Հայկ Գասպարեան
| |
Ծնած է | 1912 |
Ծննդավայր | Սուտան |
Մահացած է | 1972 |
Մահուան վայր | Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | Լեզուագէտ եւ գրականագէտ |
Հայկ Գասպարեան (1912, Սուտան - 1972, Երեւան), լեզուագէտ եւ գրականագէտ։
Ծնած է Սուտան, 1912 թուականին։ Ան իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ Գահիրէի Պէրպէրեան վարժարանին մէջ։ 1944-1948 թուականներուն, որպէս ազատ ունկնդիր կը հետեւի Լոնտոնի Համալսարանի գրականութեան դասընթացքներուն։
1948 թուականին կը տեղափոխուի Երեւան, ուր կը սկսի տեղւոյն Օտար Լեզուներու Ինստուտիտի դասընթացքներուն, զոր կ՚աւարտէ 1952 թուականին։
1953-1955 թուականին, որպէս անգլերէն լեզուի դասախօս ան կը պաշտօնավարէ Երեւանի Փոլիտեխնիկական Ինստիտուտի մէջ։ 1956 թուականին կ՚անցնի Գիտութիւններու Ակադեմիա, ուր, նախ կ՚աշխատի Գրական Թանգարանին եւ ապա՝ Գրականութեան եւ Արուեստի ինտուտիտներուն մէջ։
Ակադեմայի մէջ Հ. Գասպարեան կը նուիրուի հայ-ֆրանսական գրական եւ մշակուկութային կապերու ուսումնասիրութեան։ Վիքթոր Հիւկօն Հայ Գրականութեան մէջ ուսումնասիրութեան համար կ՚արժանանայ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանին։ Վերոյիշեալ իր մենագրութիւնը կը հրատարակուի 1963 թուականին։
Սովետահայ գրական եւ գիտական մամուլին մէջ Հայկ Գասպարեան բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է, նուիրած՝ հայ-ֆրանսական մշակութային եւ գրական կապերու։ Կը մեռնի 1972 թուականին, Երեւան։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս , Հատոր Գ., Պէյրութ, 1972, էջ 319։