Խորէն Տէր Յարութեան

Խորէն Տէր Յարութեան
Ծնած է 2 Ապրիլ 1909(1909-04-02)
Մահացած է 1991
Ստեղծագործութիւն(ներ) «Վերածնված Հայաստան» քանդակ? եւ Հայոց ցեղասպանության հուշարձան?
Մասնագիտութիւն քանդակագործ

Խորէն Տէր Յարութեան (2 Ապրիլ1909 - 1991), հայազգի աշխարհահռչակ քանդակագործ։ Արարած է ոչ միայն քանդակագործութեան, այլ նաեւ կրաֆիկայի եւ գեղանկարչութեան ասպարէզներուն մէջ։ Անոր ստեղծագործութեան ողջ հիւսուածքի միջով անցնող առանցքային թեմաներ կան. ընտանիք, մայրութիւն, ոճրագործութիւն, եղեռն, պատերազմ։

Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան (Ֆիլատելֆիա)

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1909-ին Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ նահանգի Աշոտաւան գիւղին մէջ։ 1921-ին հաստատուած է ԱՄՆ-ի մէջ, Մասաչուսեթս նահանգի Վուսթր քաղաքին մէջ։ Սորված է տեղի միջնակարգ, նաեւ Վուսթրի արուեստի թանգարանին կից գեղարուեստի դպրոցներուն մէջ։ 1930-ին մեկնած է Ժամայքա, եւ քանի մը տարի բնակած է այդտեղ։ Արեւադարձային պերճաշուք գունագեղութիւնը որոշիչ կը դառնայ Տէր-Յարութեանի արուեստի ձեւաւորման հարցին մէջ։

Նուաճումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խորէն Տէր-Յարութեանը ունեցած է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ (ԱՄՆ, Ճամայքա, Անգլիա, Շոտլանտիա, Իտալիա, Ֆրանսա), սկսած 1929-էն մասնակցած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող արուեստագէտներու հետ համատեղ ցուցահանդէսներուն (Մայոլ, Տեսպիօ, Փիքասօ, Կապօ, Լիբշից), արժանացած է տասնեակ մրցանակներու։ Անոր արուեստը ըստ արժանւոյն գնահատուած է արուեստի քննադատներու կողմէ, լայն արձագանգ գտած է ամերիկեան եւ այլ երկիրներու մամուլին մէջ։

Գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արուեստագէտը առաջին անգամ Հայաստան այցելած է1970-ին, Արտասահմանեան երկիրներու հետ բարեկամութեան եւ մշակութային կապերու հայկական ընկերութեան հրաւէրով։ Տէր-Յարութեանը Երեւանի արուեստասէր հասարակայնութեան ներկայացած է 1971-ին անհատական ցուցահանդէսով, որ բացուեցաւ Երեւանի նկարիչի տան մէջ։ 1983-ին արուեստագէտը իր գործերը կը տեղափոխէ Հայաստան. թիւով 90 քանդակ, 160 կրաֆիկական աշխատանք, 17 գեղանկար։ Անոր անհատական ցուցահանդէսը կը բացուի Հայաստանի ազգային պատկերասրահի Էջմիածինի մասնաճիւղին մէջ։ Այս բոլոր գործերը ան մեծ սիրով կը նուիրէ ՀԱՊ-ին, իսկ 1994-ին Էջմիածինի մասնաճիւղին մէջ կը բացուի Խորէն Տէր-Յարութեանի ստեղծագործութիւններու մշտական ցուցադրութիւնը։

Խորէն Տէր-Յարութեանը վախճանած է 1991-ին Նիւ Եորքի մէջ, դժբախտ պատահարի՝ ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով։

Խորէն Տէր-Յարութեանի Թանգարան
Վերածնուած Հայաստան

Ստեղծագործութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տէր-Յարութեանի ստեղծագործութիւնները կը գտնուին տարբեր թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ, մոնումէնտալ աշխատանքները տեղադրուած են ԱՄՆ-ի քանի մը քաղաքներու մէջ. «Փոքր Մհեր», «Գիւտարար» (Ֆիլատելֆիա), նաեւ Հայաստանի մէջ. «Վերածնուած Հայաստան»` Երեւան։ Լաւագոյն գործերէն են «Ցեղասպանութիւն», «Լեդան եւ կարապը», «Լեռներու մայրը», «Պտղաբերութիւն», «Ծովային թռչունը եւ ձուկը»։ Քանդակագործի ստեղծագործութիւնը շատ ինքնատիպ է եւ անհատական։ Այդ անհատականութիւնը կը բխի անոր արուեստի ազգային էութենէն, որ չի խանգարեր այն բնորոշել որպէս համամարդակային նշանակութիւն ունեցող արուեստ։ Իր շատ ձեռնարկումներուն մէջ ան ուղղորդուած է համաշխարհային ժառանգութեան աւանդոյթներով եւ լաւագոյն աշխատանքները այդ ժառանգութեան ժամանակակից հայեացքով ընկալման արդիւնքն է։ Ըմբռնելով հայ քանդակագործութեան ընդհանուր ոճը, փորձած է ստեղծագործել նոր ժամանակներու գաղափարական բնագիրներուն մէջ։

Ցուցադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տէր-Յարութեանի ամբողջական ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է պատկերասրահի Էջմիածինի մասնաճիւղին մէջ, որ այն ժամանակ կը զբաղեցնէր Գէորգեան ճեմարանի շէնքը։ Անկախութեան տարիներուն ճեմարանը եկեղեցւոյ վերադարձնելէն ետք թանգարանը տեղաւորուած է կինոթատրոնի շէնք, եւ այսօր բոլորովին ոչ այդ նպատակի համար նախատեսուած սրահին մէջ կը ցուցադրուի սփիւռքահայ արուեստագէտի աշխատանքներու, կարելի է ըսել, մէկ հինգերորդ մասը։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Khoren Der Harootian, sculptures, dessins, aquarelles, pastels։ 14 avril - 5 mai, 1971:
  • Յարութիւնեան Վ., Քարը հայերէն է խօսում, ՍԱ, 1965, համար 3.:
  • Պորէն Տէր-Յարութեան, կատալոգ, երեւան,1983:

Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]