Հայկական Նուագարաններ

Հայկական նուագարաններ իւրայատուկ եւ գեղեցիկ հնչողութիւն ունեցող երաժշտական գործիքներ, որոնք ունին դարերու պատմութիւն։

Ազգային նուագարաններու դերը ժողովուրդներու երաժշտական մշակոյթին մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ է ազգային նուագարաններու դերը ժողովուրդներու երաժշտական մշակոյթին մէջ։ Ամէն ժողովուրդ ստեղծած է իր ինքնատիպ նուագարանները։ Աստիճանաբար, հարեւան ժողովուրդներու մշակույթներու փոխներգործութեան հետեւանքով, ժողովուրդի նուագարաններն անցած են միւսին, եւ ատոր համար ալ յաճախ միեւնույն նուագարանը կամ անոր տարատեսակը կը հանդիպինք տարբեր ժողովուրդներու մօտ։

Պեղումներ եւ նոր բացայայտումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գառնիի քարտէսը

Բազմաթիւ պեղումներէ յայտնաբերուած նիւթերը՝, ժայռերու, տապանաքարերու վրայի քանդականախշերը, միջնադարեան մանրանկարները, ինչպես նաեւ պատմիչներու վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ հին Հայաստանի մէջ օգտագործուած են բազմաթիւ ու բազմատեսակ նուագարաններ։ Գառնիի մէջ կատարուած պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած է ոսկորէ պատրաստուած սրինգ մը, որ կը վերագրուի մեր թուարկութենէն առաջ 2-րդ հազարամեակին։

Նուագարաններու տեսակները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոյութիւն ունին նուագարաններու երեք հիմնական տեսակներ` փողային, լարային եւ հարուածային։

Փողային նուագարաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական ժողովրդական փողային նուագարաններէն են՝ եղջերափողը, սրինգը ու շվին, սուսուկն ու բլուլը, պարկապզուկն ու պկուն, տուտուկն ու զուռնան։ Այս նուագարանները կը պատրաստուին փայտէ, եղէգէ, կենդանիներու կաշիէն, ոսկորներէ ու եղջիւրներէ եւ կը գործածուին տարբեր նպատակներով ու առիթներով։ Այսպես, հին ատեն գործածուած է որսի, նաւագնացութեան, պատերազմներու ժամանակ։ Սրինգն ու բլուլը հովուական գործիքներ են։ Մինչեւ հիմա ալ անոնց կարելի է հանդիպիլ լեռնային շրջաններու գիւղերու մէջ։ Սրինգով ու բլուլով կատարուող քնարական հարուստ մեղեդիները ուղեկցած են ոչխարի հօտին, անոնց կախարդական մեղմ հնչիւններով հովիւն իր շուրջը հաւաքած Է ցրիւ եղած անասուններուն, ազդարարած՝ տագնապ, ահազանգած՝ գայլերու մօտալուտ յարձակումը եւայլն։ Սրինգի ու բլուլի միջոցով հովիւն արտայայտած է նաեւ իր զգացմունքները` կարօտն ու վիշտը, սէրը։ Հովուական մեղեդիները ստացած են իրենց համապատասխան անունները` «Արօտի մեղեդի», «Հովիւի կանչը», «Գառներու պար», «Հովիւի վիշտը»։

Սրինգ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սրինգը Հայաստանի մէջ տարածուած է հեթանոսական ժամանակներէն: Հայերէնի մէջ սրինգ բառը լայնօրէն գործածուած է հին ժամանակներէն եւ յիշատակուած է նաեւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւններուն մէջ:

Առաջին գրաւոր վկայություններուն կը հանդիպինք 5-րդ դարու պատմիչներու աշխատութիւններուն մէջ: Կոմիտասն այդ անուանումը մասնաւորած է ժողովրդական բլուլին: Անոր կարծիքով՝ սրինգը հա ժողովուրդի տիպական ազգային նուագարանն է, եւ ինքը լաւապէս տիրապետած էր այդ նուագարանին:

