Հայկ Մելիքեան

Հայկ Մելիքեան
Ծնած է 29 Նոյեմբեր 1980(1980-11-29) (43 տարեկան)
Ծննդավայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ուսումնավայր Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց
Մասնագիտութիւն դաշնակահար, երգահան
Կայքէջ haykmelikyan.com

Հայկ Մելիքեան (29 Նոյեմբեր 1980(1980-11-29), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ դաշնակահար։ Արցախցի բանաստեղծ Սոկրատ Խանեանի թոռը:

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մելիքեան ծնած է Երեւան։ Աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դաշնամուրային, ապա՝ ստեղծագործական բաժինը[1]:

«Concerto di Concerti» 20-րդ դարու եւ ժամանակակից երաժշտութեան միջազգային փառատօնի շրջանակներուն մէջ 2000 թուականին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած է անոր միջազգային բեմելը։ Բազմաթիւ միջազգային դաշնամուրային եւ երաժշտահանական մրցոյթներու դափնեկիր է։

Հայ եւ արտասահմանեան շատ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններուն առաջին կատարողն է, որոնցմէ շատերը մասնաւոր իրեն համար գրուած են:

2007 թուականէն անոր կատարումները թողարկուած են մենանուագային ալպոմներով, ինչպէս նաեւ զանազան երաժշտական հաւաքածոներու մէջ, այդ կարգին նաեւ դասական երաժշտութեան ամենահեղինակաւոր՝ «Naxos Grand Piano» ապրանքանիշին կողմէ:

Մելիքեան հանդէս եկած է Եւրոպայի, Ասիոյ, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու բազմաթիւ երկիրներու մէջ։

Դաշնակահար երաժշտահանի նախաձեռնութեամբ 2009 թուականին Երեւանի մէջ մեկնարկած է 1900+ նախագիծ-համերգաշարը՝ նուիրուած 20-րդ դարու եւ ժամանակակից համաշխարհային դաշնամուրային երաժշտութեան։

2013 թուականին ստացած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի կոչում[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «AV Production - Հայկ Մելիքեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-11-22-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-04 
  2. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-04