Jump to content

Համաշխարհային Զբօսաշրջային Կազմակերպութիւն

Համաշխարհային զբոսաշրջային կազմակերպութիւն

Միացեալ ազգերու համաշխարհային զբօսաշրջութեան կազմակերպութիւն, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գործակալութիւն: Անիկա զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ յառաջատար միջազգային կազմակերպութիւն է, որ կ'օժանդակէ զբօսաշրջութեան իբրեւ տնտեսական աճ, կը զարգանայ եւ շրջակայ միջավայրի կայունութիւնը ապահովող գործօն, եւ ամբողջ աշխարհին մէջ կ'աջակցի յառաջընթաց գիտութեան եւ զբօսաշրջային գործունէութեան: Կ'աջակցի նաեւ զբօսաշրջութեան բարոյագիտութեան համաշխարհային օրէնսգիրքի (Global Code of Ethics for Tourism)[1] ստեղծման, որպէսզի բարգաւաճէ զբօսաշրջութեան ներդրումը ընկերատնտեսական զարգացման մէջ՝ միաժամանակ նուազեցնելով անոր բացասական ազդեցութիւնը: ՀԶԿ-ն մտադիր է զբօսաշրջութիւնը առաջ տանիլ իբրեւ Միաւորուած ազգերու հազարամեակի զարգացման նպատակին հասնելու գործօն, որ կը նուազեցնէ աղքատութեան մակարդակը եւ կը նպաստէ կայուն զարգացման: ՀԶԿ-ն կ'օժանդակէ մրցունակ եւ կայուն զբօսաշրջութեան գործունէութեան, կը նպաստէ զբօսաշրջային կրթութեան եւ գործնական ուսուցման, եւ կ'աշխատի դարձնել զբօսաշրջութիւնը զարգացման կարեւոր գործօն՝ արհեստագիտական աջակցութիւն ցուցաբերելով աշխարհի շուրջ 100 երկիրներու մէջ։ ՀԶԿ-ին այժմ կ'անդամակցին 157 երկիրներ, 6 տարածաշրջան եւ մասնաճիւղերու շուրջ 500 անդամներ, որոնք կը ներկայացնեն մասնաւոր բաժինը, կրթական հաստատութիւնները, զբօսաշրջային միութիւնները եւ տեղական զբօսաշրջային իշխանութիւնները: ՀԶԿ-ի կենդրոնական գրասենեակը կը գտնուի Մատրիտի մէջ[2]:

Կազմակերպութեան նպատակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀԶԿ-ի նպատակն է՝ օժանդակել եւ զարգացնել կայուն զբօսաշրջութիւնը՝ նպաստելու համար տնտեսական զարգացմանը , միջազգային ըմբռնողութեանը, խաղաղութեանը, բարգաւաճութեանը, մարդկային իրաւունքներու հանդէպ ընդհանուր յարգանքին՝ անկախ ծագումէն, կրօնէն եւ սեռէն: Հետապնդելով այս նպատակները՝ ՀԶԿ-ն իւրայատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ զարգացող երկիրներու հետաքրքրութիւններուն[3]:

ՀԶԿ-ն հիմնադրուած է 1920-ին, երբ Հաագայի մէջ ձեւաւորեց Պաշտօնական զբօսաշրջային փոխադրամիջոցներու միութեան միջազգային համագումարը (International Congress of Official Tourist Traffic Associations (ICOTT)): Զբօսաշրջութեան հետազօտութիւններու տարեգիրքի հատորները որոշ յօդուածներ[4] կը պնդեն, որ ՀԶԿ-ն առաջացած է Պաշտօնական զբօսաշրջային հրապարակայնութեան կազմակերպութիւններու միջազգային միութենէն (International Union of Official Tourist Publicity Organizations (IUOTPO)), չնայած որ ՀԶԿ-ն կը հաւաստէ, որ Պաշտօնական զբօսաշրջային փոխադրամիջոցներու միութեան միջազգային համագումարը վերածուած է Պաշտօնական զբօսաշրջային հրապարակայնութեան կազմակերպութիւններու միջազգային միութեան միայն 1934 թուականին:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ՝ միջազգային ճանապարհորդութիւններու աճի պայմաններուն մէջ Պաշտօնական զբօսաշրջային հրապարակայնութեան կազմակերպութիւններու միջազգային միութիւնը վերածեց Պաշտօնական զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու միջազգային միութեան (Union of Official Travel Organizations (IUOTO)): Ըլլալով ոչ կառավարական կազմակերպութիւն՝ Պաշտօնական զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու միջազգային միութիւնը կազմուած էր ազգային զբօսաշրջային կազմակերպութիւններէն, արդիւնաբերական եւ սպառողական խումբերէն: Պաշտօնական զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու միջազգային միութեան նպատակն էր ոչ միայն զարգացնել զբօսաշրջութիւնը, այլեւ անոնցմէ օգուտ քաղել՝ զարգացնելով տնտեսութիւնը:

