Jump to content

Կենսանիւթերու եւ հանքայիններու պակասը

Կենսանիւթերու եւ հանքայիններու պակասը, որոշ սննդանիւթերու անբաւարարութիւն՝ մարմինին մէջ:

Որոշ սննդանիւթերու անբաւարարութիւնը մարմինին մէջ, կրնայ յանգեցնել հոգեկան տագնապի, քանի որ այդ սննդանիւթերը ուղղակի ազդեցութիւն ունին հոգեկան առողջութեան եւ տրամադրութեան վրայ:

  • Մարմինին մէջ զինկի պակասը կրնայ յանգեցնել տրամադրութեան անկումի, քնկոտութեան եւ յոգնածութեան,
  • Տէ. եւ Պէ. խումբի կենսանիւթերու պակասը կրնայ դիւրագրգռութիւն եւ հոգեկան տագնապ պատճառել:
  • Մակնեզիոմը, որ կ'օգնէ կարգաւորելու ընկճախտը, նոյնպէս անհրաժեշտ է հոգեբանական ինքնազգացողութիւնը պահպանելու համար:

Սննդաբանները կ'ընդգծեն, որ ժամանակակից կենսակերպը յաճախ պատճառ կը դառնայ կենսանիւթերու անբաւարարութեան զարգացման: Օրինակ` անհաւասարակշռուած սննդակարգը, ընկճախտը եւ միջավայրի բացասական ազդեցութիւնները կրնան յանգեցնել կենսանիւթերու եւ հանքայիններու անբաւարարութեան, եւ ազդել տրամադրութեան վրայ:

Կանխարգիլման միջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անբաւարարութիւնը կանխելու համար սննդաբանները խորհուրդ կու տան առաջին հերթին պահպանել բազմազան եւ հաւասարակշռուած սննդակարգը, անիկա պէտք է ներառէ` պտուղ, բանջարեղէն, ընկոյզ, աւկատանձ, ձիթապտուղի ձէթ, ձկնեղէն, մսեղէն, ձաւարեղէն[1]:

Մարզանքը, առողջ կենսակերպը, ծխախոտի եւ ոգելից ըմպելիներու չափաւորումը նոյնպէս կը բարելաւեն հոգեկան առողջութիւնն ու կեանքի որակը:[2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]