Jump to content

Հայաստանի Գինիի պատմութեան թանգարան

Հայաստանի Գինիի պատմութեան թանգարան, Սասունիկ գիւղ, Արագածոտն։  Հ․Հ․ տարածքին Գինիի պատմութեան առաջին թանգարանն է, ուր կը ներկայացուին հայկական գինեգործութեան 6000-ամեայ եւ այգեգործութեան 8000-ամեայ պատմութիւնը։ Գինիի թանգարանը հայերու անցեալի կենցաղին պատկերացումն է։  Ճարտարապետն է՝ Տիգրան Պօղոսեան։

Թանգարանի վայրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արագածի համայնապատկեր

Արագածի ստորոտը այգեգործութեան հնագոյն կեդրոններէն եղած է եւ այդ պատճառով ալ ընտրուած է իբրեւ թանգարանին վայր։  Արագածի տարածքին նկատելի են նախաքրիստոնէական յուշարձաններ, պիշապաքարեր, որոնք կը հսկէին լերան գագաթէն իջնող առուակներու ջուրերուն հոսքը դէպի այգիները։

Տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շէնքին կառուցում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանի շէնքին կառուցումը մօտ չորս տարի տեւած է: Ճարտարապետութիւնը յարիր է անոր մէջ ցուցադրուող նիւթերուն:

Գինիի պատմութեան թանգարանը ժայռերու մէջ փորուած ստորգետնեայ թանգարան է։  Կը նմանի փապուղիի մը։  Այցելուին կը հաղորդէ գինիի գաղափարին․ ամենայարգի գինիները կը պահուին մառաններու, քարայրներու եւ նման վայրերու մէջ:  Այդ պատճառով ալ տարածքը ընդհանրապէս պաղ է:

Թանգարանի հաւաքածոն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժայռակերտ սրահներուն մէջ կը ներկայացուին այգեգործութեան եւ գինեգործութեան գործիքներ, որոնք կը վկայեն թէ Հայաստանի տարածքին Ք․Ա․ 6-8րդ հազարամեակներէն խաղող կը մշակուէր։  Թանգարանին հաւաքածոները ձեռք բերուած են տարիներու ընթացքին, իսկ մէկ մասը փոխադրուած է Հայաստանի միւս թանգարաններէն (օրինակ՝ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարան․․․):

Ցուցադրուած առարկաները կը ցուցնեն հնագոյն ժամանակներու եւ մեր օրերու խաղողագործութեան տարածուածութիւնը՝ Արարատեան դաշտի, Վասպուրականի, Աղձնիքի, Փոքր Հայքի, Արցախի, Սիւնիքի եւ Հայաստանի այլ վայրերուն մէջ։  ԺԹ․ - Ի․ դարերու ընթացքին որոշ գաւառներու մէջ (Արցախ, Գողթն եւայլն) խաղողի որթերը կը բարձրանային մարդու հասակէն վեր՝ փայտեայ բարակ յենասիւն յարմարանքներու վրայ:

Հայաստանի մէջ գինեգործութեան զարգացման մասին կը վկայեն նաեւ յունազգի պատմիչ եւ զօրավար Քսենոֆոնի, պատմիչ Իրոտոթոսի (Հերոտոդոս) եւ փիլիսոփայ Ստրապոնի աշխատութիւնները։  Ուրիշ աղբիւրներ կը փաստեն, որ աշխարհի տարածքին եղած մօտաւորապէս 7000 խաղողի տեսակներէն շուրջ 2000-ը գտնուած են Հայաստանի մէջ:  Թանգարանին մէջ այցելուն այդ տեսակներու անուանումներուն կը ծանօթանայ, ինչպէս օրինակ՝ Ոսկեհատ, Գառան դմակ, Սեւ Արէնի, Կարմրահիւթ, Նռնենի, Ազատենի, Մսխալի, Մեղրաբոյր, Ներկառատ, Արարատ, Շահումեան, Անահիտ, Հայաստան, Սեւ Քիշմիշ, Նազելի եւայլն:

Թանգարանի նկարագրում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանին դուրսը, այցելուն կը դիմաւորէ սիւնազարդ հրապարակ մը։  Սիւներուն եզերքները զարդարուած են Արեւմտեան Հայաստանի Ախթամարի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ բարձաքանդակներու ճշգրիտ կրկնօրինակ աշխատանքներով:

Թանգարանի մուտքի դարպասը փայտեայ է եւ պատրաստուած է «Մհերի դռան» նախատիպով։

Մհերակերտ դարպասէն ներս, այցելուն դէմ հանդիման կու գայ հայկական խաղողի ամենահին (8000 տարուայ) ողկոյզին, որ յայտնաբերուած է Արմաւիրի Առատաշէն գիւղը։  

Երթուղիին կը յաջորդէ ուրարտական պալատը (ուրարտական շրջանին կը ծաղկի գինեգործութիւնը), ապա ցուցասրահը իր 10 բաժիններով. գինիի պատմութիւնը եւ անոր կիրարկութիւնը զանազան բնագաւառներէ ներս՝ բժշկական, առեւտրական, պալատական, հասարակութեան, մինչեւ կրօնքի մէջ։

Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ հայկական գինեգործութեան հետ կապուած իրեր։  Ինչպէս օրինակ աշխարհի հնագոյն հնձանը, 5500 տարեկան կաշիէ կօշիկը (գտնուած Արէնի հնագիտական վայրը, կը թուագրուի Ք․Ա․ 3600 – 3500 տարիներուն)

Թանգարանի վերի բաժինը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակակից ոճով կառուցուած ցուցասրահին վերի մասը կը ցուցադրուին Փարաճանովի «Նռան գոյնը» շարժանկարէն դուրս մնացած մասերը, իսկ շարժանկարին ձայները կը լսուին ամէն կողմէ:

Ապագայի ծրագիրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանը տակաւին ամբողջացած չէ։

Ծրագրուած է կառուցել հնագոյն հնձաններու տեսք ունեցող հնձան մը, որ տեղակայուած պիտի ըլլայ յարակից «Արմենիա Ուայն» գործարանի այգիներէն մէկուն մէջ։ Հոն այցելուն պիտի ճանչնայ գինի պատրաստելու ձեւը:

Թանգարանի բաժիններէն մէկուն մէջ նախատեսուած է ցուցադրել Մատենադարանէն տարուած ձեռագրեր, որոնց մէջ գինիի մասին կարեւոր յիշատակումներ կան՝ աւանդական դեղատոմսերէն մինչեւ գինիի իրաւարարութեան վերաբերող նիւթեր:

Ըստ թանգարանի տնօրէնին՝ Հայկ Գիւլամիրեան,  նախատեսուած է թանգարանին մէջ կազմակերպել գիտաժողովներ, ձեռնարկներ, ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ, համերգներ, միջազգային բնոյթով ձեռնարկներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան գինին եւ թանգարանը ամէն տեղ տարածել:

2022-էն սկսեալ թանգարանը կը ծրագրէ տարաձայնել հայկական գինին՝ իբրեւ ազգային արժէք։ Զարկ պիտի տրուի գինիի զբօսաշրջութեան, Հայաստանը դարձնելով տարածաշրջանի այդպիսի շրջապտոյտներէն մէկը:

[1] [2] [3] [4] [5]

Ազատ Օր․ 24-1-2022․ «Գինիի շքեղ մշակոյթը նոր թանգարանին մէջ», Անուշ Թրուանց

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]