Կոմիտաս

Սրինգը սնամէջ փող է՝ երկու կողմէն բաց: Կը պատրաստուի ոսկորէ, եղէգէ, փայտէ, մետաղէ, այսօր նաեւ ՝ տարբեր բլաստիք խողովակներէ: Փայտէ սրինգը կը հնչէ նուրբ ձայնով՝ քիչ մը խլացուած, մետաղէ սրինգի ձայնն աւելի սուր է եւ կտրուկ:

Ժամանակակից սրինգն ունի եօթ ձայնանցք երեսի մասին վրայ եւ մէկը՝ հակառակ կողմէն: Կը նուագեն թեք դիրքով (ըստ կատարողի յարմարութեան՝ աջակողմեան եւ ձախակողմեան):

Առաւելապէս մենակատարային նուագարան է, թէեւ կրնայ օգտագործուիլ նաեւ անսամբլներու մէջ: Սրինգով կը կատարուին նաեւ հովուական մեղեդիներ, երգեր եւ պարեղանակներ: Հայ երաժիշտները սրինգի համար գրած են նաեւ յատուկ ստեղծագործութիւններ («Մշակութային Վերածնունդ» էջէն):

  • Փարիզի համերգասրահներէն մէկուն մէջ միջազգային համաժողով է։ Ելոյթ կ'ունենան տարբեր երկիրներէ եկած երաժիշտներ եւ կը ներկայացնեն իրենց ազգային երգն ու նուագը։ Ահա բեմ կ'ելլէ Կոմիտասը, գրպանէն կը հանէ արտաքուստ ոչինչով աչքի ինկող փոքրիկ նուագարան մը եւ մօտեցնելով շրթներուն, կը սկսի նուագել։ Եւ դահլիճը աստիճանաբար կը լեցուի հեռաւոր Հայաստանի՝ ներկաներուն մինչեւ այդ պահը անյայտ հրաշալի գոյներով ու ձայներով... Պարզ ու համեստ այդ նուագարանը հայկական սրինգն էր։

Տուտուկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական փողային նուագարաններուն մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի տուտուկը։ Անոր ջերմ, գեղեցիկ ձայներանգին շնորհիւ տուտուկահարներու երգացանկին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն յատկապես քնարական մեղեդիները։ Տուտուկը անսամպլային նուագարան է, երկու դուդուկահարներէն մէկը կը վարէ հիմնական մեղեդին, իսկ միւսը՝ կը պահէ ձայնառութիւնը (դամը)։

Պարկապզուկ, զուռնա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զիլ եւ հնչող ձայնին շնորհիւ պարկապզուկն ու զուռնան դարձած են ժողովրդական բազմաթիւ տօնակատարութիւններու, լարախաղացներու ելոյթներու, հարսանիքի եւ այլ հանդիսութիւններու անբաժան ուղեկիցները։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լարային կսմիթաւոր նուագարաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լարային խմբի կսմիթաւոր նուագարաններէն են բամբիռը, տաւիղը, շեշթան, սազն ու թառը, քանոնն ու ուտը, իսկ աղեղնաւորներէն՝ քամանն ու քամանչան։ Լարային այս նուագարաններէն շատերով նուագած են հայ գուսանական արուեստի յայտնի ներկայացուցիչներ՝ Նաղաշ Յովնաթանն ու Սայաթ-Նովան, Ջիւանին ու Շերամը, Շիրինն ու Աշոտը եւ ուրիշներ։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փողային եւ լարային նուագարաններով կը կատարեն թէ՛ փոքր պարերգներ եւ թէ՛ ծաւալուն մեղեդիներ։

Հարուածային գործիքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տհոլ

Հարուածային գործիքներից են ծնծղան, դափը, նաղարան ու տհոլը, որոնք օգտագործուած են ինչպէս զանազան ծիսակատարություններու,այնպէս էլ ռազմերթերու ժամանակ։ Յատկապէս տարածուած են դափն ու Տհոլը։ Դափը կը պատրաստուի ձուկի, իսկ Տհոլը՝ ոչխարի կամ հորթի կաշիէն։ Ասոնք անսամպլային նուագարաններ են։ Տհոլը եռեակ կը կազմէ տուտուկի եւ զուռնայի հետ, իսկ դափը կը մտնէ լարային նուագարաններու անսամպլի մեջ։ Յաճախ դափ զարնողը նաեւ անսամպլի մեներգիչը կ'ըլլայ։