1960-ականներու վերջին Պաշտօնական զբօսաշրջային կազմակերպութիններու միջազգային միութիւնը գիտակեց իր գործունէութիւնը միջազգային մակարդակի վրայ դնելու կարեւորութիւնը: 1967 թուականին Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած 20-րդ համաժողովին մէջ յայտարարուեցաւ կազմակերպութեան միջազգային մակարդակի անցնելու եւ միջազգային այլ գործակալութիւններու, մասնաւորապէս ՄԱԿ-ի հետ համագործակցելու կարեւորութեան մասին: Պաշտօնական զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու միջազգային միութեան ամբողջ գործունէութեան ընթացքին մէջ կապեր կը հաստատեն ՄԱԿ-ի հետ, եւ նոյնիսկ առաջարկութիւն կար Պաշտօնական զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու միջազգային միութեան՝ ՄԱԿ-ի մաս դառնալու մասին: Սակայն հետագային որոշեց, որ ցանկացած միջազգային կառավարական կազմակերպութիւն պէտք է սերտ կապուած ըլլայ ՄԱԿ-ի հետ, սակայն պահպանի իր ինքնավարութիւնը[5]:

Միջկառավարական զբօսաշրջային նոր կազմակերպութեան ձեւաւորումը պայմանաւորուած էր ՄԱԿ-ի յանձնարարականով:

1970 թուականին Պաշտօնական զբոսաշրջային կազմակերպութիւններու միջազգային միութեան վեհաժողովի ընթացքին ձայներու մեծամասնութեամբ որոշեց ստեղծել ՀԶԿ-ը[6]: Ան սկսաւ աշխատանքի 1 Նոյեմբեր 1974-ին:

2003 թուականին տեղի ունեցած վեհաժողովին ՀԶԿ-ի ընդհանուր խորհուրդը եւ ՄԱԿ-ը համաձայնեցան ՀԶԿ-ն հաստատել իբրեւ ՄԱԿ-ի մասնագիտացած գործակալութիւն: Ըստ ՀԶԿ գերագոյն քարտուղար Ֆրանցիսքօ Ֆրանկիալիի՝ այս համագործակցութիւնը կարեւոր է անով, որ զբօսաշրջութիւնը այսուհետ հասարակութեան գործունէութեան այլ ոլորտներու հետ հաւասար մակարդակի վրայ կը դիտուի[7]:

2013-ին ՀԶԿ-ի անդամներու թիւին կը պատկանէին 156 պետութիւններ[8], 6 գործընկեր անդամներ (Պելժիոյ ֆլամինկախօս համայնք (1997), Բուերդօ Ռիքօ (2002), Արուբա (1987), Հոնկ Գոնկ (1999), Մակաօ (1981), Մատեիրա (1995))[9], եւ 2 դիտորդներ (Մայր Աթոռը (1979), Պաղեստին (1999)). 17 պետութիւններ տարբեր ժամանակներուն մէջ դուրս եկած են կազմակերպութենէն: Անոնք են Աւստրալիան, Պահամեան կղզիները, Պահրէյնը, Պելժիան, Գանատան, Գոսդա Ռիքան, Սալվատորը, Կրենատան, Հոնտուրասը, Քուէյթը, Մալազիան, Մեանմարը, Բանաման, Ֆիլիբինները, Քաթարը, Թայլանտը եւ Բուերդօ Ռիքօն: Անոնցմէ շատերը հետագային նորէն միացած են: Նախկին անդամներն են Պելժիան (մինչեւ 1997), Գանատան (մինչեւ 2012) [10], Կրենատան(մինչեւ 1997) եւ Լաթվիան (2005-2012)[11]: Կան նաեւ 400 մասնաճիւղերու անդամներ:

Գերագոյն քարտուղարներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
ՀԶԿ անդամները՝ ըստ տարածաշրջաններու
Անուն Պաշտօնի զբաղեցման տարիները
Ռոպերդ Լոնատի 1975–1985 թուական
Վիլիպալդ Պահր 1986–1989 թուական
Անդոնիօ Էնրիգէ Սավիգնակ 1990–1996 թուական
Ֆրանցիսքօ Ֆրանկիալի 1997–2009 թուական
Թալէպ Ռիֆայ 2010-էն մինչեւ այսօր

