Խորէն Մէյխանէճեան
| Խորէն Մէյխանէճեան | |
|---|---|
| Ծնած է | 1937 |
| Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
| Ուսումնավայր | Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան |
| Մասնագիտութիւն | երաժիշտ |
Խորէն Մէյխանէճեան (1937, Հալէպ, Սուրիա - 30 Ապրիլ 2025, Նիւ Եորք), հայ երաժիշտ։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1937-ին։ Ընտանիքին հետ Հայաստան տեղափոխուած է 1946-ին: Հայրը մահացած է, երբ ինք նոր պիտի ծնէր, ուստի չէ տեսած իր հայրը եւ տան միակ զաւակն էր:
Պզտիկ տարիքէն յաճախած է Սուրբ Էջմիածին մօր հետ, ինչ որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է մանուկ Խորէնին վրայ: Այդ ժամանակ որոշած է, որ հոգեւոր կրթութիւն պիտի ստանայ:
Մէյխանէճեան 1956-1960 թուականներուն յաճախած է Սուրբ Էջմիածինի Հոգեւոր ճեմարանը՝ հետեւելու համար աստուածաբանութեան, իմաստասիրութեան, հոգեբանութեան եւ արուեստներու: Ուսանողական տարիներու մէկ տարի երաժշտական անհատական դասընթացքներու հետեւած է (տեսութիւն, բազմազանութիւն եւ դաշնաւորում) Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան հռչակաւոր վարպետ եւ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութեան մասնագէտ. Ռոպերթ Աթայեանի քով։
Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանին մէջ իր դասընթացքներու աւարտէն ետք, Խորէն Մէյխանէճեան ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, ուր աշակերտած է Թաթուլ Ալթունեանի: 1965 թուականին ստացած է երաժշտական ղեկավարութեան եւ խմբերգային երգեցողութեան մագիստրոսի աստիճանը: 1961-էն սկսեալ, երկրորդ խմբավարը եղած է Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբին, զոր կը ղեկավարէր Յովհաննէս Չեքիճեանը։ Չեքիճեան, իբրեւ խմբավար եւ երաժիշտ, նոյնպէս մեծ ազդեցութիւն ձգած է անոր վրայ: Ակադեմական երգչախումբին հետ միասին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ համերգներ ունեցած են:
1975-1979-ին Մէյխանէճեան վերադարձած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, ուր ստացած է երկրորդ մագիստրոսի աստիճան մը, որպէս օփերայի եւ նուագախմբային ղեկավար:
Խորէն Մէյխանէճեան իր գործունէութեան երեք տարի նուիորած է Խորէնեան պատարագի երգչախմբային եւ երգեհոնի նուագակցութեան յօրինման: 1984 թուականին Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Սրբատառ կոնդակով պաշտօնապէս վաւերացուած է Խորէնեան Պատարագը եւ գործածութեան մէջ դրուած՝ հայ եկեղեցիներու մէջ[1][2]:
Բացի ասկէ, Մէյխանէճեան դաշնաւորած է ծիսական ուրիշ շարականներ եւ հրատարակած է յօդուածներ՝ երաժշտական մեթոտաբանութեան մասին: 1991 թուականին Մոսկուայի կառավարութիւնը անոր շնորհած է Գերազանց ուսուցչապետի երաժշտական տիտղոսը:
Խորէն Մէյխանէճեան ԱՄՆ ժամանած է Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի առաջարկով եւ իբրեւ առաքելութիւն որդեգրած է Սուրբ Պատարագի երգերու եւ շարականներու ճշգրիտ մեկնաբանութիւնը ուսուցանել Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի տարածքին[1]:
Խորէնեան պատարագը հրատարակուած է 1999 թուականին՝ Հայ Եկեղեցւոյ դպրաց դասերու ընկերակցութեան կողմէ, եւ լոյս տեսած է նաեւ Նիւ Եորքի մէջ:
2007 թուականին լոյս տեսած է Խորէն Մէյխանէճեանի ստեղծագործութիւններու ժողովածոն՝ «Կեանքիս երգերը» խորագրով: Անոր մէջ ընգրկուած են խմբերգներ, մշակումներ, հեղինակային երգեր, նաեւ՝ հոգեւոր եւ աշխարհիկ ստեղծագործութիւններ: Խորէն Մէյխանէճեանը հեղինակն է նաեւ Գէորգեան ճեմարանի օրհներգի երաժշտութեան[2]:
Մահացած է 30 Ապրիլ 2025-ին, Նիւ Եորքի մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 «Khoren Meikhanedjian – Institute of Armenian Sacred Music» (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2024-02-25-ին։ արտագրուած է՝ 2024-07-05
- ↑ 2,0 2,1 «40-ԱՄԵԱԿ՝ ԽՈՐԷՆԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2024-07-05