Հերիսա

Հերիսա

Հերիսայ, հայկական ազգային կերակուր։

Ցորենի, ձաւարի եւ հաւու, ոչխարի կամ տաւարի միսը ջուրով կ՛եփեն՝ փայտէ թիակով խառնելով, մինչեւ մածուցիկ զանգուած դառնայ։ Ուտելու ժամանակ վրան կը լեցնեն հալած իւղ (երբեմն՝ նաեւ համեմունք)։ Հին ժամանակ հերիսան կը դասուէր ծիսական եւ տօնական կերակուրներու շարքին։ Կը պատրաստէին հանդիսաւոր օրերուն (հարսանիք, ժողովրդական տօներ եւ այլն)։ Կաւէ կարասին թոնիրին մէջ ամբողջ գիշերը եփելէ յետոյ, կուտէին մեծ մասը կիրակի առաւօտեան։ Կը համարուի Հայաստանի ազգային ճաշատեսակներէն մին։

Աւանդապատումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, Խոր վիրապէն դուրս ելլելով, կու գայ Վաղարշապատ, վաթսուն օր շարունակ քարոզ կը կարդայ տեղի հեթանոս հայերուն, որոնք հետաքրքրութեամբ անոր կը լսեն։ Աղքատներուն ճաշ տալու միտումով, ան կը հրամայէ գիւղացիներուն շատ իւղ ու ոչխար բերել։ Երբ կը բերեն իւղն ու ոչխարը, Լուսաւորիչը մորթել կու տայ ոչխարները. մեծ-մեծ կաթսաներ կը դնեն կրակներու վրան, միսը կը լեցնեն մէջը եւ կորկոտն (ձաւարը) ալ վրան։ Այնուհետեւ ան կը հրամայէ հաստաբազուկ կտրիճներուն՝ խառնել կաթսայի մէջ եղած միսը, ըսելով՝ խառնեցէք զսա։ Այդտեղէն ալ կերակուրի անունը կը մնայ հերիսայ։ Հերիսան Մուսալեռցիներու համար պատմական անցեալ եւ խորհուրդ ունի։

Մուսա լեռան հեռոսամարտի ընթացքին, պաշարուած Մուսալեռցիները ցորեն ու այծի միս ունեցած են ու անորմով շինած են ապուր։ Հերիսան եղած է անոնց սնունդի միակ աղբիւրներէն․ կենսական եղած է անոնց գոյատեւման համար։