Jump to content

Կայծ (թերթ, Թիֆլիս)

Կայծ
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Ստեփան Շահումեան, Սուրէն Սպանդարեան, Սարգիս Կասեան
Հրատարակիչ Ա. Երզնկեան
Երկիր Թիֆլիս, Վրաստան

Կայծ, բոլշեւիկեան տնտեսական, քաղաքական եւ հասարակական եռօրեայ ագիտացիոն թերթ։

Համարուած է հայերէն առաջին պոլշեւիկեան լեգալ պարբերականը։ Լոյս տեսած է 1906 թուականին (47 համար), Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ստեփան Շահումեան, Սուրէն Սպանդարեան, Սարգիս Կասեան։ Պաշտօնական խմբագիր-հրատարակիչը համարուած է Ա. Երզնկեանը։ Լուսաբանած է բանուորական շարժումները Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ, ընթերցողներուն պարզաբանած է ռուսական առաջին յեղափոխութեան խնդիրները։ Տպագրած է նիւթեր կուսակցական կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին։

«Կայծ»-ին աշխատակցած են Յ. Յակոբեանը, Մ. Միրաքեանը, Մ. Խանոյեանը, Ռ. Դաշտոյեանը, Ա. Կարինեանը, Ա. Խումարեանը, Ա. Մռաւեանը, Մ. Մելիքեանը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։