Խորհրդանիշ

Խորհրդանիշ կամ խորհրդանշան (յուն․՝ simbole բառէն, որ կը նշանակէ նշան կամ երկու սկիզբներու միացում)՝ որեւէ առարկայի, անասունի կամ երեւոյթի պատկերը կամ նշանը, որուն միջոցով կը մատնանշուի այդ առարկային կամ երեւոյթին յատկանիշը. որոշակի հասկացութիւններու, գաղափարներու կամ երեւոյթներու պայմանական նշան։

Ընդհանուր բնութագրում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խորհրդանիշը ծածկագիր է, որ ստեղծուած է մարդկային կեանքի համընդհանուր կենսաբանական եւ հոգեբանական հիմքին վրայ, իբրեւ հոգեւոր հաղորդակցման միասնական պատկեր եւ կ'արտայայտուի պատկերաւոր ընկալման միջոցով։

Մարդու կողմէ ստեղծուած եւ ընդունուած խօսքային եւ ոչ խօսքային նշանները ժամանակի եւ տարածութեան մէջ կը կրեն այս կամ այն տեղեկոյթը, իսկ խորհրդանշանները իրենց պատկերին մէջ կը ներառեն մարդկութեան յիշողութիւնը, իմաստութիւնը։

Կրօնական Խորհրդանիշներ

Հինէն ի վեր խորհրդանիշը ստեղծուած է ոչ թէ տեղեկատուութեան, այլ հոգեւոր արժէքներ փոխանցելու համար։ Այդ արժէքները վաղնջական ժամանակներուն խորհրդանիշներու պատկերներով ծածկագրած էին, որոնք կը քօղարկուէին հասարակ մարդոց կողմէ, թէեւ քանի դեռ չկար գիրը, այդ բանաւոր եւ բարդ իմացաբանութիւնը իրապէս հասու չէր կրնար ըլլալ հաւասարապէս բոլորին, ուստի խորհրդանշանի խորքային իմաստին կը տիրապետէին իմաստունները, մոգերը, կրօնական, արքունական դասի մարդիկ, իսկ մնացած մասը զայն կ'ընկալէր միայն արտաքին յատկանիշներով։

Ներկայիս կարենալ «ընթերցել» խորհրդանիշը կը նշանակէ գաղտնազերծել այն հասկացութիւնը, որ դարերու ընթացքին ներծծուած է մարդոց բազմաթիւ սերունդներու յիշողութեամբ, զգացումներով եւ կենսափորձով։ Խորհրդանշանը կիմաստաւորուի եւ կը գոյատեւէ խմբային տեսադաշտին մէջ՝ մէկ խումբի, մէկ տոհմի, ազգի, պետութեան կամ աւելի ընդգրկուն հանրութեան համար։

Օրինակ գոյներու խորհրդակարգին մէջ սեւը Ճափոնի մէջ կը համարուէր ուրախութիւն, ամերիկեան հնդիկներու համար՝ գիշեր, օրուան կարմիր գոյնի հակադրութիւն, պուտտայականներուն համար՝ կապանքներ, չինացիներիու համար՝ հիւսիս, ձմեռ, քրիստոնեաներուն համար՝ վիշտ, ժխտում, եգիպտացիներուն համար՝ վերածնունդ, պտղաբերութիւն, հրեաներուն համար՝ հասկացողութիւն, արքայութիւն, հնդիկներուն համար՝ զգայական եւ դէպի վար ուղղուած շարժում, ժամանակ, մայաներուն համար՝ թշնամիի մահ, իսլամութեան մէջ՝ հատուցում։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ մշակոյթին մէջ «խորհրդանշան» հասկացութիւնը, ինչպէս յունական փիլիսոփայութեան մէջ, սկզբնական շրջանին գործածուած է նշանի իմաստով։

Հայ մատենագիտութեան կազմաւորման փուլին մէջ նշան կամ նշանակ բառը աւելի շատ ճանաչողական կամ տարբերանշանային գործառոյթ ունի, քան՝ իմացաբանական։

Խորհրդ-ա-նշան բառը ըստ լեզուական օրինաչափութիւններիուն կը համարուի նոր բառակապակցութիւն, որ ոսկեդարեան հայերէնին մէջ չէ օգտագործուած։ Իմաստային տեսակէտէն այդ բառը կ'արտայայտէ «symbol» հասկացութեան ընդհանրական իմաստը։ Եթէ նկատի ունենանք, որ խորհուրդը հայերէնին մէջ կը նշանակէ մտածողութիւն, միտք, ապա պարզ ընթերցանութեամբ խորհրդանշանը կը նշանակէ մտածողութեան, մiտքի նշան։

Իր բանական նշանակութեամբ խորհրդանշանը ժամանակի ընթացքին հետզհետէ մուտք կը գործէ հասարակական եւ պետական կեանքին մէջ՝ իբրեւ մարդոց, քաղաքներու միջեւ պայմանագիրեր կատարելու, արդարութիւնը պահպանելու միջոց, իսկ դատավարութիւններու ընթացքին ձեռք կը բերէ ապացոյցի, երաշխիքի, նոյնիսկ՝ երդման նշանակութիւն։ Հետագային ծագած է խորհրդանշանի՝ իբրեւ հաւաստիացման նշանի /անձնագիր, փողի դրոշմանիշ, մարմինի դաջուածք/ գործածութիւնը։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Գագիկ Մանասեան - Խորհրդանշանների հանրագիտարան, Երեւան, 2007 թ.։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]