Jump to content

Ձիթապտուղի ձէթ

Ձիթապտուղի իւղը` ձէթը այն նիւթն է, զոր կարելի է ստանալ, երբ ձիթապտուղները կը ճզմեն յատուկ մեքենայի մը մէջ: Այդ իւղը միշտ ներկայ է Միջերկրականի շուրջ երկիրներու բոլոր ուտելիքներուն մէջ:

Ձիթապտուղը դարերու ընթացքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին ժամանակներէն արդէն ձիթենին կը համարուէր խաղաղութեան եւ իմաստութեան խորհրդանիշը: Փարաւոններու օրով մարդիկ ձէթը կը գործածէին վէրքերը իւղելու եւ հիւանդութիւնները բուժելու համար, ինչպէս նաեւ լոգանքէն ետք` իբրեւ անուշահոտ, կամ` մոմիաներուն մարմինները պատրաստելու համար:

Հին Յունաստանի մէջ մարզիկները ձէթ կը գործածէին  իրենց մկանները կակուղցնելու համար մարզանքէն առաջ:

Հետաքրքրական գիտելիքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Սպանիան աշխարհի ամէնէն շատ ձէթ արտադրող երկիրն է` իր 1.179.100 թոն արտադրութեամբ, որ կը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհի ձէթի արտադրութեան մօտաւորապէս 44 առ հարիւրը: Անոր կը հետեւին իտալիան` աշխարհի արտադրութեան 18 առ հարիւրը եւ Յունաստանը` 12 առ հարիւրը:
  • Յոյները տարեկան ամէնէն շատ ձէթ սպառողներն են: Միջին հաշուով անոնք տարեկան կը սպառեն 23 քիթր, սպանացիները` 14 լիթր, իտալացիները`12 լիթր[1]:
  • 6 քիլօ ձիթապտուղէն կարելի է ստանալ 1 լիթր ձէթ:
  • Ձէթը շատ օգտակար է առողջութեան համար: Անիկա կը նպաստէ ոսկորներուն ամրութեան, բորբոքումներուն դէմ կը պայքարի, կ'օգնէ յիշողութեան, մորթը կը փափուկցնէ, մազերը կը տափակցնէ, տեսողութիւնը կը պաշտպանէ եւ լինտերը կը պահպանէ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ձէթը` Միջերկրականի Ոսկին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-03-ին։ արտագրուած է՝ 2024-08-08 
  2. Ձիթապտուղի ձէթը