Եգիպտոսիբուրգերըփարաւոնները բուրգեր շինել տուած են զանոնք իբրեւ գերեզման գործածելու համար: Առաջին բուրգերը շինուած են 4600 տարի առաջ:
Այդ բուրգերը անոնց կարելիութիւն պիտի տային արագօրէն միանալու Րային` արեւու աստուծոյ: Ժամանակակից Եգիպտոսի մէջ գտնուող բուրգերուն մեծ մասը կառուցուած է Հին եւ Միջին թագաւորութիւններու շրջանին՝ իբրեւ Փարաւոններուն եւ իրենց կիներուն դամբարանը[1][2][3]։
Քարի կտորները յաճախ կրահողէ էին: Անոնք կը հանուէին քարահանքէ մը, ապա նաւով կը փոխադրուէին Նեղոս գետին վրայէն:
Աւելի քան 2 թոն կշռող այս քարերը փոխադրելու համար, գործաւորները կը գործածէին ծառի կոճղեր, որոնց վրայ կը դնէին քարերը, ապա զանոնք կը գլորէին: Եւ կամ զանոնք կը դնէին կառքի մը վրայ եւ աւազը կը խոնաւցնէին, որպէսզի կառքը աւելի դիւրութեամբ սահէր:
Սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ եգիպտացիները ինչպէս կը բարձրացնէին քարերը բուրգերուն գագաթը: Արդեօք անոնք բուրգին շուրջը դարձող բազրի՞ք մը կը զետեղէին, թէ՞ բազրիքը կը հաստատէին բուրգին վրայ` ուղղահայեաց: Ասիկա տակաւին մեծ գաղտնիք մը կը մնայ:
Հնաբանները տակաւին չեն հասկցած, թէ եգիպտացիները ինչպէս կրնային քաշել տանիլ բուրգերու հսկայական քարի կտորներն ու բազմաթիւ թոներ կշռող արձանները` անապատին ընդմէջէն: Պատասխանը եկած է Ք. Ա. 20-րդ եւ 19-րդ դարուն միջեւ ապրած, ընկերութեան մէջ բարձր դիրք ունեցող Ճէհութիոթէփի գերեզմանին պատերուն վրայ գտնուած գեղանկարչութենէ մը: Այդ նկարչութեան մէջ կան տարրեր, որոնք անոնց օգնած են բացատրութիւնը գտնել: Հնաբանները ուսումնասիրած են նկարչութիւն մը, ուր սահնակի մը վրայ կը նկատուէր հսկայական արձան մը: Նկարին մէջ խումբ մը մարդիկ կը պատրաստուին այդ արձանը քաշել: Սակայն ճիշդ սահնակին առջեւը մարդ մը ծռած է եւ կարծէք ջուր կը թափէ: Հնաբանները այս փորձը կատարած եւ անդրադարձած են, թէ ճիշդ քանակով ջուր թափելու պարագային, կարելի է քարը տեղափոխելու համար պէտք եղած ուժը կէսի իջեցնել[4]:
↑Ritter Michael (2003)։ «Dating the Pyramids»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 11 Մայիս 2008-ին։ արտագրուած է՝ 15 Մայիս 2008|url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)