Հայկազեան Դպրոց (Թեհրան)
Հայկազեան Դպրոց | |
---|---|
Տեսակ | դպրոց |
Հիմնադրուած է | 1870 |
Երկիր | Իրան |
Տեղագրութիւն | Թեհրան |
Հասցէ | Թեհրանի Դարուազի Ղազուին թաղամաս |
Հայկազեան դպրոց, միջնակարգ, երկսեռ դպրոց։ Հիմնադրուած է 1870-ին, Թեհրանի Տարուազէ Ղազուին թաղամասին մէջ՝ արեւմտահայ մտաւորականներ Միքայէլ Մարգարեանի, Կարապետ Պազիրխանեանի եւ Յովսէփ Գասպարեանի նախաձեռնութեամբ։ Սկզբնական շրջանին գտնուած է եկեղեցւոյ բակին մէջ, 1884-ին կառուցուած է առանձին շէնք։ 1903-ին մասնաճիւղ բացուած է Հասանապատ թաղամասին մէջ։ Մինչեւ 1906-1907 թուականները եղած է արական, այնուհետեւ՝ երկսեռ։ 1932-1933 թուականներուն նախկին Նոր Ջուղայեցի, ապա Հնդկաստանի բնակիչ, բարերար Դաւիթ Դաւիթեանի նիւթական օժանդակութեամբ կառուցուած է այժմեան «Դաւիթեան» դպրոց նոր շէնքը, որ 1942-էն կոչուած է Քուշեշ Դաւիթեան։ Դասաւանդուած են հայոց լեզու եւ գրականութիւն, պատմութիւն, պարսկերէն, ֆրանսերէն եւ հանրակրթական այլ առարկաներ։ Ուսուցումը մինչեւ ազգային դպրոցներու փակումը (1936) եղած է հայերէն, վերաբացումէն ետք՝ պարսկերէն, իսկ հայերէնը ուսումնասիրուած է պետական ծրագիրէն դուրս՝ արտաժամեայ։