարբառին բառապաշարը:

Հարոլտ իր խօսած լեզուներուն մեծ մասը ինքնազարգացումով սորված էր: Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Հարոլտ կրցած է կարդալ Աստուածաշունչի հրատարակութիւնները 26 լեզուներով[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  3. «Հարոլտ Ուիթմոր Ուիլիամս»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-01-23-ին։ արտագրուած է՝ 2023-11-10