Jump to content

Խաշ

Խաշ
Ազրպէյճանական խոհանոց, Հայկական Խոհանոց, Վրացական Խոհանոց, Ossetian cuisine? եւ Իրանական խոհանոց?
Ենթատեսակ յանհնի? եւ ստյու?
Առաջացման երկիր Միջին Արեւելք

Խաշ, ջրիկ տաք ապուր։ Կ՛ուտեն միայն տաք։ Հայկական աւանդական ուտեստներէն մէկը, որ տարածուած է Կովկասի եւ Անդրկովկասի մէջ ու մեծ հաւանականութեամբ ունեցած է արարողական բնոյթ։ Ի սկզբանէ եղած է աղքատներու սնունդ։

Խաշ անուանումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Խաշ» անուանումը, ըստ ամենատարածուած վարկածին, առաջացած է հայերէն «խաշել» բառէն, նոյն բառէն առաջացած են նաեւ այլ կերակրատեսակներու անուանումները (խաշլամայ, խաշու, խաշիլ)։

Խաշի պատրաստման մէջ կ՛օգտագործուին տաւարի ոտքեր (ինչպէս նաեւ խոզի, ոչխարի կամ նոյնիսկ հաւի), փորոք, սխտոր, աղ եւ կանաչի։ Մասերը մաքրելէն եւ լուալէն ետք (Հայաստանի մէջ աւանդաբար կը դնեն 10-12 ժամով հոսող ջուրի տակ), այն կը խաշեն 6-8 ժամ։ Սխտորը, աղն ու կանաչին կը մատուցուին սեղանին՝ կերակուրը համեմելու նպատակով։

Խաշը աւանդաբար կ՛ուտեն առաւօտ շուտ՝ առատ կերուխումի յաջորդ օրը, մինչեւ նախաճաշը կամ անոր փոխարէն։ Ուտեստին հետ կը մատուցուի ճզմուած սխտոր, աղ, կտրտած բողկ։ Խաշը կ՛ուտեն լաւաշի, բողկի եւ տարբեր տեսակի կանաչիներու հետ։ Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ այն կ՛ուտեն ձեռքերով՝ նախապէս անոր մէջ բրդելով չոր լաւաշ։ Պնակը կը ծածկեն լաւաշով եւ ուտելու ընթացքին բանալով փոքրիկ անկիւն, լաւաշի կտորով կը հանեն կերակուրը։ Խաշ եփելու նախապատրաստական արարողութիւնը ընդհանրապէս կը սկսի երեկոյեան, որպէսզի առաւօտ շուտ պատրաստ ըլլայ եւ հրամցուի։ Աւանդաբար խաշը կ՛ուտեն տարուան ցուրտ եղանակին՝ ձմրան:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]