Համբարձում Երամեան
Համբարձում Երամեան | |
---|---|
Ծնած է | 1857 |
Ծննդավայր | Վան, Վանի էյալեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1929 |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան, մանկավարժ |
Համբարձում Երամեան, վաստակաւոր ուսուցիչ եւ հեղինակ, ծնած է Վան 1857-ին իսկ 20 Դեկտեմբեր 1929-ին ազգային յուղարկաւորութեամբ թաղուեցաւ հոն:
1868-ին ծաղիկ հիւանդութան բռնուելով կը կուրանայ. 1874էն սկսեալ Վանի երկու վարժարաններու մէջ կը դասախօսէ, իսկ 1882-ին կը հիմնէ Երամեան գիշերօթիկ ցերեկեայ վարժարանը եւ կը շարունակէ զայն մինչեւ 1915, կարող ուսուցչական կազմով մը եւ աշակերտներու թոշակով միայն:
Նոյն վարժարանը 1908-ին կը ճանչցուի իտատի. 1904-ին կատարած է իր վարժարանի 25 ամեակը, այդ արթիւ Երամեանի աշակերտները եւ կրթասէր ազգայիններ նոյն վաստակաւոր ուսուցիչին կը նուիրեն դպրոցական շէնք մը եւ բնակութեամբ տուն մը: Մկրտիչ Խրիմեան (կթղ.) եւ Օրմանեան պտրք. «Ուսուցչապետ» տիտղոսը կ’ընծայեն Յոբելեարին:
Երամեան երկիցս ուղեւորած է Ս. Էջմիածին 1886-ին, նաեւ Կովկաս, Պիզա, Վիեննա եւ 1913-ին ալ իբր պատգամաւոր Վանի՝ գրոց գիւտի 1500-ամեակին եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակին առթիւ, ուղեւորութիւնը շարունակելով կը հասնի Պոլիս, Զմիւռնիա իր վարժարանը Լիսէի աստիճանին բարձրացնելու մտահոգութեամբ. Համաշխարհային պատերազմը վրայ կը հասնի եւ ան կը ստիպուի մեկնիլ Եգիպտոս եւ կը վարէ Բոր-Սայիտի Սիսուան վարժարանի վերատեսչութիւնը եւ ապա Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան վարժարանի տեսչութիւնը, 1921-ին Երուսաղէմայ Ս. Յակոբ վանքը կ’այցելէ եւ ներկայ կ’ըլլայ Եղիշէ Ս. պատրիարք Դուրեանի ընտրութեանց:
Համբարձում Երամեանի արժէքաւոր գործն է Յուշարձան Վան Վասպուրականին տպ. Աղեքսանդրիոյ Արամ Ստեփանեանի տպարանին մէջ 1929 (2 հատոր): Երամեան վախճանած է Աղեքսանդրիոյ մէջ:
Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 67: