Jump to content

Համրա փողոց

Մուտքը Ռենէ Մոուատ պարտէզին, Սփիրզ փողոցին վրայ, Համրա:

Համրա փողոց, (Արաբերէն՝ شارع الحمراء‎‎) այդ ոչ միայն ամէնէն գլխաւոր փողոցներէն մէկն է, Պէյրութ, Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ գլխաւոր տնտեսական եւ դիւանագիտական կեդրոնն ու նշանակէտն է: Համրա փողոցը կը գտնուի նոյն անունով կոչուած թաղակայքին մէջ՝ Համրա: Անոր գիտարուեստական անունն է՝ Փողոց 31: Շնորհիւ բազմաթիւ սրճարաններուն, բեմասրահներուն եւ թատերավայրերուն, Համրա փողոցը կը նկատուէր կեդրոնը Պէյրութի մտաւորական զբաղումներուն, 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն[1]: 1975 թուականէն առաջ, Համրա փողոցը եւ անոր շրջավայրը ճանչցուած էին որպէս Պէյրութի նոր եւ զարգացած շրջաններէն մէկը, սակայն Լիբանանի Քաղաքական Պատերազմէն ետք, ուրիշ շրջաններ, օրինակ՝ Մոնօ փողոցը՝ Աշրաֆիէի մէջ, Կուրաուտ փողոցը՝ Ժմէյզիի մէջ կամ Վերտուն փողոցը՝ Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ սկսան մրցակցիլ Համրա փողոցին հետ[2][3]:

1990-ական թուականներու կիսուն Պէյրութի քաղաքապետութիւնը կազմակերպեց միջոցառումներ, զբօսաշրջիկներ հրապուրելու նպատակով: Համրա փողոցը միշտ զբաղ է ամերիկացի, եւրոպացի եւ կամ հարուստ արաբ զբօսաշրջիկներով:[աղբիւրի կարիք ունի]

Այսօր Համրա փողոցը առեւտրական շրջան մըն է, ուր կը գտնուին պանդոկներ, հայթաթուած յարկաբաժիններ, գրադարաններ, ճաշարաններ, սրճարաններ եւ Լիբանանի բարձր մակարդակի համալսարանները, օրինակ՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարանը եւ Հայկազեան Համալսարանը:

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համրա փողոցը կը գտնուի արեւելք-արեւմուտք Պէյրութի կեդրոնը: Փողոցը կը սկսի Ռոմ փողոցի միջահատութենէն եւ կը շարունակուի դէպի արեւմուտք՝ մինչեւ միջահատութիւնը Սատաթ փողոցին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. [1] Archived January 22, 2008, at the Wayback Machine.
  2. New York Times
  3. «Hamra»։ Ikamalebanon.com։ արտագրուած է՝ 2012-02-11