Jump to content

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, գրատարած։ 1931-ին Ճեմարանի մէջ բացուած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան տպարանը եւ միեւնոյն տարին սկսած է գործել։

Հրատարակչատան գործունէութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին հրատարակութիւնը կ'ըլլայ Ճեմարանի ծրագիր-կանոնագիրը։

Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան Ճեմարանի նիւթական դժուարութիւններուն դիմաց, եւ շարունակելու համար տպարանին գործունէութիւնը իր սեփականութիւնը կը դարձնէ կառոյցը, որ կը կոչուի «Յոյս»։

1944-ին լոյս կը տեսնէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան «Ակօս» հանդէսը, իսկ 1946-ին սկիզբ կ’առնէ Լեւոն Շանթի ամբողջական երկերու հրատարակութեան աշխատանքները։

1947-ին, Նիկոլ Աղբալեանի մահով եւ անոր կտակով՝ տպարանը կը դառնայ Համազգայինի սեփականութիւնը եւ «Համազգայինի Տպարան»։

1948-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գասպար Իփէկեան իր գրասենեակը կը հաստատէ տպարանի կողքին եւ Համազգայինի գործավար-քարտուղարի իր պաշտօնով կը սկսի գրախանութի եւ գրատարածի աշխատանքները կազմակերպել։ Նոյն տարին կը սկսի ընթերցանութեան գիրքերու, մանկապատանեկան գրականութեան, ինչպէս նաեւ կուսակցական, գաղափարական, յուշագրական եւ այլ գործերու հրատարակութեան աշխատանքները։

1965-ին տպարանը Վահէ Սէթեանի անձնական ներդրումով կ՛օժտուի արդիական կազմածներով։ Սէթեան Համազգայինի անուան ներքեւ կը ստանձնէ տպարանին յանձանձումը եւ ժամանակահատուածէ մը ետք տպարանը կը յանձնուի Համազգայինին եւ կ’որոշուի անուանել Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան։

1965-ին Երուանդ Մոնոֆարեան կը նշանակուի տպարանի տնօրէն, իսկ 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, տպարանը 1989-ին կը փոխադրուի Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» Կեդրոն։

1998-ին Յակոբ Հաւաթեան կը նշանակուի Համազգայինի տպարան-հրատարակչականի վարիչ տնօրէն։ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ յառաջացած խնամակալ մարմին մը մօտէն կը հետեւի հրատարակչական գործի ընդհանուր ընթացքին։

2003-ին Ֆրանսայի «Էմփրիմար» տպարանի կազմածները կ’ապահովուին եւ կառոյցը նորոգութեան կ’ենթարկուի։

Գրատարածը կը գործակցի տարբեր գաղութներու հետ եւ տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպէ միջդպրոցական բնոյթի նախաձեռնութիւններ։