Jump to content

Հայ Եւ Արաբ ժողովուրդներու Բարեկամութեան Յուշարձան

40°09′48″N 44°28′34″E / 40.1633°N 44.4761°E / 40.1633; 44.4761

Հայ Եւ Արաբ ժողովուրդներու Բարեկամութեան Յուշարձան
'
Հայ Եւ Արաբ ժողովուրդներու Բարեկամութեան Յուշարձանը գտնվում է Հայաստանում
Հայ Եւ Արաբ ժողովուրդներու Բարեկամութեան Յուշարձան
Կը Գտնուի Հայաստան Հայաստան Երեւան
Շինութեան ձեւ Յուշարձան
Ներկայ վիճակ Կանգուն

Հայ Եւ Արաբ ժողովուրդներու Բարեկամութեան Յուշարձան, Հայ-արաբական բարեկամութեան յուշարձան, Երաշխտիքի յուշարձան, Սուրիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի արաբ ժողովուրդին՝ Մեծ Եղեռնէն փրկուածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար հայ համայնքներու եւ հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը խորհրդանշող յուշարձան Երեւանին մէջ՝ Երեւանեան լիճի ափին[1]:

Յուշարձան կառուցելու նախաձեռնութեան հեղինակը Դամասկոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարուժան Սալաթեանն է: Յուշարձանը արաբական երկիրներու հայ համայնքներու եւ համայն հայութեան երախտագիտութեան արտայայտութիւնն է Սուրիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի արաբական աշխարհին, որ օգնութիւն ցուցաբերած է Մեծ Եղեռնէն փրկուածներուն[2]: Յուշարձանի նախագիծին համար 1998-ին մրցոյթ յայտարարուած է, որուն մասնակցելու թոյլտուութիւն պէտք է տրուէր միայն սփիւռքահայ եւ տարածաշրջանի արաբական երկիրները ներկայացնող ճարտարապետներուն: Յուշարձանի նախագիծը իրականացնելէն որոշ դժուարութիւններ ծագած են, մասնաւորապէս արձանի համար նախատեսուած տարածքը կը մտնէր ԱՄՆ-ի դեսպանատանը տրամադրուելիք տարածքին մէջ։ Յուշարձանը կառուցելու համար Երեւանի քաղաքապետարանը քիչ հեռու՝ Ծովակալ Իսակովի պողոտայի վրայ Երեւանեան լիճի ափին մօտ 400 քմ չափով նոր տարածք տրամադրեց, որ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի աշխատակազմի տեղեկացմամբ՝ Դեկտեմբեր 2006-ին անհատոյց օգտագործման իրաւունքով տրուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ: Շինարարական աշխատանքները վերսկսած են 2006-ին, աւարտած՝ 2009-ին: Պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է միայն 2012-ի աշնանը:

Յուշարձանը կառուցուած է Արմաւիրի տուֆէ: Մէկ ամբողջութիւն կազմող յուշարձանը բաղկացած է առանձին-առանձին երեք մասէ` արծիւ, բուրգ եւ Սուրիոյ տարածքի պատկերը: Արծիւը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ուժը, կամքն ու ոգիի հզօրութիւնը եւ կը հսկէ անոր անցեալ, ներկայ ու ապագայ պատմութիւնը: Միւս վեր ձգուած ծաւալը կը խորհրդանշէ Հայոց Եղեռնէն հայ ժողովուրդի վերածնունդը, երրորդ՝ Սուրիոյ քարտէսի տեսք ունեցող ծաւալը կը խորհրդանշէ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը[1]:

Յուշարձանի կառուցման աջակցած են հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ աւելի քան 200 բարերարներ Սուրիայէն[3], Ֆրանսայէն, Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն եւ այլն[1]:

Հայ-արաբական բարեկամութեան յուշարձանի հեղինակները Մկրտչեան եղբայրներն են՝ Սերկէյ Մկրտչեանը (մահացած է 2002-ին), քանդակագործ Սմբատ եւ Ռաֆիկ Մկրտչեաններն ու ճարտարապետ Լեւոն Մկրտչեանը[1]: Մկրտչեան եղբայրները Սուրիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալած են 1994-էն, երբ կերտած են են Հալէպի «40 Մանուկ» եկեղեցւոյ զարդաքանդակները: Անոնք Հալէպի մէջ կատարած են տարբեր աշխատանքներ, ինչպէս՝ եկեղեցիներու պատերի հարթաքանդակներ, խաչքարերու եւ արձաններու պատրաստում, մասնաւորապէս՝ երկրի նախագահի արձանի:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]