Կիւլիզար

Կիւլիզար Տէր Կարապետեան, (1875, Մուշ - 1947, Պոլիս) պատմական դէմք։

Կինը գրող, ազգային գործիչ, լրագրող, Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան, ՀՅԴ անդամ՝ Մշոյ Գեղամի (1856-1918)։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մշեցի հայուհին որու առեւանգումը մեծ աղմուկ բարձրացուցած եւ միջազգային արձագանգ գտած է 19րդ դարու վերջին տասնամեակին։

1880ականներուն Մշոյ մէջ թալանը եւ առեւանգութիւնները տարածուած էին։ Այսպիսի թալանի մը ժամանակ, Մուսա Բէկը իր աւազակներուն հետ Ղարց գիւղին մէջ Յակոբին տունը յարձակելով, առեւանգած է տասնչորս տարեկան Կիւլիզարը։ Մուսա Բէկը, Կիւլիզարին արգիլելով հայերէն խօսիլ ու աղօթել, ամուսնացաուցած է իր եղբօրը հետ։

Իր խելացիութեամբ եւ ընտանիքին ու համայնքային աջակցութեամբ, Կիւլիզարը յաջողած է փախչիլ եւ դատի տուած է Մուսա Բէկը։

1889ին Օսմանեան մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ ընթացած դատավարութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է, անախ իր արդիւնքէն։ Դատարանը Մուսա Բէկը ազատ արձակելու որոշում կայացուցած է։

Դատավարութենէն ետք, 1892ին, Կիւլիզարը Մուսա Բէկին դէմ բացուած դատավարութիւններու աշխատանքներուն մասնակցող Գեղամ Տէր Կարապետեանին հետ ամուսնացած է։

1918ին, իր ամուսինին մահէն ետք, Կիւլիզարը ապրած է իր տղուն՝ Արամին հետ Պոլիս։ 1934-35ին իր աղջիկը՝ Արմենուհին տեսնելու Փարիզ գացած ու բոլոր յուշագրութիւնները անոր յանձնած է։ Կիւլիզարին պատմութիւնը իր աղջկան ջանքերով առաջին անգամ 1946ին Փարիզի մէջ, հայերէնով հրատարակուած է։ Իսկ 2015ին Արաս հրատարակչութեան (Պոլիս) կողմէ հրատարակուած է գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը, որուն կցուած է նաեւ իր թոռներուն՝ Անահիտ Տէր Մինասեանի եւ Գեղամ Գեւոնեանի յօդուածները։

Կիւլիզարը թաղուած է Պոլիս - Շիշլիի Հայ գերեզմանատան մէջ, ամուսնոյն՝ Գեղամ Տէր Կարապետեանի կողքին։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Կինը Մշակութային եւ Հասարակական Կեանքի Մէջ, Հրակատարակութիւն Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի, Պոլիս, 2023

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]