Վեհաժողովը ՀԶԿ-ի գլխաւոր հաւաքն է: Այն տեղի կ'ունենայ երկու տարին մէկ՝ հաստատելու ելեւմուտը եւ աշխատանքի ծրագիրը ու քննարկելու զբօսաշրջութեան ոլորտին վերեբերող կարեւոր հարցեր: Չորս տարին մէկ կ'ընտրուի գերագոյն քարտուղար: Վեհաժողովը կազմուած է Մշտական եւ ոչ մշտական անդամներէ: Լրացուցիչ անդամները եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու անդամները կը մասնակցին իբրեւ դիտորդ: Զբօսաշրջային բարոյագիտութեան համաշխարհային կոմիտէն Ընդհանուր վեհաժողովի օժանդակ մարմին է[12]։

Գործադիր խորհուրդ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գործադիր խորհուրդը ՀԶԿ-ի կառավարական խորհուրդն է: Ան պատասխանատու է կազմակերպութեան գործունէութենէն: Խորհուրդը կը հանդիպի երկու տարին մէկ եւ բաղկացած է անդամներէն, որոնք կ'ընտրուին Վեհաժողովի կողմէն[13]:

ՀԶԿ անդամներու մասնագիտացած կոմիտէները խորհուրդ կու տան կառավարման եւ ծրագիրներու բովանդակութեան մասին: Անոնք կը ներառեն ծրագիրներու, ելեւմուտի եւ ֆինանսներու, վիճակագրական տուեալներու եւ զբօսաշրջութեան արբանեկային հաշուի կոմիտէները, շուկայի եւ մրցունակութեան կոմիտէն, զբօսաշրջութեան կայուն զարգացման, զբօսաշրջութեան բարոյագիտութեան համաշխարհային կոմիտէները, աղքատութեան նուազեցման համաշխարհային կոմիտէն եւ լրացուցիչ անդամակցութեան դիմումներու վերանայման կոմիտէն[14]:

Քարտուղարական կազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարտուղարական կազմը կը ղեկավարէ գերագոյն քարտուղար Թալէպ Ռիֆայը, որ կը հսկէ լրիւ դրոյթով աշխատող մօտ 110 անհատներէ բաղկացած աշխատակազմը: Այս պաշտօնեաները կ'իրագործեն ՀԶԿ-ի աշխատանքային ծրագիրը: Մատրիտի գլխաւոր գրասենեակին մէջ լրացուցիչ անդամներուն կ'աջակցի լրիւ դրոյթով աշխատող գործադիր տնօրէնը: Քարտուղարական կազմը նաեւ կը ներառէ Ասիայի եւ Խաղաղ ովկիանոսեան տարածաշրջանի կրօնական աջակցութեան գրասենեակը, որ կը գտնուի Ճաբոնի Օսաքա քաղաքին մէջ։ ՀԶԿ-ի պաշտօնական լեզուներն են արաբերէնը, անգլերէնը, ֆրանսերէնը, ռուսերէնը եւ սպաներէնը[15]:

Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վիճակագրական տուեալներ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Global Code of Ethics for Tourism»։ http://ethics.unwto.org/։ World Tourism Organization։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 14 July 2017-ին։ արտագրուած է՝ 17 December 2014 
  2. «Where we are»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 15 March 2015-ին։ արտագրուած է՝ 20 January 2016 
  3. «Statutes of UNWTO»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-23-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-28 
  4. Jafari, Creation of the intergovernmental world tourism oration
  5. Jafari, Creation of the intergovernmental world tourism organization, 241
  6. «The Postal History of ICAO»։ http://www.icao.int/։ արտագրուած է՝ 17 December 2014 
  7. World Tourism Organization, WTO news, 2003, 3
  8. «Member States»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 15 July 2007-ին։ արտագրուած է՝ 20 January 2016 
  9. territories or groups of territories not responsible for their external relations but whose membership is approved by the state assuming responsibility for their external relations.
  10. Lizzy Davies։ «Canada quits UN tourism body over Mugabe appointment»։ the Guardian։ արտագրուած է՝ 20 January 2016 
  11. The Baltic Course - Балтийский курс։ «Saeima approves of Latvia's withdrawal from World Tourism Organization»։ The Baltic Course - Baltic States news & analytics։ արտագրուած է՝ 20 January 2016 
  12. «General Assembly»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2 March 2017-ին։ արտագրուած է՝ 20 January 2016 
  13. «Executive Council»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 18 February 2017-ին։ արտագրուած է՝ 20 January 2016 
  14. «Committees»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 12 February 2017-ին։ արտագրուած է՝ 20 January 2016 
  15. «Chinese to become official language of World Tourism Organization»։ Minsk: Belarusian Telegraph Agency։ 2012-12-12։ արտագրուած է՝ 2012-12-19