Համբար Քէլիքեան
Համբար Քէլիքեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 17 Յունուար 1899 |
Ծննդավայր | Հաճըն, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 24 Յուլիս 1983 (84 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Շիքակօ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր |
Շիքակոյի համալսարան Rush University? |
Մասնագիտութիւն | վիրաբուժ |
Աշխատավայր | Նորթուեթըրն Համալսարան |
Համբար Քէլիքեան (Համբարձում Քէքլիքեան, 17 Յունուար 1899, Հաճըն, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 24 Յուլիս 1983, Շիքակօ), հայ վիրաբուժ բժիշկ, մասնագէտ ոսկրաբոյժ՝ ոսկրային կոտրուածքներու եւ վնասուածքներու[1][2]։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Հաճըն: 915-ին, Հայկական Ցեղասպանութեան առաջին շրջանին, ծնողքը տարագրուած եւ հասած է Հալէպ: Տարագրութեան օրերուն, Համբարին երեք քոյրերը սպաննուած են թուրքերու ձեռքով[3]:
Ան յաջողած է փախուստ տալ թրքական հետապնդումներէն, չէ միացած ծնողքին եւ հասած է Պոլիս ու անկէ ճամբայ ելած է դէպի Միացեալ Նահանգներ: Ամերիկա հասած է 1920-ին, գրպանը ունենալով միայն երկու տոլար եւ հետը ունենալով իր անունը կրող պզտիկ գորգ մը:
Շիքակօ հասնելէ ետք աշխատած է երկրագործի մը քով: Իր աշխատասիրութիւնը եւ նուիրուածութիւն մղած է երկրագործը, որ հոգատար վերաբերմունք ունենայ իրեն հանդէպ: Երկրագործը վիճակահանութենէն իր շահած նիւթական պարգեւը նուիրած է Համբարին, որպէսզի կարենայ երկրորդական դպրոց երթալ եւ ուսանիլ: Ան դպրոցի լուացարանին եւ ճաշարանին մէջ աշխատած է, հոգալու համար իր ապրուստը:
Ուսում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համբար մանկութենէն հրապուրուած է բժիշկ հօրեղբօրմով եւ երազած է ապագային դառնալ բժիշկ: Հօրեղբայրը 1915-էն առաջ ծառայած է Հաճընի թրքական զօրաբաժնին մէջ, իբրեւ բժիշկ: Քոլէճի մէջ ուսանելէ ետք, ուսանած է Շիքակոյի համլսարանի եւ «Rush Medical College»-ի մէջ, շնորհիւ համալսարանի տնօրէնի տրամադրած կրթաթոշակին:
Համբար բժիշկ վկայուած է «Cook County Hospital»-էն եւ 1929-ին նշանակուած է օգնական բժիշկ Ֆիլիփ Քրէօշրրի, որ կ’աշխատէր ոսկրաբուժ բժիշկ Ճոն Մըրֆիի հետ:
Ան մասնագիտացած է ոսկրաբուժութեան եւ ոսկրային հիւանդութիւններու վիրահատութեան մէջ:
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան Բ. Աշխարհամարտին ծառայած է Ամերիկեան բանակին մէջ, իբրեւ վիրաբուժ բժիշկ եւ մասնագէտ ոսկրային կոտրուածքներու եւ վնասուածքներու: Այդ տարիներուն, ան կատարած է ոսկրային հազարաւոր վիրահատումներ:
Պատերազմի աւարտին, վերադարձած է Շիքակօ եւ սկսած է աշխատիլ իբրեւ ոսկրաբուժ «Wesley Hospital» հիւանդանոցին մէջ:
Ան շուտով դարձած է նշանաւոր ոսկրաբուժ մը, մասնաւորաբար վնասուած ոտքի, ձեռքի եւ բազուկի վիրահատումներու եւ վերակառուցողական գործողութիւններու:
Քէլիքեան դարմանած է շատ մը ամերիկացի անձնաւորութիւններ: Նշանակալից է Ա․Մ․Ն․ Ծերասկոյտի ծերակուտական Պոպ Տոլի բուժումը: Ան դարձած է բժիշկ Համբար Քէլիքեանի շատ մտերիմ բարեկամը եւ անոր ընդմէջէն՝ ամբողջ ամերիկահայութեան եւ Հայ Դատին:
Բժիշկ Համբար Քէլիքեան մերժած է նիւթական վարձատրութիւն ստանալ այս երիտասարդ ամերիկացի վեթերանէն: Ան նաեւ նոյն կեցուածքը որդեգրած է բոլոր ամերիկացի վեթերան զինուորականներէն, որոնք իրեն դիմած են ոսկրային վնասուածքներու եւ կոտրուածքներու բուժումին համար: Ան այս մօտեցումը ունեցած է անոնց հանդէպ, ի յիշիտակ իր եղբօր՝ Սիրականին, որ սպաննուած էր Իտալիոյ մէջ, 1943-ին:
Բժիշկ Համբար Քէլիքեան 70-ական եւ 80-ական տարիներուն գործակցած է ծերակուտական Պոպ Տոլի հետ, ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Ան դարձած է ամբողջ Ամերիկայի համբաւաւոր ոսկրաբոյժը:
Ան 80 տարեկանին, կատարած է շաբաթական տասը ոսկրային մեծ վերականգնողական գործողութիւններ: Մասնագիտացած է նաեւ ոսկրային ընդոծին անբնական երեւոյթներու հիւանդութիւններու եւ անոնց վերկանգնումային գործողութիւններու մէջ:
Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրած է բժշկական երեք գիրքեր՝ ձեռքի, կրունկի եւ ոտքի վիրահատումներու մասին: Հրատարակած է 33 մասնագիտական յօդուածագրութիւններ:
Ան հեղինակն է «Poetry and the Armenian image» հատորին, որուն համար աշխատած է տարիներ:
Բժիշկ Քեքլիքեան վերլուծած է հայ բանաստեղծութիւնը՝ ներկայացնելով կարեւոր դէմքեր եւ անոնց քերթուածներէն որոշ նմոյշներ։ Ան սերտ յարաբերութիւն ունեցած է հայազգի բանաստեղծ եւ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանին հետ եւ անկէ ստացած է որոշ ուղղութիւններ իր հայկական գրական ստեղծագործութեան համար:
Քէլիքեան հաւատարիմ մնացած է իր արմատներու ուղիին: Պահած է սերտ յարաբերութիւն հայկական շրջապատին հետ: Ան մերժած է վարձատրութիւն ստանալ բոլոր հայ հիւանդներէն[4]: Ջատագովը հանդիսացած է Հայ Դատին:
Պարգեւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Սարգիսեանի ձեռամբ՝ Նիւ Եորքի մէջ, պարգեւատրուած է «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով[5]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Archived copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-05-11-ին։ արտագրուած է՝ 2010-08-24
- ↑ Breu Giovanna (8 October 1979)։ «Dr. Hampar Kelikian Is a Dear and Glorious Surgeon and, at 80, Still Among the Best»։ People Magazine (անգլերէն) 12 (15)
- ↑ Power Samantha (2013)։ A Problem From Hell America and the Age of Genocide. (անգլերէն)։ New York: Basic Books։ ISBN 978-0465050895
- ↑ Breu Giovanna (8 October 1979)։ «Dr. Hampar Kelikian Is a Dear and Glorious Surgeon and, at 80, Still Among the Best»։ People Magazine (անգլերէն) 12 (15)
- ↑ «Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Համբար Քէլիքեան (Համբարձում Քէքլիքեան)»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2023-05-19։ արտագրուած է՝ 2023-07-19
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Արմենեան, Կարօ, Ոչ եւս է հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, Ա․Մ․Ն․-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դատի առաջամարտիկ, պատերազմի հերոս՝ ծերակուտական Ռապըրթ Տոլ, «Հորիզոն» շաբաթաթեր, 6 դեկտեմբեր 2021:
- Տէր Խաչատուրեան, Արտաշէս, Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր, Տոքթ. Համբարձում Քեքլիքեան, «Poetry and the Armenian image», Part II, Ararat (N. Y. ), Vol. II, No 4 (Autumn 1961).