Jump to content

Կիզէի Սփինքսը

Գիզայի Մեծ Սֆինքսը

Մեծ սֆինքս կամ Կիզէի մեծ սֆինքս (արաբ.՝ أبو الهول, բառացի՝ «սարսափի հայր», յուն.՝ Σφίγξ (Սփինքս, Սփիգս), բառացի՝ «խեղդող»), Երկիրի վրայ պահպանուած ամէնէն հին ժայռաքանդակը, որ կը գտնուի Կիզէի մէջ, Նեղոս գետին արեւմտեան ափին։

Քանդակուած է միակտոր կրաքար ժայռէ՝ կոթողային սֆինքսի ձեւով եւ կը ներկայացնէ աւազներու վրայ պառկած առիւծ մը՝ մարդու գլուխով։ Ընդունուած է, որ անոր դէմքը կը նմանի Քեֆրէն փարաւոնին (Ք.Ա. շուրջ 2575-2465) դէմքին եւ կը գտնուի վերջինիս բուրգէն ոչ հեռու։

Արձանին երկայնքը 72 մ է, բարձրութիւնը՝ 20 մ, կզակէն մինչեւ գլխուն գագաթը՝ 9 մ։ Առջեւի թաթերուն միջեւ ժամանակին եղած է ոչ մեծ սրբատեղի մը։

Կ'ենթադրուի, թէ անոր շինութիւնը վերջացած է Ք.Ա. մօտաւորապէս երկու հազար հինգ հարիւր տարի առաջ:

Կը պակսի անոր քիթը, որ կոտրած է[1]:

Ներկայիս արձանը բաւական խորտակուած է. ան շատ հին է, եւ զինք շրջապատող աւազը քարը կը մաշեցնէ: Բազմաթիւ տարիներէ ի վեր մասնագէտները կանոնաւոր կերպով կը հանեն զայն ծածկող այս աւազը եւ կը փորձեն արձանը լաւ վիճակի մէջ պահել:

Անիկա Եգիպտոսի շատ նշանաւոր եւ կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկն է:

Նշանկութիւն եւ անուան ծագում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ Սֆինքսին դէմքը ուղղուած է դէպի Նեղոսն ու ծագող արեւուն կողմը։ Հին Արեւելքի գրեթէ բոլոր քաղաքակրթութիւններուն մէջ առիւծը համարուած է արեւու աստուած։

Հին ժամանակներէն ի վեր, փարաւոնը ներկայացուած է առիւծի տեսքով, որ կրնար կործանել բոլոր թշնամիները։ Այդ բոլորին լոյսին տակ Սֆինքսը կարելի է համարել իր շուրջը թաղուած բոլոր փարաւոններու յաւերժական հանգիստին հսկող պահապանը։

Մեծ Սֆինքսին անուանումը հին եգիպտերէնով անյայտ է[2]։

«Սֆինքս» բառը յունարէն է եւ բառացիօրէն կը թարգմանուի իբրեւ «խեղդող», ինչ որ ակնյայտ յղում կը կատարէ Սֆինքսի հանելուկի մասին նշանաւոր աւանդութեան։

Ծանոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մեծ սֆինքս
  2. Evan Hadingham (2010 թ․ փետրվար)։ «Uncovering Secrets of the Sphinx»։ Smithsonian Magazine