Jump to content

Կարապետ Տէր-Սահակեան


Ծնած է 1882
Ծննդավայր Մուշ
Մահացած է 1915, Մեծ Եղեռն
Մահուան վայր Անիֆա, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Գրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Եկեղեցական, Պատմաբան
Աշխատավայր Բազմավէպ

Հ. Կարապետ Վրդ. Տէր-Սահակեան (1882, Մուշ - 1915, Մեծ Եղեռնի զոհ) Հայ պատմաբան, բանասէր, բանաստեղծ եւ խմբագիր: Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ։

Վարդապետ ձեռնադրուած է 1901 թուականին:

Վանքին ու Մ. Ռափայէլեանի մէջ ուսուցչական պաշտօն վարելէ ետք՝ Ֆրիպուրկ կ'անցնի եւ Համալսարանէն Դպրութեանց պսակաւոր, կը դառնայ Ս. Ղազար, վարելով «Բազմավէպ»ի խմբագրութիւնը (1906-1908) եւ հրատարակելով գողտրիկ քերթուածներ եւ բանասիրականներ:

Ուսուցչական պաշտօնով 1914-ին կը մեկնի Տրապիզոն՝ մինչեւ տեղահանութեան տարին, բախտակից ըլլալով իր տարաբախտ կարգակից եղբօր՝ Սարեան Վ.ի:

  • Թէոդիկ, Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի, Արզուման հրատարակչատուն, Կ. Պոլիս, 1919, էջ 90