Jump to content

Հայր Սահակ Կոգեան

Սահակ Կոգեան
Ծնած է 28 Փետրուար, 1895
Ծննդավայր Ախալցխա
Մահացած է 1 Ապրիլ, 1963
Կրօնք Քրիստոնեայ
Կարողութիւն 12 լեզուներ տիրապետել.
Մասնագիտութիւն Եպիսկոպոս, գրագէտ.

Հայր Սահակ Կոգեան (28 Փետրուար 1895, Ախալցխա - 1 Ապրիլ 1963, Հռոմ[1]), եպիսկոպոս, գրագէտ։

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ իր ծննդավայրին մէջ։ Կը սորվի հայերէնի կողքին ռուսերէն եւ վրացերէն: 1906-ին կու գայ Վիեննա: Մխիթարեաններու մօտ կ'առնէ իր բարձրագոյն դաստիարակութիւնը եւ ուսումը։ Վիեննայի պետական համալսարանէն կը վկայուի՝ Աստուածաբանութեան Տոքդոր։ Մխիթարեան վարդապետ կը ձեռնադրուի 1921-ին։

Մայր վանքին մէջ զանազան պաշտօններ ձեռնհասօրէն վարելէ ետք, կ'առաքուի 1927-ին Պուլկարիա: Կը հիմնէ յաջորդ տարին Պլովդիւ՝ հայաշատ քաղաքին մէջ Մխիթարեան Վարժարան։ Կը վարէ երեք տարի անոր տնօրէնութիւնը։ 1930-ին կը կարգուի ռումանահայ գաղութին Առաքելական Կառավարիչ։ 1939-ին կը հրաժարի բարձր պաշտօնէն, ու կը մեկնի Պոսթըն, հիմնելու Մխիթարեան առաջին կայանը։ 1950-ին կ'օծուի Եպիսկոպոս, ու այդ «Թագուն Կանչը» կը դառնայ Քարտինալ Աղաճանեանին Փոխանորդը պատրիարքական։

Հռոմ կը մահուան 1 Ապրիլ 1963-ին։

Գիտէր 12 լեզու, եւ զանոնք կը գրէր ու կը խօսէր կատարելապէս։ Կը կոչուէր հռետոր։

Հրատարակած է տասնեակ մը հատորներ - բանասիրական, պատմական եւ ջատագովական, որոնցմէ մէկն է՝ «Մինչեւ Ցե՞րբ, Տէր, Մինչեւ Ցե՞րբ»:

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Անարատ Յղութեան Միաբանութիւնը եւ ապրիլ 24-ը` խոկումներ»։ www.archivioradiovaticana.va։ արտագրուած է՝ 2019-09-26 
  • Մինչեւ Ցե՞րբ, Տէր, Մինչեւ Ցե՞րբ, Սահակ Կոգեան, 1975: